«Համազգային»ի Ատիկէի «Սօս-Վանի» վարչութեան Կիրակի՝ 12 Մայիսին կազմակերպուած միօրեայ պտոյտը նոր էջ մը կը բանայ միութեան գործունէութեան դաշտին մէջ՝ տրուած ըլլալով, որ միութիւնը սովոր չէր անցեալին իր անդամներուն համար պտոյտներ կազմակերպելու:
Օրուան պտոյտի ծրագրին ու վայրի ծանօթութեան շուրջ բացատրութիւններ տուին «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի ատենապետ ընկ. Ժագ Տամատեան եւ վարչական անդամ ընկ. Լիլիթ Արզումանեան:
Պտոյտը տեղի ունեցաւ դէպի Պեղոպոնէզի Զախոլի Քորինթիաս պատմական գիւղը, որ կը յատկանշուի իր շքեղ բնութեամբ եւ պատմամշակութային արժէք ներկայացնող «Ս. Գէորգ — Այ. Եորղի» եկեղեցիով, որ ուղղակիօրէն կապուած է յոյն ժողովուրդի 1821ի օսմանեան լուծէն ազատագրման պատմութեան հետ: Այս եկեղեցին յատկանշուած է եւ կը ներգրաւէ այցելուներ, քանի ճարտարապետականօրէն կը տրամադրէ 17 բոլորաձեւ գմբէթներ, որ կառուցուած են շրջանի բնակիչներուն կողմէ 1811ին, 39 օրուան ընթացքին: Այս փութկոտութիւնը անոր համար, որ տեղացի օսմանցի աղան արտօնեց եկեղեցւոյ ու գմբէթներու շինութիւնը կարճ ժամանակի մէջ, այլապէս զայն մահմետական մզկիթի պիտի վերածէր զայն: 17 գմբէթները կը խորհրդանշեն Յիսուսի աշակերտները (12 հոգի) Յիսուսի աշակերտներէն 4 աւետարանիչները եւ 17րդը՝ ի՛նքը Յիսուսը:
Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ անոր ապրած միջավայրի անցեալի փորձառութեան եւ տուեալ վայրի սքանչելի բնութեան ներդաշնակ զուգորդութիւններու մասին չափազանց հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց եկեղեցւոյ կողմէ լիազօրուած պատմագէտ մը՝ տեղւոյն վրայ գոհացնելով նաեւ ներկաներու հարցումներու հետաքրքրութիւնները, ձեւական զարգացման ու գիտելիքներու ճոխացման սահմաններէն անդին անցնելով: Այդ եկեղեցւոյ մէջ, Յունաստանի ազատագրական պայքարի մեծագոյն հերոսներէն Քոլոքոթրոնին, իր հաւատարիմ զինակիցներուն հետ, ռազմագիտական ծրագրումի գաղտնի ժողովներ գումարած է, թուրքին դէմ իր հետագայ մարտավարական, ռազմավարական ու ռազմամթերքային քայլերը համադրելու նպատակով:
Կէսօրուան հաւաքական ճաշէն յետոյ, պտոյտին մասնակիցներուն առիթ տրուեցաւ շրջելու գետերով, ջրասէր սագերով, բադերով ու այլ հաւազգիներով լեզուն լիճերն ու անտառները: Ճաշի ընթացքին տարեդարձներ նշուեցան համեղ անուշեղէններ հրամցնելով պտոյտի մասնակիցներուն, որոնք շնորհաւորեցին մեր պարախումբի անդամ՝ սիրելի փոքրիկն Ռոզինան եւ անոր ծնողքը: Բայց գեղեցիկ բնավայրի հրաշագործ կառոյցները հոս չեն վերջանար: Այցելութիւն մը տրուեցաւ պատմական Մեթէորայի նմանակով կառուցուած, այժմ մայրապետներու լքուած վանքի վերածուած մատուռ-աղօթատեղիի մը, որուն կը տրուէր թաքստոց-ապաստարանի խորհրդանշական անուանումը, ուր հակա-օսմանեան հայդուկային հերոսական պայքարի ժամանակներուն, յոյն ապստամբներ ու յեղափոխական մարտիկներ, այդ վայրին մէջ, հովանի ու ապահով պատսպարան կը գտնէին եկեղեցւոյ նրբանցքներուն ու քարանձաւաներու քառանկիւն ու բոլորաձեւ գետնափոր նկուղներուն մէջ, իրենց պայքարը շարունակելու համար թուրք բռնագրաւիչի տիրակալութեան դէմ:
Յաջորդաբար փուլմանը ուղղուեցաւ Քսիլոքասթրօ ծովեզերեայ գեղատեսիլ ամարանոց-քաղաքը, երեկոյեան սուրճի մը համար, որմէ ետք վերադարձ Աթէնք, երեկոյեան ժամը 9ին, յաջորդ պտոյտի մը խոստումով ու ակնկալութեամբ:
***
Մեր այսօրուան թղթակցութեան նկարագրականը հոս կանգ չ’առներ սակայն, քանի հարկաւոր է պատճառաբանել սոյն թղթակցութեան խորագիրը պարզաբանող բնորոշումը, որ ուղղակիօրէն առնչուած է փուլմանի մէջ տիրող խանդավառութեան առընթեր, անոր ինքնաբուխ գեղարուեստական ու միաժամանակ՝ վարչութեան կողմէ նախապատրաստուած դաստիարակչական ծրագրին, ինչ որ մեծապէս նպաստեց այս նախաձեռնութեան մղում ու փայլ տուող ներքին մթնոլորտին: Այսպէս ուրեմն, խօսքով, զեկոյցներով, երգով, զուգերգով, խմբերգներով, արտասանութիւններով ելոյթներ ունեցան՝
