Յունաստանի Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութեան Ատիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղը եւ «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի յանձնախումբը ճաշկերոյթ ու գաթայի բաշխումի երեկոյ կազմակերպեցին, Շաբաթ՝ 20 Յունուար 2018ի երեկոյեան ժամը 9ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ։
Երեկոյին ներկայ եղան՝ «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութիւնը, «Սօս-Վանի» մասնաճիւղը, «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը, պարախումբը, պարուսոյցներ, «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբը, «Համազգային»ի անդամներ, բարեկամներ։
Առանց ժամանակը նսեմացնլեու որեւէ փորձի, նշենք որ ձեռնարկը խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամը 1։30։
Երեկոյին բացումը կատարեց երգչախումբի յանձնախումբի անդամ ընկ. Արմինէ Ղուլարեան՝ Նոր Տարուան բարեմաղթութիւններով եւ օրուան ձեռնարկին իմաստը բացատրելով, որ բացի համազգայնական միաւորները ի մի համախմբելու միութենաշահ պատեհութենէն, օրուան ճաշկերոյթին հասոյթը երգչախումբի նոր տարազի պատրաստութեան յատկացնելն է, աղջկանց տարազներու թիւը զգալապէս բազմապատկելով, ապագայ ելոյթներու հաշւոյն։
Ընկերուհին հրաւիրեց «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանը՝ օրուան գաթան օրհնելու։ Գաթայի օրհնութեան ընկերացաւ համապատասխան ազգային-հոգեւոր խօսք ու պատգամ՝ Հայր Սուրբին կողմէ ներշնչուած խօսքով։
Ապա՝ հրաւիրուեցաւ գաթան կտրելու «Համազգային»ի վեթերան անդամուհիներէն, անցեալին Շրջանային Վարչութեան անդամ եղած ընկ. Անժէլ Օհանեանը, որ իր կարգին գաթան կտրեց ու բաշխեց ներկաներուն, օրուան համապատասխան բարեմաղթութիւններ կատարելով։ Գաթաները պատրաստուած էին պարախումբերու յանձնախումբի անդամ ընկ. Քրիստինէ Աբրահամեանի կողմէ։
Գաթայի բախտաւորը եղաւ ընկ. Ռոզիկ Կիւլիւմեան, որ իբրեւ նուէր ստացաւ վերջերս հրատարակուած երգիծագիր Երուանդ Օտեանի «Թաղականին կնիկը» երգիծական վէպը։
Իր խօսքը ընելու հրաւիրուեցաւ՝ օրուան կազմակերպիչ միութեան «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ ընկ. Ժագ Տամատեան, որ իր կարգին ամփոփ կերպով խօսեցաւ միութենական գործունէութեան եւ հայոց Ծնունդին առիթով «Համազգային»ի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի «Աւետիսի» շրջագայութեան մասնակցութեան՝ Ֆիքսի եւ «Նայիրի» պարախումբի մասնակցութեան Գոքինիոյ շրջաններէն ներս, ինչ որ՝ գաղութային բարոյական ներկայութեան զուգահեռ, նիւթական ներդրում մըն ալ ունեցաւ միութեան կարիքներու մատակարարման ուղղութեամբ։
Պարախումբի անունով բարեմաղթական ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ պարուսոյց ընկ. Աննա Պօղոսեան։
Վերջին խօսողը՝ ողջոյնի խօսքով եւ միութենական գործունէութեան անդրադարձով՝ եղաւ «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ «Սօս-Վանի» մասնաճիւղին մօտ ներկայացուցիչ ընկ. Վերժին Կարապետեան, որուն խօսքը կը հրատարակենք ստորեւ՝
Բարի եկաք սիրելի ընկերներ եւ ընկերուհիներ,
