Երգչախումբները հայ կեանքին մէջ ունեցած են յատուկ կառոյց ու իւրայատուկ դերակատարութիւն, քանի անոնք կը բնորոշեն նոյնինքն ձեռնարկի մը նկարագիրը, պատգամախօսական թիրախներն ու դերակատարութիւնը։
Յունահայ գաղութը իր հիմնումէն ասդին մասնայատուկ կարեւորութիւն տուած է բեմին վրայ երգչախումբի ներկայութեան ու հայ աւանդական՝ ժողովրդային, ազգային թէ յեղափոխական երգերու մեկնաբանութեան ճամբով հայ արուեստն ու հեռանկարային պատկերացումները երգի ու նուագի ճամբով դրսեւորելու եւ մեկնաբանելու նրբաճաշակ ինքնատիպութեան։
Երկսեռ երգչախումբի կարեւորութիւնը զգացած ենք մանաւանդ երբ պայմաններու բերումով ու կարճ ժամանակաշրջաններու համար գաղութը մնացած է առանց երգչախումբի թէ ղեկավարի, եւ պարտաւորուած ենք Ապրիլ 24ի կամ Մայիս 28ի հրապարակային հանդիսութիւններուն նոյնիսկ ազգային քայլերգները երիզագրուած փոխանցել պաշտօնական օտար հիւրերուն եւ մեր հասարակութեան։
Արդ՝ երգչախումբի մը բեմական կենդանի ներկայութիւնը առանձնայատուկ ըմբռնումով կը գնահատէ գաղութային պատմութեան ժամանակը, չափը, կշիռը, արժէքը եւ անշուշտ խիղճը։
Լաւ կþըլլայ, որ բոլորս պատասխանատուութեամբ մտածենք յունահայ գաղութի յոյսի ու գոյատեւման ապագայ հանգրուաններուն մասին։
***
Շարունակականութեան ու գոյատեւման՝ կեանքի ու միութենական կառոյցներու օրէնքով, Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը ձեռնհաս նուիրումով ու անփոխարինելի տաղանդով ղեկավարուեցաւ Հրայր Ա. Քհնյ. Նիկոլեանի կողմէ, իսկ անոր Գանատա փոխադրուելէ ետք, Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը դարձեալ դիմեց անցեալին մեր գաղութային երգչախումբը 20 երկար տարիներ ղեկավարած արժանընտիր ու նուիրեալ խմբավար, եւ 11 տարի շարունակ Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ ընկ. Մկրտիչ Գրիգորեանին, որ սիրայօժարօրէն ընդառաջեց մեր դիմումին, ստանձնելով երգչախումբին խմբավարութիւնը։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցի կեդրոնական քաղաքական հանդիսութեան մասնակցութիւնը շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, զոյգ ոգերգներով եւ ազգային երեք երգերով՝ փաստն ու վկայութիւնը տուաւ գաղութային համախումբ կապուածութեան ու միութենական սերտակցական փոխ-յարաբերակցութեան, միեւնոյն գաղափարի ու նպատակի մտապատկերի ակնկալութեամբ։
Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը ու իր կողքին գործող Երգչախումբի յանձնախումը Չորեքշաբթի՝ 26 Ապրիլին ի պատիւ խմբավարին ու երգչախումբի անդամներուն, երկուքուկէս ժամ տեւող հաւաքոյթ-ճաշկերոյթ մը սարքեցին «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ։
Գեղարուեստական յայտագիր
Եւ քանի խօսքը երգչախումբի կը վերաբերի, բնական է, որ երեկոն պիտի ընթանար գեղարուեստական վայելքի ու տաղանդներու հանդիսադրման անպատրաստից ու ինքնաբուխ յայտագրի մը դրսեւորման, ուր կ՚արտացոլան թամատայութիւնը, խօսքը, երգը, նուագը, ասմունքը եւ հոգեկան մտերմութեան կողքին՝ խոհուն ապրումներ, խանդավառութիւն, ցայտուն հայրենասիրութիւն եւ ամէն ինչին յենարանը հանդիսացող միասնականութեան վեհ ոգին։
Երեկոյին բացումը կատարեց Համազայինի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը, որ զեկուցեց մինչեւ ամառ կատարուելիք աշխատանքներու մասին, — կանոնագրային, օրինականացման, տպագրական, նոր մասնաճիւղերու կազմութիւն, միութեանս այլ մասնաճիւղերու աշխոյժ ելոյթներ Շրջանային Վարչութեան եւ «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչական կազմերու աշխատանքներու ընդլայնման պատճառով երկուքական անդամներու յաւելում, եւայլն։
Իր խօսքի աւարտին, ընկ. ատենապետը խնդրեց վայրկեանի մը յոտնկայս լռութեամբ յարգել նորոգ հանգուցեալ Համազգայինի ընտանիքի վաստակաւոր անդամ ընկ. Կարօ Ղեւոնդեանի յիշատակը։
Ապա օրուան թամատա՝ ընկ. Տիգրան Սէլիմեան ձեներէց ոճով ուրախ մթնոլորտ ստեղծեց սրահէն ներս։
Օրուան խանդավառ ու ոգեւորող յայտագրին մասնակցեցան հետեւեալները.-
Նոյնինքն թամատան ընկ. Տիգրան Սէլիմեան, որ երգեց «Ղարիպ ախպէր»ը եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ «Երազ իմ երկիր»ը։
Ընկ. Արմիկ Պարազեան, որ երգեց «Ղարաբաղ»ը եւ «Պինկէօլ» զուգերգը ընկ. Տիգրան Սէլիմեանի հետ։
Ընկ. Սոնա Վարդանեան, որ երգեց իտալական ժողովրդային քանթաթ մը՝ «Սանթա Լուչիա»։
Ընկ. Լիլիթ Արզումանեան եւ ընկ. Սոնա Վարդանեան «Իմ նոր Երեւան» զուգերգը։
Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը ղեկավարութեամբ ընկ. Մկրտիչ Գրիգորեանին քառաձայն մեկնաբանեց՝ «Երեւան-Էրէբունի»ն, «Ել-Ել»ը, «Ո՜վ հայոց աշխարհ»ը եւ «Անուշ» օփերայէն «Ամպի տակից» բաժինը։
Երեկոյի հրաւիրեալ երաժիշտ-յօրինող Ստեփան Թէքիրեանը դաշնակի վրայ նուագեց-երգեց Շարլ Ազնաւուր, Կոմիտասի «Քելէ-քելէ»ն, Սմբատ Շահազիզի «Երազը»։
Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան երգեց «Պահապան հրեշտակ»ը։
Ընկ. Սեդա Բասոյեանը երգեց աշուղ Շերամէն «Սէր իմ սիրուն»ը։
Ընկ. Արմինէ Ղուլարեան երգեց աշուղ Շերամէն «Մարալ Ճան»ը։
Պրն. Սուրէն Կզորեան արտասանեց Յովհաննէս Շիրազի «Ամենայն սրտով»ը։
Ընկ. Սերգօ Մինասեան պատմեց հաճելի զաւեշտներ։
Աւարտին, ներկաները համեղ ընթրիքէն ետք հիւրասիրուեցան անուշեղէններով, ի պատիւ «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչական անդամուհի ընկ. Սեւան Մանոյեանի տարեդարձին առիթով։
Շնորհակալութիւն մեր հարուստ ու ընտիր ընթրիքը պատրաստած ակումբի խնամակալ տէր եւ տիկին Պօղոս Նաճառեանին եւ պրն. Ռազմիկին։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