Յու­նի­սի վեր­ջին ­Կի­րա­կին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Ատ­տի­կէի «­Սօս-­Վա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած ծո­վա­յին պտոյ­տը դէ­պի ­Փա­լէա Է­փի­տաւ­րօ։ ­Հա­մա­վա­րա­կի դէմ պե­տա­կան սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րու նո­ւա­զու­մը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծեց ի­րա­գոր­ծե­լու այս ձեռ­նար­կը, յար­գե­լով կա­նոն­նե­րը ու գո­հաց­նե­լով ի­րար մօ­տե­նա­լու կա­րօ­տը։
­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Ժագ ­Տա­մա­տեան բա­րի գա­լուստ եւ բա­րի վա­յե­լում մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն, մաս­նա­ճիւ­ղի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէն։ ­Մօ­տե­նա­լով ­Կորն­թո­սի նե­ղու­ցը, խօ­սե­ցաւ վայ­րի հին ու նոր պատ­մու­թեան մա­սին, նշե­լով 3000 մշե­ցի հայ բա­նո­ւոր­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը ջրանց­քի բաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ա­պա, դէ­պի «­Մո­նի Աղ­նու­տոս» վան­քի ճա­նա­պար­հի ըն­թաց­քին հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց 11-րդ ­դա­րու կա­նա­չա­պատ շքեղ շի­նու­թեան մա­սին, որ ծա­նօթ է իր բազ­մա­թիւ խորհր­դա­ւոր բիւ­զան­դա­կան սրբա­պատ­կեր­նե­րով։ ­Նաեւ պատ­մեց «Է­փի­տաւ­րոս» ա­նո­ւա­նու­մին ու հին պատ­մու­թեան մա­սին։
­Հա­ճե­լի ու հանգս­տեան պա­հեր անց­նե­լէ ետք ­Փա­լէա Է­փի­տաւ­րոս գիւ­ղի գե­ղե­ցիկ լո­ղա­փը՝ վե­րա­դար­ձի ճա­նա­պար­հին ներ­կա­նե­րը վա­յե­լե­ցին ա­զատ ժա­մա­նակ նաեւ Իսթ­միա­յի ծո­վա­փը։ Ինք­նա­շար­ժին մէջ կը տի­րէր ու­րախ հա­յա­շունչ մթնո­լորտ։ Ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Կա­րա­պե­տեան աս­մուն­քեց ­Գէորգ Է­մի­նի «­Սա­սուն­ցի­նե­րի պար» եւ ընկ. ­Լի­լիթ Ար­զու­մա­նեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի «Ես իմ ա­նուշ ­Հա­յաս­տա­նի» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը։ ­Կա­տա­րո­ւե­ցան ժո­ղովր­դա­կան ու հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րու խմբերգ­ներ «Ե­րե­ւա­նի սի­րուն աղ­ջիկ», «­Բա­րի ա­րա­գիլ », «­Զի­նո­ւո­րի մօր եր­գը», «­Հա­յեր միա­ցէք», «Ե­րե­ւան — Է­րե­բու­նի» ևայլն։ Այս­պէս՝ եր­գե­լով ի­րա­րու հրա­ժեշտ տո­ւինք, մաղ­թե­լով ցտե­սու­թիւն մին­չեւ մեր յա­ջորդ հան­դի­պու­մը։

ԹՂԹԱԿԻՑ