Այս ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտին մէջ, պիտի ուզէի նախ՝ ձեզի փոխանցել «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեանս կողմէ լաւագոյն մաղթանքներ Նոր Տարուան առիթով, յուսալով եւ մանաւանդ վստահութիւնը ունենալով, թէ այս տարի եւս պիտի ըլլայ առողջութեան, յաջողութեան եւ բարգաւաճութեամբ լեցուն տարի մը, ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն համար:
Յատկապէս մեր այս մեծ «Համազգային»ի ընտանիքին համար, 2018ն պիտի բերէ մեր հիմնադրութեան 90ամեակը, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակը, Արցախեան Շարժման 30ամեակը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ամեակը: Ուրեմն այս տարի, մեր բոլորին համար ալ պիտի ըլլայ աշխատակցութեան, համախմբութեան եւ միասնականութեան տարի մը, որպէսզի կարենանք յաջող կերպով, «Համազգային»ի ներկայութիւնը՝ իր բոլոր միաւորներով, զգալի դարձնել կազմակերպուած ձեռնարկներուն:
Վարչութիւնս, յաճախակի կապեր պահելով մեր մասնաճիւղերուն հետ՝ Թեսաղոնիկէ, Սերէս, Ռոտոս, եւ Ալեքսանտրուպոլիս, մօտ ատենէն կը ծրագրէ այցելել անձամբ այս շրջանները, անոնց յառաջիկայի գործունէութեան լոյսին տակ գործակցութեան նոր առիթներ ստեղծելով եւ ձեռնարկներ ու տօնակատարութիւններ կազմակերպելով, այսպիսով հայկական մշակոյթը աւելիով տարածելով Յունաստանի մէջ: Ուրախ եմ ձեզ տեղեկացնելու նաեւ, թէ Կրետէ ապրող հայրենակիցներու հետ կապեր մշակելէ ետք, հաստատուած ու կորիզ մը արդէն կազմուած է, որ իր ծրագիրը մշակած է «Համազգային»ի հովանաւորութեան տակ: Բարի յաջողութիւն մաղթենք մեր բոլոր մասնաճիւղերուն:
Վերջապէս, Փետրուարի մէջ պիտի սկսի գործադրուիլ հայերէնի դասընթացներու յատուկ ծրագիրը, զոր մշակած է վարչութիւնս երկար ատենէ ի վեր ու կը վերաբերի հայախօսութեան զարգացման եւ հայերէնի ուսուցման: Երկու մակարդակի վրայ ստեղծուեցաւ այս ծրագիրը՝ սկսնակ մակարդակ, որ կը վերաբերի հայերէնին բոլորովին անտեղեակ անձերու եւ բաւարար մակարդակ՝ առնուազն բերանացի հայերէնի նախնական գիտելիքներու տէր անձերու համար: Դասավայրերը պիտի ըլլան մեր դպրոցները, իսկ դասերը՝ երկու անգամ՝ շաբաթը: Առաջին դասը պիտի զբաղի հայերէնի ուսուցումով եւ երկրորդը՝ մշակութային կամ այլ նիւթերու զարգացումով։ Մանրամասնութիւններ պիտի յայտարարուին «Ազատ Օր»ի մէջ, Facebookով եւ Internetով: Հետաքրքրուող անձերը կրնան այսօր ալ մեզի մօտենալ եւ իրենց տրամադրութիւնը յայտնել։ Կը մաղթենք ու կը յուսանք, թէ մասնակցողներուն թիւը բազմապատիկ ըլլայ մեր սպասածէն:
Մեր մշտական հոգատարութեան տակ կը գտնուի պարախումբը իր 3 խումբերով՝ «Նայիրի», «Նանոր» եւ «Մարալօ», որ անցեալ տարի շատ յաջող ելոյթներ ունեցաւ Յունաստանի տարբեր շրջաններու մէջ: Այս տարուան համար, մեր պարախումբը դարձեալ ներկայ պիտի ըլլայ Ռոտոս, Նէա Զմիռնի եւ այլ շրջաններու մէջ, յուզում պիտի պատճառէ հայութեան Մայիս 28ի 100ամեակի տօնակատարութեան եւ ուրիշ ծրագրուած ձեռնարկներուն, խանդավառութիւն պիտի ստեղծէ նոր ելոյթներով Անավիսօ, Վոլօ, Տորա Սթրաթու թատրոնին մէջ եւայլն: Բայց հոս միայն մեր լաւագոյն մաղթանքները չեն բաւեր: Յաւելեալ ճիգ, կազմակերպ աշխատանք եւ մասնագիտական մօտեցում անհրաժեշտ են՝ նորանոր հանգրուաններու հասցնելու մեր խումբերը, այնպէս՝ ինչպէս բոլորս կը սպասենք ձեզմէ եւ վստահ ենք, որ կրնաք:
