4-14 ­Յու­լի­սի ըն­թաց­քին, ­Յու­նաս­տա­նի Է­կիոն քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պա­րա­խում­բե­րու ­Հա­մաշ­խար­հա­յին 15րդ ­փա­ռա­տօ­նը, նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Է­կիո­նի «Իո­նէս» Մ­շա­կու­թա­յին միու­թեան։ ­Փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցե­ցան պա­րա­խում­բեր 10 եր­կիր­նե­րէ։
­Փա­ռա­տօ­նին հրա­ւի­րո­ւած էին մաս­նակ­ցե­լու «­Հա­մազ­գա­յին»ի պա­րա­խում­բե­րը։
Այս­պէս, «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բը՝ պա­րու­սու­ցու­թեամբ ընկ. Էտ­կար Է­կեա­նի եւ «­Նա­նօր» պա­րա­խում­բը՝ պա­րու­սու­ցու­թեամբ ընկ. Ան­նա ­Պօ­ղո­սեա­նի ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան ­Շա­բաթ՝ 13 ­Յու­լի­սին։
­Կէս ժամ տե­ւած ի­րենց յայ­տագ­րին մէջ, «­Հա­մազ­գա­յին»ի պա­րա­խում­բե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին ­Կար­միր նուր, ­Զուռ­նի դրին­կի, Ար­տա­շատ, ­Դա­ւիթ ­Բէկ, ­Գեր­ծի բա­բու­րի, ­Ծաղ­կա­ձոր եւ այլ պա­րեր։
Ա­ւե­լի քան 2000 ներ­կայ ե­ղած հան­դի­սա­տես­նե­րուն առ­ջեւ ներ­կա­յա­ցո­ւած պա­րե­րը ան­նա­խըն­թաց խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծե­ցին։
«­Հա­մազ­գա­յի­նի» պա­րող­նե­րը ար­ժա­նա­ցան ներ­կա­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու ջերմ գնա­հա­տան­քին, ո­րոնք յա­ջորդ տա­րի ալ պա­րա­խում­բե­րը հրա­ւի­րե­լու ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տե­ցին։

ԹՂԹԱԿԻՑ