2024-ի երկ­րորդ շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին, ­Հա­մազ­գա­յի­նի կա­ռոյց­նե­րը վերսկ­սան ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րը, կա­տա­րե­լով ա­ւան­դա­կան գա­թա­յի կտրու­մը։ ­Հա­ւա­քոյթ­նե­րուն տի­րեց տօ­նա­կան մթնո­լորտ, փո­խա­դար­ձո­ւե­ցան մաղ­թանք­ներ ըն­կեր­նե­րուն մի­ջեւ, իսկ ակն­յայտ էր ե­րի­տա­սար­դա­կան շուն­չը։
10 ­Յու­նո­ւա­րին, ա­ռա­ջին հա­ւա­քոյ­թը կա­տա­րեց նո­րա­կազմ ձայ­նա­յին հա­մոյ­թը (ան­սամպլ)։ ­Գա­թա­յի բախտ­ւոր շա­հո­ղը ե­ղաւ ընկ. ­Լու­սի­նէ ­Թէ­փէ­լեան եւ ստա­ցաւ նո­ւէ­րը` լրագ­րող Ա­լեք­սանտ­րոս ­Փի­ղա­տա­սի գիր­քը, «100 από τη Μικρασιατική Καταστροφή. Ιστορική διαδρομή, προσφυγιά και μνήμη» (100 տա­րի ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն. պատ­մա­կան ըն­թացք, գաղ­թա­կա­նու­թիւն եւ յուշ), հրա­տա­րա­կո­ւած Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կող­մէն։ Ն­շենք, որ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան այս նոր խմբա­կը կը գոր­ծէ ծա­նօթ ե­րա­ժիշտ ընկ. Ս­տե­փան ­Թէ­քի­րեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։
­Յա­ջորդ օ­րը, հեր­թը հա­սաւ թա­տե­րա­խում­բին։ ­Թա­տե­րա­կա­նի փոր­ձէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ գա­թա­յի կտրու­մը։ Օ­րո­ւան բախ­տա­ւոր­նե­րը` բե­մադրիչ ընկ. ­Յա­կոբ ­Պար­սա­մեան եւ ե­րի­տա­սարդ ան­դամ ընկ. Ար­շակ ­Գաւ­լա­քեան ստա­ցան մէ­կա­կան գիրք` տիկ. ­Մար­գա­րի­տա Մ­նա­ցա­կա­նեա­նի «­Ճեր­մա­կա­շու­շան ա­նուրջ­ներ», յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւած ընկ. ­Ժագ ­Տա­մա­տեա­նին կող­մէն։
­Շաբ­թո­ւան վեր­ջա­ւո­րու­թեան, խան­դա­վա­ռու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ պա­րա­խում­բե­րու վե­րա­մու­տը, ­Շա­բաթ օր` «­Մա­րա­լօ», ­Կի­րա­կի օր` «­Նա­նօր» եւ «­Նա­յի­րի» խում­բե­րու ան­դամ­նե­րուն եւ պա­րու­սոյց­նե­րուն կազ­մին ներ­կա­յու­թեամբ՝ ընկ. Էտ­կար Է­կեան, ընկ. Ան­նա ­Պօ­ղո­սեան եւ օգ­նա­կան ըն­կեր­ներ Ա­րամ ­Պետ­րո­սեան, Օն­նիկ ­Պետ­րո­սեան, ­Սու­լա ­Պար­տաք­ճեան եւ Ա­նի Ար­տու­մեան։ ­Կար­կան­դակ­նե­րու պատ­րաս­տումն ու նո­ւի­րու­մը ե­ղաւ տիկ. ­Լի­լիթ ­Քո­լո­յեա­նի սե­փա­կան փու­ռի կող­մէն։
­Նա­խա­տե­սո­ւած էին չորս նո­ւէր­ներ` եր­կու «­Մա­րա­լօ»-ին եւ մէ­կա­կան «­Նա­նօր»-ին ու «­Նա­յի­րի»-ին հա­մար։ ­Բախ­տա­ւոր պա­րող­նե­րը. փոք­րիկ­ներ ­Կա­րօ Ա­ւա­գեան ու ­Փա­նաեո­թիս ­Ցա­քի­րօղ­լու, պա­տա­նի` Ա­լեքս Է­կեան եւ ընկ. ­Տիգ­րան ­Յու­նա­նեան։ Ա­մէն մէ­կուն շնոր­հո­ւե­ցաւ սպա­ռո­ղա­կան ար­ժե­թուղթ մը, տրա­մադ­րո­ւած «Public» ըն­կե­րու­թեան գրա­խա­նութ­նե­րուն կող­մէն։
­Բո­լոր հա­ւա­քոյթ­նե­րուն ներ­կայ էր Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը, ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Յու­լիա­նա ­Մա­նու­կեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, որ շնոր­հա­ւո­րեց ան­դամ­նե­րու տրա­մադ­րե­լիու­թիւ­նը աշ­խա­տանք­նե­րուն, գնա­հա­տե­լով ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ո­գին եւ մաղ­թե­լով լաւ ու գոր­ծու­նեայ տա­րեշր­ջան մը, անձ­նա­կան, ըն­տա­նե­կան եւ միու­թե­նա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով։
­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։

­Հա­մազ­գա­յի­նի թղթա­կից
Ժագ ­Տա­մա­տեան