— Փոքրիկներ Ռոզինա Տամատեան եւ Նաթալի Էքիզեան, որոնք միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա»ն եւ «Արդեօ՞ք ովքեր են» յեղափոխական յաղթերգը:
— Ընկ. Գէորգ Կիւլիւմեան արտասանեց երկու քերթուածներ՝ Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» եւ Համօ Սահեանի՝ «Հայաստան ասելիս»ը:
— Ընկ. Լիլիթ Արզումանեան արտասանեց Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» եւ Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը» քերթուածները: Այնուհետեւ՝ մեներգեց քանի մը երգեր:
— Ընկ. Արմիկ Պարազեան մեներգեց «Թռչէի մտքով տուն»ը, «Մախմուր աղջիկ»ը, «Սարի սիրուն եար»ը, «Ղարաբաղ»ը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական բանակումներուն նուիրուած երգ մը:
— Թագուհի Զամպաքճեան մեներգեց «Երեւանի գիշերները», «Շորոր»ը, «Պիտի գնամ վաղ թէ ուշ»ը եւ «Սրտէս այսքան տալով» երգերը:
— Նայիրի Գույումճեան երգեց «Գարուն-գարուն»ը, «Դու ինձ համար»ը, «Ճէյրանի պէս սարերով»ը:
— Ընկ. Ժագ Տամատեանը երգեց՝ «Ծաղիկներ-ծաղիկներ»ը:
— Ընկ. Սեւան Մանոյեանը երգեց՝ «Սէրս գաղտնի թող մնայ», «Օտար ամայի ճամբէքի վրայ», «Հովիւը սարում տխրեց-Հիմկալա» երգերը:
Յաջորդաբար կարգը եկաւ ազգային-յեղափոխական երգերուն, որ խմբովին երգուեցան բոլորին կողմէ, ինչպէս՝ «Պինկէօլ», «Կիլիկիա», «Հովիւը սարում տխրեց», «Հայաստան որ կ‘ապրիք դուք հեռուն», «Թիկունքդ լայն», «Ա՜խ, ֆետայիներ», «Սարտարապատ», «Նուպար-Նուպար», «Ծիծեռնարկ», «Վաղուց թէեւ իմ հայեացքը», «Արիւնոտ դրօշ», «Վէրքելով լի», «Չորրորդ գնդի հրամանատար քաջ Քեռի», «Պանք Օթոման», «Երեւան Էրէբունի» եւ տասնեակ այլ երգեր մինչեւ վերջին պահ անընդհատ խանդավառ պահելով ազգայնաշունչ մթնոլորտը:
— Ընկ. Յովսէփ Պարազեանէն խնդրուեցաւ խօսիլ Պեղոպոնէզի քաղաքներու մասին, ուր անցեալին ապրած են հայեր, կամ գործած են կազմակերպուած գաղութներ՝ Կորնթոս, Լութրաքի, Փաթրա, Փիրղոս Իլիաս, Քալամաթա եւ Մեղարա եւ անշուշտ, յաւելեալ, Կորնթոս շրջանի անցեալի պատմութեան ու ջրանցքի բացման աշխատանքներուն մասին, ուր աշխատած ու աշխատանքի ժամանակ մահացած են նաեւ մեծ թիւով պանդուխտ ու գաղթական հայ շինարար բանուորներ, որոնք Թուրքիայէն Յունաստան եկած են աշխատելու համար երկար տարիներու ընթացքին, ուր եւ Կորնթոսի ջրանցքի հարեւանութեամբ փոքրիկ եկեղեցի մը կառուցած են, որ երկար տարիներէ ի վեր այլեւս գոյութիւն չունի:
Ընկերը խօսեցաւ նաեւ Յունաստանի հին խորհրդարանի թանգարանին մէջ, հինէն ի վեր գտնուող Կիլիկիոյ Լեւոն Մեծագործ թագաւորի (1187-1219) սուրի գոյութեան մասին, որու նմանակով յոյն հանգուցեալ քանդակագործ Վասոս Քափանտայիս պատրաստեց Նէա Զմիռնիի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին (Զանգակ) վրայ խորհրդանշականօրէն ագուցուած սուրը: Պտոյտի վերադարձի պահուն տեղի ունեցաւ հայկական ընդհանուր հարուստ նիւթերով 20 հարցում-պատասխանի խաղը, որմէ՝ առաւելագոյն ճիշդ պատասխանները տուող ընկ. Ժագ Տամատեան ստացաւ Յունաստանի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Դեկտեմբեր 2018ի հրատարակութիւն՝ «Սիրային զրոյց Երեւանին հետ» գիրքը:
Տրուած ըլլալով՝ որ անցեալ Կիրակի օրուան պտոյտը կը զուգադիպէր «Մայրերու Օր»ուան տօնին, «Սօս-Վանի» վարչութիւնը պտոյտի մասնակից բոլոր մայրերուն նուիրեց մէկական փունջ ծաղիկ, ինչ որ հաղորդականօրէն գնահատուեցաւ աւելի քան 20 ծնողներու կողմէ:
Ժամադրութիւն՝ վարչութեան կազմակերպելիք յաջորդ պտոյտին, մինչ այդ՝ քաջալերեցէք ու արձանագրուեցէք դէպի Հայաստան ու Արցախ «Համազգային»ի կազմակերպած 10նօրեայ զբօսապտոյտին՝ 9-19 Օգոստոսին:
«Համազգային»ի Թղթակից