­Հա­մազ­գա­յի­նի Ու­սա­նո­ղա­կան ­Հա­ւա­քի պա­տաս­խա­նա­տու Ա­րին ­Գա­լուս­տեա­նի հետ

0
276

ՄԱՐԻԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ՏԱՄԱՏԵԱՆ

­Հա­մազ­գա­յի­նի Ու­սա­նո­ղա­կան ­Հա­ւա­քը իր հիմ­նադ­րու­թեան եր­րորդ տաս­նա­մեա­կի շե­մին է. 2024-ին կը թե­ւա­կո­խէ 30-ա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան նոր տա­րեշր­ջա­նը։ ­Հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով իր ա­ռա­քե­լու­թեան՝ կը շա­րու­նա­կէ նպա­տա­կա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լել՝ պահ­պա­նե­լով ­Հայ­րե­նիք, Ար­ցախ, Ս­փիւռք ա­մուր եւ ան­բա­ժան կա­պը։ Այս տա­րի եւս, ­Յուլի­սին կը ծրագ­րո­ւի ի­րա­կա­նաց­նել Ու­սա­նո­ղա­կան ­Հա­ւաք՝ աշ­խար­հի տար­բեր ծայ­րե­րէն հայ ու­սա­նող­նե­րը հա­մախմ­բե­լով հայ­րե­նի­քի մէջ։ Մ­տեր­միկ եւ ան­մո­ռա­նա­լի պա­հե­րու մթնո­լոր­տին՝ լա­ւա­գոյն ա­ռի­թը պի­տի ըն­ձեռ­նո­ւի հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն բա­ցա­յայ­տե­լու ի­րենց հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը, մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու հայ մշա­կոյ­թի ար­ժէք­նե­րուն, ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեա­նը եւ ոչ միայն…
Այս հար­ցե­րու շուրջ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ­Պէյ­րու­թի գրա­սե­նեա­կի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Ու­սա­նո­ղա­կան ­Հա­ւա­քի պա­տաս­խա­նա­տու Ա­րին ­Գա­լուս­տեան՝ մեր հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին։

­Հա­մազ­գա­յի­նի Ու­սա­նո­ղա­կան ­Հա­ւա­քը ե՞րբ ծնունդ ա­ռած է եւ ո՞րն է ա­նոր հիմ­նա­կան նպա­տա­կը։

­Հա­մազ­գա­յի­նի Ու­սա­նո­ղա­կան Մ­շա­կու­թա­յին ­Հա­ւա­քը (­Ֆո­րու­մը) ծնունդ ա­ռաւ 1994-ին, ­Հա­մազ­գա­յի­նի Բ. Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին կող­մէ, ­Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ, ­Հա­յաս­տան: ­Հիմ­նա­կան նպա­տա­կը հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սա­նող­նե­րու կամր­ջումն էր: Այլ խօս­քով՝ ի մի հա­ւա­քել հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րը հայ­կա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ եւ տալ ա­նոնց՝ ան­ցեալն ու ներ­կան։ ­Նաեւ պատ­մու­թեան եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն հետ փո­խան­ցել մեր բարդ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, մշա­կոյ­թի ար­ժէք­նե­րուն հետ զա­նոնք պահ­պա­նե­լու մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը։ Ա­պա նաեւ՝ հայ ե­րի­տա­սար­դին դի­մագ­րա­ւած ըն­կե­րա­յին եւ ազ­գա­յին խնդիր­նե­րը եւ վեր­ջա­պէս հայ հա­մալ­սա­րա­կա­նին՝ հա­յու­թեան նկատ­մամբ իր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը ա­ւան­դել։

Ա­ռա­ջին հա­ւա­քը ո՞ւր տե­ղի ու­նե­ցաւ եւ ի՞նչ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ըն­ձե­ռեց մաս­նա­կից­նե­րուն։

