­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ ա­մէն տա­րի կազ­մա­կեր­պո­ւող ­Մա­յիս 1ի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը, այս տա­րի եւս, ընդգր­կե­ցին բազ­մա­զան ու բազ­մաբ­նոյթ ե­լոյթ­նե­րու շարք մը, որ ե­կան ամ­րապն­դե­լու ա­ւան­դա­կա­նօ­րէն ի­րա­գոր­ծո­ւող ե­լոյթ­նե­րը, որ­պէս քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կա­ռու­ցա­յին բնոյ­թի ամ­բող­ջու­թիւն մը, որ ժո­ղո­վուր­դը այն­քան մեծ սի­րով կը սպա­սէ ու կը մաս­նակ­ցի ան­վե­րա­պահ խան­դա­վա­ռու­թեամբ:
­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կէն տո­ղան­ցած են ա­նո­ւա­նի ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ՝ ի­րենց դրոշ­մը դնե­լով քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մշա­կու­թա­յին պատ­մու­թեան մէջ:
Այս տա­րո­ւան ե­լոյթ­նե­րը ընդգր­կե­ցին գիր­քի ու նկար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէս­ներ, ներ­կա­յա­ցում­ներ, հա­մերգ­ներ, ե­ւայլն: ­Կի­րա­կի՝ 5 ­Մա­յի­սի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8ին, օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րը կ­‘ընդգր­կէր ժո­ղովր­դա­յին պա­րե­րու ճոխ յայ­տա­գիր մը, ո­րու ծի­րէն ներս մաս­նակ­ցե­ցան մօտ 10 տար­բեր պա­րա­խում­բեր, ո­րոնց կար­գին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ պա­րե­լու ­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան պա­րի միա­ւո­րի «­Նա­նոր» միջ­նեկ­նե­րու պա­րա­խում­բը: Ե­լոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Նէա Զ­միռ­նիի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ զե­տե­ղո­ւած հսկա­յա­կան բե­մի ու բո­լոր յար­մա­րու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած վայ­րին մէջ: Ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ձեռ­նար­կը պա­տո­ւած էին քա­ղա­քա­պետ պրն. Ս­թաւ­րոս ­Ծու­լա­քիս, քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մշա­կու­թա­յին հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տու, փոխ-քա­ղա­քա­պետ պրն. ­Վան­կե­լիս ­Խա­չա­տու­րեան, քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ, մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­ներ եւ մեծ թի­ւով ժո­ղո­վուրդ: ­Ներ­կայ էր «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, «­Սօս-­Վա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղը, պա­րի միա­ւո­րը եւ սոյն ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պող Հ.Յ.Դ. ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէն եւ ա­նոր ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բը:
­Պա­րա­խում­բի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ե­լոյ­թին մաս կազ­մե­ցին ժո­ղովր­դա­յին 3 պա­րեր՝ «­Բա­բուր», «­Լոր­քէ» եւ «­Սա­սուն­ցի­նե­րու պա­րը»:
Ե­լոյ­թէն ա­ռաջ «­Հա­մազ­գա­յին»ի պա­րա­խում­բի, այ­լեւ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան, հա­յոց պատ­մու­թեան ու ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին յու­նա­րէն լե­զո­ւով գրու­թիւն մը կար­դաց պա­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րէն՝ ­Նեկ­տա­րիա ­Մի­խա­յի­լի­տու:
­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին:

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԹՂԹԱԿԻՑ