Ուր­բաթ, 23 ­Սեպ­տեմ­բե­րին «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տուն այ­ցե­լեց ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. ­Յաս­միկ ­Շա­հի­նեան։ Ի­րեն կ­՚ըն­կե­րակ­ցէր ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Յու­լիա­նա ­Մա­նու­կեան։ Օգ­տուե­լով իր ­Յու­նաս­տան այ­ցե­լու­թե­նէն, թեր­թիս խմբագ­րու­թիւ­նը հե­տաքրք­րա­կան զրոյց մը ու­նե­ցաւ ըն­կե­րու­հիին հետ՝ ­Հա­մազ­գա­յի­նի կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին։
Իր կե­ցու­թեան ա­ռի­թով, ընկ. Յ. ­Շա­հի­նեան այ­ցե­լեց Հ.Կ.­Խա­չի ե­րեք ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րը եւ մօ­տէն ի­րա­զեկ դար­ձաւ կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րուն ու հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւան­դու­թեան։ ­Խօ­սե­լով այն մթնո­լոր­տին մա­սին, որ ծա­նօ­թա­ցաւ մեր վար­ժա­րան­նե­րէն ներս, ան յայտ­նեց, թէ շատ հա­րա­զատ զգաց, նշմա­րե­լով, թէ ե­ռան­դը չի պակ­սիր ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն մօտ, իսկ յա­տուկ շեշտ դրաւ հա­յե­րէն լե­զո­ւի ու պատ­մու­թեան ար­դի դա­սա­գիր­քե­րու գոր­ծա­ծու­թեան վրայ։
Ան նաեւ կա­րե­ւո­րեց Եւ­րո­պա­յի մէջ գոր­ծող հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րա­կան կա­պեր ստեղ­ծե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։
Անդ­րա­դառ­նա­լով Ֆ­րան­սա­յի մէջ՝ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ա­նու­նով գոր­ծող վար­ժա­րան­նե­րուն մա­սին, ընկ. ­Շա­հի­նեան ներ­կա­յա­ցուց ­Մար­սէյ­լի ճե­մա­րա­նի պատ­կե­րը, որ իր ման­կա­պար­տէ­զով, նա­խակր­թա­րա­նի ու երկ­րոր­դա­կա­նի բա­ժին­նե­րով կը պա­հէ 385 ա­շա­կերտ­ներ։ ­Փա­րի­զի մէջ կը գոր­ծէ «­Հա­մազ­գա­յին-­Թարգման­չաց» վար­ժա­րա­նը 138 ա­շա­կերտ­նե­րով, որ ան եւս միջ­նա­կարգ բա­ժին ու­նե­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նի։ Ըն­կե­րու­հին նշմա­րեց, որ կա­րե­լի է յա­րա­բե­րա­կան ու գոր­ծակ­ցա­կան կա­պեր ստեղ­ծել ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Կ.­Խա­չի եւ Ֆ­րան­սա­յի ­Հա­մազ­գա­յի­նի վար­ժա­րան­նե­րուն մի­ջեւ՝ կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ ման­կա­վար­ժա­կան ծրա­գիր­նե­րու փո­խա­նակ­ման նպա­տա­կով ու ա­շա­կերտ­նե­րուն մի­ջեւ սերտ կա­պեր ստեղ­ծե­լու ակն­կա­լու­թեամբ։
­Յա­ջոր­դա­բար, ման­րա­մաս­նե­լով ­Հա­մազ­գա­յի­նի ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին Եւ­րո­պա­յի մէջ, ե­ղաւ անդ­րա­դարձ «Youth Links Europe» ծրա­գի­րին, որ կը մի­տի եւ­րո­պա­կան ցա­մա­քա­մա­սի հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ծա­նօ­թաց­նել ա­րո­ւես­տի մաս­նա­գէտ­նե­րու եւ հայ մշա­կոյ­թի ո­լորտ­նե­րուն հետ։ 2023-ին հա­մար սոյն հան­դի­պու­մը նա­խա­տե­սո­ւած է ի­րա­գոր­ծել ­Մար­սէյ­լի մէջ, իսկ ան­ցեա­լին նման հան­դի­պում կա­յա­ցած է ­Վե­նե­տի­կի մէջ։ Ըն­կե­րու­հին մատ­նան­շեց, թէ սոյն ծրա­գի­րը շատ կա­րե­ւոր կը նկա­տո­ւի, սա­կայն պէտք է զօ­րաց­նել քա­րոզ­չա­կան բա­ժի­նը, որ­պէս­զի ա­ւե­լի մեծ թի­ւով ե­րի­տա­սարդ­ներ տե­ղեակ պա­հո­ւին ու մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րեն։
Ընկ. ­Շա­հի­նեան յայտ­նեց, թէ ներ­կա­յիս ­Հա­մազ­գա­յի­նը մաս­նա­ճիւ­ղեր կը պա­հէ ­Յու­նաս­տա­նի, Ֆ­րան­սա­յի եւ ­Շո­ւէ­տի հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րէն ներս։ ­Սա­կայն, նկա­տի ու­նե­նա­լով, թէ Եւ­րո­պա­յի այլ եր­կիր­նե­րու մէջ եւս բա­ւա­կան ստո­ւար է հա­յու­թեան թի­ւը, ­Հա­մազ­գա­յի­նը ծրա­գիր կը մշա­կէ եւ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը կը քննէ ընդ­լայ­նե­լու մաս­նա­ճիւ­ղե­րու թի­ւը, հիմ­նե­լով նոր միա­ւոր­ներ։ Այս­պէս, կա­րե­լի է նաեւ ստեղ­ծել միջ-մաս­նա­ճիւ­ղա­յին ցանց մը, որ հե­տա­մուտ պի­տի ըլ­լայ հա­մա­տեղ ծրա­գիր­նե­րու ու գոր­ծու­նէու­թեան ընդ­լայն­ման։ ­Մեր խօ­սա­կի­ցը կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց նաեւ զա­նա­զան ծրա­գիր­նե­րուն հա­մար յա­տուկ նիւ­թա­կան աղ­բիւր­ներ ստեղ­ծե­լու անհրա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
Ան ընդգ­ծեց, թէ այ­սօր Եւ­րո­պա­յի մէջ ապ­րող հա­յու­թիւ­նը կա­րե­ւոր ուժ կը ներ­կա­յաց­նէ, որ կրնայ սա­տա­րել մշա­կու­թա­յին կեան­քի ծաղ­կաց­ման, նկա­տե­լով, թէ ­Հա­յաս­տա­նէն մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ մնա­յուն կայք հաս­տա­տած են եւ­րո­պա­կան քա­ղաք­նե­րու մէջ եւ կը պա­հեն մշա­կու­թա­յին ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձր հե­տաքրք­րու­թիւն։
* * *
­Յաս­միկ ­Շա­հի­նեան դուստրն է հան­գու­ցեալ ման­կա­վարժ եւ մտա­ւո­րա­կան Գ­րի­գոր ­Շա­հի­նեա­նի։ Ծ­նած է ­Լի­բա­նան եւ կազ­մա­ւո­րուած է մտա­ւո­րա­կան մթնո­լոր­տի մէջ, յատ­կա­պէս հօր ան­մի­ջա­կան շուն­չին տակ։ Ան մնա­յուն կայք հաս­տա­տած է ­Փա­րի­զի մէջ եւ կը զբա­ղի ման­կա­վար­ժու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ ման­կա­պա­տա­նե­կան գրա­կա­նու­թեան մաս­նա­գէտ է։ Կ­՚աշ­խա­տի Ֆ­րան­սա­յի ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նի ման­կա­պա­տա­նե­կան կեդ­րո­նի մի­ջազ­գա­յին բա­ժի­նէն ներս։ 2014-էն ի վեր, կեդ­րո­նի մէկ բա­ժան­մուն­քը կը գոր­ծէ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ եւս։ ­Մի­ջազ­գա­յին կեդ­րո­նին նպա­տակն է ծա­նօ­թաց­նել ու տա­րա­ծել իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի ման­կա­պա­տա­նե­կան գրա­կա­նու­թիւ­նը։
­Փա­րի­զի մէջ ան կը պա­հէ հայ­կա­կան ման­կա­պա­տա­նե­կան գիր­քե­րու «­Քո­թոթ» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը (https://www.editions-kotot.com)։ ­Հե­ղի­նակն է հա­յե­րէն լե­զո­ւով ման­կա­կան ե­րեք գիր­քե­րու։