1994-էն 2001, հա­ւա­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Լի­բա­նա­նի մէջ, իբ­րեւ Ս­փիւռ­քի հա­յա­շատ կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը: ­Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը այն մտա­ծու­մը ու­նե­ցան, որ սփիւռ­քա­հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կա­նը մօ­տէն ծա­նօ­թա­նայ հա­յա­շատ այս կեդ­րո­նին եւ տես­նէ ­Հա­մազ­գա­յի­նի կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: Ն­շան ­Փա­լան­ճեան ­Ճե­մա­րա­նը իր պատ­մա­կան կա­րե­ւո­րու­թեամբ եր­կու շաբ­թուան հա­մար կրթա­կան վայր մը ե­ղաւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րուն հա­մար: Այն­տեղ ­Շան­թի, Աղ­բա­լեա­նի, ­Վա­րու­ժա­նի, ­Սիա­ման­թո­յի, ­Կա­նա­չեա­նի, ­Զար­դա­րեա­նի կի­սանդ­րի­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, ու­սա­նող­նե­րը ան­ցեա­լը կամր­ջե­ցին ներ­կա­յին հետ: ­Լի­բա­նա­նի մէջ ու­սա­նող­նե­րը ա­մէն տա­րի այ­ցե­լե­ցին ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը եւ ­Վե­հա­փառ հօր հետ ու­նե­ցան ի­րենց շա­հե­կան զրոյց­նե­րը:

­Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­մախմ­բո­ւե­լով՝ ի՞նչ նոր փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ ձեռք կը բե­րեն ու­սա­նող­նե­րը։

2002-էն սկսեալ ­Հա­ւա­քը տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: ­Հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րը մօ­տէն կը ծա­նօ­թա­նան ­Հայ­րե­նի­քի կեան­քին: Կ­՚այ­ցե­լեն Էջ­միա­ծին, կը տես­նեն մշա­կու­թա­յին կո­թող­ներ, թան­գա­րան­նե­րը, ­Մա­տե­նա­դա­րա­նը եւ զա­նա­զան յու­շար­ձան­ներ: Ա­նոնք ներ­կայ կը գտնո­ւին մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րու:
Ս­փիւռ­քէն, թէ ­Հայ­րե­նի­քէն բազ­մա­թիւ ա­նո­ւա­նի դա­սա­խօս­ներ ու մաս­նա­գէտ­ներ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րեն ­Հա­ւա­քի կրթա­կան ծրագ­րին: ­Դա­սա­խօս­նե­րու նիւ­թե­րը կը կեդ­րո­նա­նան հա­յոց պատ­մու­թեան, գրա­կա­նու­թեան, մշա­կու­թա­յին գան­ձե­րու, հայ­կա­կան տոհ­միկ սո­վո­րու­թիւն­նե­րու, հայ­կա­կան եր­գի եւ թատ­րո­նի վրայ: ­Գոր­ծու­նէու­թեան մաս կը կազ­մեն հայ­կա­կան պա­րը, քան­դա­կա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ մա­մու­լի աշ­խա­տա­նոց­նե­րը: Ու­սա­նող­նե­րը ա­ռօ­րեայ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին կը հրա­տա­րա­կեն լրա­տու թեր­թիկ:
­Հա­ւա­քի ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր մէկ մա­սը կլոր-սե­ղա­նի շուրջ խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներն են, ուր այս ան­գամ ի­րենք՝ ու­սա­նող­նե­րը, հար­ցե­րը կը քննեն՝ ի­րաւ կամր­ջում մը ստեղ­ծե­լով Ս­փիւռ­քի տար­բեր շրջան­նե­րէն ե­կող­նե­րու եւ հա­յաս­տան­ցի ու­սա­նող­նե­րուն մի­ջեւ: ­Գա­ղա­փար­նե­րը գրի կ­՛առ­նուին եւ կը քննար­կո­ւին բո­լո­րին կող­մէ: ­Հա­ւա­քին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կ’աշ­խա­տին ըն­կե­րա­կան եւ հա­ճե­լի մթնո­լորտ ստեղ­ծել՝ քա­ջա­լե­րե­լով, որ աշ­խար­հի տար­բեր կող­մե­րէն ե­կած ե­րի­տա­սարդ­ներ սերտ կա­պեր հաս­տա­տեն ի­րա­րու հետ ու ան­մի­ջա­կան կեր­պով առն­չո­ւին հայ կեան­քին:

Այս տա­րի ե՞րբ կը սկսի ծրա­գի­րը եւ ի՞նչ են պայ­ման­նե­րը հա­ւա­քին մաս­նակ­ցիլ փա­փա­քող­նե­րուն հա­մար։