Մեր թատերախումբը իր աշխատանքը կը շարունակէ. այս տարի եւս հաճոյքը պիտի ունենանք իրենց ծափահարելու նոր թատերականի մը ներկայացումով, եւ հպարտ զգալով՝ երբ «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբը պիտի ճամբորդէ Յունաստանի այլ վայրեր ու վառ պիտի պահէ հայութեան ջահը:
Մեր խոր երախտագիտութիւնը կ’ուզենք յայտնել երգչախումբի խմբավարին, մաէսթրօ Մկրտիչ Գրիգորեանին, իր լուրջ եւ բարձր մակարդակի աշխատանքին ու իր մեծ խանդավառութեան եւ արհեստավարժութեան համար:
Վստահ ենք, թէ ի գործ դրուած այս ճիգը ՝ «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը համախմբելու եւ նոր շունչ տալու, նկատած են մեր բոլոր հին եւ նոր անդամները, որոնք իրենց կանոնաւոր ու անթերի ներկայութեամբ կ’ապահովեն մեր երգչախումբի ներկան ու ապագան, արժանաւորապէս կանգնելու համար բարձր բեմերու վրայ: Կը յուսանք, որ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանի աշխատանքով կազմուած մանկական երգչախումբին անդամները պիտի մեծնան ու պիտի միանան ձեզի, կազմելու համար նոր սերունդի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը: Վարձքերնիդ կատար սիրելի անդամներ, մեծ շնորհակալութիւն եւ բարի յաջողութիւն բոլորին:
Եզրափակելով խօսքս՝ պիտի ուզէի մեր սրտագին մաղթանքները փոխանցել նաեւ Ատտիկէի մասնաճիւղի «Սօս-Վանի»ի վարչութեան ու անոնց տարած գործունէութեան: Անհամբեր կը սպասենք առաջին ձեռնարկին եւ վստահ ենք, թէ պիտի յաջորդեն մի քանի եւս:
Ձեր բոլորին դժուարութիւնները, դժգոհութիւնները, առաջարկները կը խնդրենք մեզի փոխանցէք, որպէսզի մենք ալ կարենանք «Համազգային»ի մեծ եւ թանկագին ընտանիքը զօրաւոր ու միակամ պահել եւ պատշաճ ձեւով նշենք 2018ի տօնակատարութիւնները։
Մի մոռնաք սիրելիներ, Միութիւնը Զօրութիւն Է:
Շնորհակալ եմ,
Բարի վայելում։
Խօսքերու աւարտին, տեղի ունեցաւ ճաշի խմբային սպասարկութիւնը։ Ճոխ ճաշացուցակը եւ բազմազան անուշեղէնները բոլորն ալ սիրայօժարօրէն պատրաստուած էին համազգայնական անդամներու կողմէ։
***
Օրուան երեկոյի երկրորդ բաժնով սկսաւ գեղարուեստական ինքնաբուխ ծրագրի գործադրութիւնը, որ ղեկավարուեցաւ ընկերուհի Արմինէ Ղուլարեանի կողմէ։ Մասնակիցները երգով, զուգերգով, երգչախումբի խմբերգով, արտասանութեամբ, նուագով, պարով ամբողջովին խանդավառ ու հայաշունչ մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահէն ներս, յատուկ գոյն մը տալով գաթայի բաշխման երեկոյին, մշակոյթի անմար իւղով վառող լապտերը լուսաւոր պահելով։
Մշակոյթի փոխազդեցութիւնը ընդհանրապէս մարդոց, բայց մասնաւորապէս միութենական մարդոց միջեւ ազգային-հայրենասիրական յուսատու հորիզոններ կը բանայ եւ ազգային մակարդակներու զարգացման ու ազնուացման վրայ զգացական ուղղակի ազդեցութիւն կ’ունենայ, համագործակցութեան նոր ճանապարհներ բանալով։
