Փետրուար ամսուն առաջին օրը, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս, տեղի ունեցաւ Համազգայինի աւանդական գաթայի կտրումը, միութեան բոլոր կառոյցներու ներկայութեամբ` Շրջանային Վարչութիւն, Ատիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղ, պարի միաւոր, երգչախումբ եւ թատերախումբ։
Բէմի տօնական զարդարանքը կը լրացնէր գեղեցիկ պատկեր մը։ Բեմայարդարութիւնը կատարուած էր «Սօս-Վանի» վարչութեան կողմէ պատրաստուած մանկական թատերականի յաջող ներկայացման առթիւ։ Մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկ. Լիլիթ Արզումանեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց մշակոյթի եւ միասնականութեան կարեւորութիւնը հայութեան համար, մանաւանդ այս դժուար օրերուն։ Ապա խօսքը առաւ Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, նկատելով որ մշակոյթը արժէք է եւ զէնք, որպէսզի իբրեւ ազգ սթափուինք եւ համախմբուինք նաեւ մեր Հայրենիքի կողքին։ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Յուլիանա Մանուկեան, ներկայացուց միութեան գործունէութիւնը եւ ապագայի ծրագիրները, ետ ձգելով համավարակի մթնոլորտը։ Ան անդրադարձաւ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ պարի միաւորին կողմէն կազմակերպուած յաջող ճաշկերոյթին ի նպաստ նոր տարազներու պատրաստութեան, որոնք պիտի գործածուին կեդրոնական պարային ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ 6 Մայիսին, ամերիկեան գոլեճին մէջ։
5 Մարտին, պիտի կատարուի միջոցառում՝ ձօնուած հայազգի Մարիքա Նինու երգչուհիի յիշատակին՝ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս։
Թատերախումբին կողմէն կը պատրաստուի մէկ արարանոց թատերախաղ, որ պիտի ներկայացուի յատուկ երեկոյի ոճով, այսինքն գինիի եւ խորտիկներու ընկերակցութեամբ։ Փորձերը արդէն սկսած են։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Մարիոս Իորտանու եւ Սոֆիա Գազանճեան հանրածանօթ դերասարաններու զոյգը, որ իրենց ներկայութեամբ սատարեցին հաւաքոյթի մթնոլորտին։ Հայազգի դերասանուհին յայտնեց իր խանդավառութիւնն ու յուզմունքը, որ կը գտնուի հայրենակիցներու հետ, ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Կողակիցը բացայայտեց իր սիրոյ յատուկ զգացումները հայերուն հանդէպ, ունենալով ինքն ալ ծագում Փոքր Ասիայէն, միշտ հպարտանալով իր կեանքի ընկեր, չքնաղ հայուհիին համար։ «Մենք ձեր կողքին ենք», ըսաւ։ Երկու դերասանները ցուցաբերեցին պատրաստակամութիւն նեցուկ կանգնելու միութեան գործունէութեան, նշանաբանով` «մշակոյթը ունինք, որ չմեռնինք իրականութենէն»։
Յաջորդաբար` շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկ քհնյ. Շահինեան փոխանցելով իր ողջոյնի խօսքը օրհնեց կարկանդակը։ Կտրելու համար հրաւիրուեցան վաստակաւոր ընկերուհիներ Երջանիկ Սոլաքեան եւ Մարի Տէտէյեան, որոնք կոչ ուղեց անդամներուն մասնակցիլ երգչախումբին։ Բախտաւորն էր ընկ. Գէորգ Կիւլիւմեան, ստանալով իբրեւ նուէր լրագրող Ալեքսանտրոս Փիղատասի գիրքը` «100 տարի Փոքր Ասիոյ աղէտէն. պատմական ուղի, գաղթականութիւն եւ յիշատակ»։ Երեկոն աւարտեցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, փոխադարձ մաղթանքներով։
Համազգայինի թղթակից`
Ժագ Տամատեան