Այս տա­րո­ւան ծրա­գի­րը 7-19 ­Յու­լիս նա­խա­տե­սո­ւած է, կե­ցու­թեան վայ­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ` Եւ­րո­պա հիւ­րա­նոց, իսկ ­Գիւմ­րիի մէջ` Ա­րաքս հիւ­րա­նոց։ 17-24 տա­րե­կան բո­լոր հայ ու­սա­նող­նե­րը կրնան մաս­նակ­ցիլ, ար­ձա­նագ­րո­ւե­լով այս կա­պով` https://hamazkayinforum.org/register/ Մաս­նակ­ցու­թեան գինն է 1100 ամ. տո­լար (դէ­պի ­Հա­յաս­տան եր­թե­ւե­կու­թեան սա­կը նե­րա­ռեալ չէ)։
Ար­ձա­նագ­րու­թեան ժամ­կէ­տը ­Մա­յիս 2023-ի ա­ւարտն է։

Ի՞նչ ա­ռիթ­ներ կ­՚ըն­ձեռ­նո­ւի հայ ու­սա­նող­նե­րուն եւ ի՞նչ են ակն­կա­լիք­նե­րը։

­Հա­ւա­քը ներ­կա­յիս սքան­չե­լի ա­ռիթ մը կը հան­դի­սա­նայ զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րէ ու հայ­րե­նի­քէն ե­կած բազ­մա­թիւ ու­սա­նող­նե­րու՝ հան­դի­պե­լու ի­րա­րու, փո­խա­նա­կե­լու ի­րենց փոր­ձա­ռու­թիւն­ներն ու հմտու­թիւն­նե­րը, մշա­կե­լու անխ­զե­լի կա­պեր եւ վա­յե­լե­լու ան­մո­ռա­նա­լի մշա­կու­թա­յին պա­հեր:
­Կազ­մա­կեր­պիչ ­Յանձ­նա­խում­բը ի հար­կին նիւ­թա­կա­նով կ’օ­ժան­դա­կէ մաս­նակ­ցող ու­սա­նող­նե­րուն: ­Հա­ւա­քը նաեւ կը ստեղ­ծէ վա­րիչ­ներ պատ­րաս­տե­լու մի­ջա­վայր, ուր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տու ղե­կա­վա­րա­կան պաշ­տօն­ներ կը տրո­ւին:
­Դա­սա­խօ­սա­կան նիւ­թե­րը շատ յա­ճախ կը թարգ­մա­նո­ւին օ­տար լե­զու­նե­րու որ­պէս­զի ա­մէն մաս­նա­կից ծա­նօ­թա­նայ դա­սա­խօ­սու­թեան նիւ­թին:

­Նա­խորդ տա­րի­նե­րու մաս­նա­կից ու­սա­նող­նե­րուն ար­ձա­գան­գը ինչ­պի­սի՞ն էր։

­Յա­տուկ յի­շա­տակ մը կամ տպա­ւո­րու­թիւն մը կրնանք նկա­րագ­րել. մաս­նա­կից­նե­րը միշտ տա­տամ­սե­լով կ­՚ո­րո­շեն ար­ձա­նագ­րո­ւիլ, սա­կայն ար­դէն 2-3-րդ­ օ­րե­րէն մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը մաս­նակ­ցին հա­ւա­քի աշ­խա­տանք­նե­րուն, իսկ ա­ւար­տին չեն ու­զեր տուն վե­րա­դառ­նալ։ Ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րով կը բաժ­նո­ւին ի­րար­մէ՝ հաս­տա­տե­լով ցկեանս ըն­կե­րու­թիւն­ներ։

Անց­նող տա­րի­նե­րու հա­մե­մատ այս տա­րի ծրագ­րի մէջ ի՞նչ նո­րու­թիւն­ներ մտած են։

Ան­ցեա­լին Ար­ցա­խի ե­ռօ­րեայ պտոյ­տը մաս կը կազ­մէր մեր ծրագ­րին, սա­կայն 44-օ­րեայ ա­ղէ­տա­լի պա­տե­րազ­մէն ետք ծրագ­րի այդ բա­ժի­նը փո­խա­րի­նած ենք ­Գիւմ­րիի շրջապ­տոյ­տով։ ­Հիմ­նա­կան նո­րու­թիւ­նը այս է։

Ի՞նչ կը մաղ­թէք մաս­նակ­ցիլ փա­փա­քող­նե­րուն։

­Նախ իւ­րա­քան­չիւր հայ ու­սա­նո­ղի կը թե­լադ­րեմ ան­պայ­ման մաս­նակ­ցիլ ֆո­րու­մին, իսկ ա­նոնք ո­րոնք ար­դէն իսկ ո­րո­շած են եւ պի­տի մաս­նակ­ցին կը մաղ­թենք բա­րի ճամ­բոր­դու­թիւն եւ բա­րի վա­յե­լում։