Այսպէս, գեղարուեստական մասնակցութեամբ ու տպաւորիչ շեշտով ելոյթներ ունեցան.- Ընկերուհի Սեդա Բասոյեան երգեց «Սիրուս կը սպասեմ» երգը։ Ընկերուհիներ Արմինէ Ղուլարեան եւ Սեդա Բասոյեան յաջորդաբար մեկնաբանեցին հայկական ժողովրդային եւ գուսանական երգերու շարք մը, աւարտելով ծանօթ «Նինօ» երգով։
Երեկոյին՝ հիւրաբար ներկայ գտնուող ուքրանահայ ու Յունաստան հաստատուած արհեստավարժ երգչուհի Անահիտ Սաֆարեան հայերէն լեզուով երգեց «Պինկէօլ»ը եւ միեւնոյն երգը յունարէնով՝ Էլէֆթերիա Արվանիթաքիի կողմէ յաջողապէս մեկնաբանուած հարազատութեամբ. երրորդ երգ մեկնաբանեց «Հազար նազով եար» ժողովրդային երգը։
Ընկերուհի Արմիկ Պարազեան երգեց Գուսան Շահէնի «Ճանըմ-ճանըմ» կատակ երգը՝ ընկ. Արմինէ Ղուլարեանի ընկերակցութեամբ։ Աւարտին՝ ընկ. Արմիկ ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» հայրենասիրական քերթուածը։
Ընկերուհի Սոնա Վարդանեան մեկնաբանեց երեք երգեր՝ «Նուպար, Նուպար»ը, «Ճախարակ»ը եւ «Տըլէ Եաման»ը։
Երեկոյին ներկայ եղող արհեստավարժ երգիչ, նուագող, յօրինող Ստեփան Թէքիրեանէն խնդրուեցաւ ելոյթ ունենալ։ Ան դաշնակի վրայ մեկնաբանեց հայկական ծանօթ ու սիրուած մեղեդիներու շարք մը։ Ապա՝ երգեց Սմբատ Շահազիզի «Երազ»ը, ժողովրդային՝«Արագիլ»ը եւ աւարտին՝ խօսք Յակոբ Ճէլալեանի, երաժշտութիւն Ստեփան Թէքիրեանի յունարէն լեզուով «Ղարաբաղ» ազգաշունչ երգը։
Ընկերուհի Լիլիթ Արզումանեան երգեց «Սիրոյ աղբիւր»ը, եւ «Անոյշ» օփերայէն «Ամպի տակից» երգային բաժինը։
Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի արժանաւոր խմբավար ընկ. Մկրտիչ Գրիգորեանի ղեկավարութեամբ երգչախումբի անդամները քառաձայն ու ներդաշնակ երգեցին «Չինար»ը։
Մեր երգչախումբին այս տարուընէ սկսեալ իր կամքով մասնակցող ծագումով ասորի, յօրիոնող-դաշնակահար Սվեթլանա Օսիբա դաշնակի վրայ նուագեց իր կողմէ ստեղծագործուած գեղեցիկ նուագ մը։
Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան երգեց «Գարուն բացուեց, գարուն եկաւ»ը եւ «Յուշարձան»ը։
Համազգայինի երաժշտանոցի պատասխանատու, երաժշտութեան ու դաշնակի դասատու եւ «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի վարչական անդամ ընկ. Գոհար Չիմանեան մեկնաբանեց ազգային ու ժողովրդական երգեր, աւարտելով «Երեւան Էրեբունի»ով եւ «Կիլիկիա» ուխտերգով։
Գեղարուեստական բաժնին մասնակցողները ներկաներու կողմէ արժանացան գոհանակութեան ու երախտագիտութեան ծափողջոյններու։
Յաջորդեցին հայկական խմբապարեր ու ազգային-յեղափոխական երգեր, մինչեւ առաւօտեան ժամը 1։30, որմէ ետք ներկաները կամաց-կամաց հրաժեշտ սկսան առնելու, անմոռանալի երեկոյ մը անցուցած ըլլալով եւ կազմակերպողներէն խնդրելով, որ նոյնանման երեկոներ կրկնուին ու դարձեալ կրկնուին, միշտ պահպանելով ամէն ինչին հայկական ոճն ու նկարագիրը, իբրեւ հայադրոշմ մշակոյթի գլխաւոր ու տիրապետող բաղադրիչ՝ իր ձեւով, ոճով ու անզուգական բովանդակութեամբ, արուեստը պահպանելով իբրեւ միասնական ուժի օրինակ եւ մեր ազգային ժառանգութեան գոյատեւման առաջնորդող ուղենիշ։
Վարձքը կատար բոլորին։
«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԹՂԹԱԿԻՑ