­Մէկ շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին, ­Հա­յաս­տա­նէն հրա­ւի­րուած Ու­քի­փե­տիա­յի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի բա­ժի­նի պա­տաս­խա­նա­տու Ազ­նիւ Ս­տե­փա­նեան ծա­նօ­թա­ցուց ծրա­գի­րը եւ լու­սա­բա­նեց ա­նոր հետ ա­ռըն­չո­ւող բո­լոր հար­ցե­րը:
Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով հա­մա­ցան­ցը հարս­տաց­նելն է այս ծրա­գի­րին հիմ­նա­կան նպա­տա­կը, որ­մէ պի­տի օգ­տո­ւին աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յե­րը: Ա­զա­տու­թիւն տրո­ւած է նիւ­թի ընտ­րու­թեան, բայց եւ այն­պէս պէտք է տար­բեր աղ­բիւր­նե­րու նշու­մով հաս­տա­տել գրու­թեան ճշգրտու­թիւ­նը:
Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի նիւ­թե­րու խմբագր­ման ծրա­գի­րին մաս­նակ­ցե­ցան տար­բեր տա­րի­քի մար­դիկ, ո­րոնք փոր­ձե­ցին լա­ւա­պէս հասկ­նալ հրամ­ցո­ւած գի­տե­լիք­նե­րը: Հ­նա­րա­ւո­րու­թիւն տրո­ւե­ցաւ նաեւ Հ.Կ.­Խա­չի «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կար­գի եւ ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեան, ո­րոնք ծա­նօ­թա­ցան Ո­ւի­քի­դա­րան ծրա­գի­րին:
Օգ­տո­ւե­լով Ազ­նիւ Ս­տե­փա­նեա­նի Ա­թէնք այ­ցե­լու­թե­նէն, Ուր­բաթ՝ 13 եւ ­Կի­րա­կի՝ 15 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, «­Ճէ­նա­զեան» եւ «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը Ո­ւի­քի­դա­րա­նի աշ­խա­տա­նոց-սե­մի­նար­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցան։ Այդ հան­դի­պում­նե­րուն, ա­շա­կերտ­նե­րը նախ տի­կին Ս­տե­փա­նեա­նին հետ ծա­նօ­թա­ցան, ա­պա ա­նոր հետ զրու­ցե­ցին եւ աշ­խա­տան­քի ան­ցան։ «­Զա­ւա­րեան»ի աշ­խա­տա­նո­ցին ներ­կայ ե­ղան նաեւ նա­խորդ տա­րի­նե­րէն 5 շրջա­նա­ւարտ­ներ, ո­րոնք նա­խա­պէս հե­տաքրք­րու­թիւն յայտ­նած էին Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի աշ­խա­տանք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ ­Հան­դի­պում-աշ­խա­տա­նոց­նե­րը յու­սադ­րիչ էին եւ մօտ ա­պա­գա­յին ա­նոնց ար­դիւն­քը պի­տի քա­ղենք։

ԹՂԹԱԿԻՑ