Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 9։30-էն սկսեալ, Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան անդամ-անդամուհիները իրենց հերթական ժողովը գումարեցին «Հայաստան» սրահէն ներս։ Ժողովին սկիզբը, անոնք միասնաբար 2018 տարուան Գաթան կտրեցին՝ զիրար բարեմաղթանքներ ու շնորհաւորութիւններ կատարելով։ Գաթայի մէջ գտնուող մետաղադրամը յայտնուեցաւ Վարչութեան Անդամուհի՝ Մելին Գարաօղլանեանի մօտ եւ ան Ատենապետուհիին կողմէ ստացաւ գեղեցիկ նուէր մը։
Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան անդամ-անդամուհիներուն կողմէ կը շնորհաւորենք Մելին Գարաօղլանեանը, մաղթելով անոր երջանիկ եւ ուրախ օրեր, առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։
Թղթակից