Ամբողջական հասոյթը կը տրամադրուի պարախումբի հայկական տարազներու գնման նպատակին
Երիտասարդութիւնն ու անոր դիմագրաւած առօրեայ հարցերը, միշտ ու բոլոր ժամանակներու մէջ, այժմէականութեան առաջնահերթ հարցեր պիտի համարուին, որոնց համար կոչուած է լուծում տալու նոյնինքն երիտասարդութիւնը, հասկացողութեան, իրերօգնութեան, այլեւ յամառ աշխատանքի շնորհիւ:
Մշակոյթը՝ իր բազմապիսի բնագաւառներու տարբերականութեամբ, երիտասարդութեան առջեւ կը պարզէ կեանքի առարկայական, այլեւ իրապաշտ մէկ երեսը, իսկ հայ մշակոյթը, իմա՝ պարարուեստը, «Համազգային»ի պարախումբերու պատասխանատուներուն ու պարող երկսեռ անդամներուն առջեւ կը հանդիսադրէ՝ գաղութային մեր կեանքի կրթամշակութային, դաստիարակչական, հայկական աւանդութիւնները հաւատարմօրէն ու որակով շարունակելու եւ պահպանելու ազնիւ հարկադրանքի ստեղծարար մասնակցութեան սէրն ու զգայնութիւնը:
Այսպէս, մեր ժամանակներու իրականութիւններէն բխող պատկերին դիմաց, Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Պարի միաւորի վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ, Շաբաթ՝ 16 Մարտ 2019ի երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Գոքինիոյ «Զաւարեան» Կեդրոնի «Զաքարեան» եւ «Սարաճեան» բարերարներու անուան զոյգ սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ խնճոյք-խրախճանք-ճաշկերոյթ՝ ճոխ սեղանով ու հարուստ գեղարուեստական յայտագրով, որ առիթ տուաւ մօտ 300 ներկաներուն, որոնց 80 առ հարիւր տոկոսը՝ հայ երկսեռ երիտասարդներ, զուարճանալու, երգելու, պարելու եւ մեր ժամանակներէն բխող պատգամներ փոխանցելու համագումարեալներուն, այլեւ մեր ժողովուրդին, որ մեծ ակնկալութիւններ ունի հայ երիտասարդ սերունդէն, մշակոյթի ճամբով մեր ազգային ու գաղափարական երազներն ու տեսլականները վճռական ոգիով շարունակելու եւ միշտ ու իրար ետեւէ հասնող սերունդներուն կազմակերպական որակով փոխանցելու հաստատակամութեամբ:
Սոյն ելոյթին համար ամիսներու նախապատրաստական աշխատանք հարկաւոր էր, որքան ալ կը թուի, թէ խնճոյք-ճաշկերոյթ մը ընթացիկ ու սովորական երեկոյ մը անցընելու տպաւորութիւնը կը թողու: Պարի միաւորի լրիւ վարչութիւնը, անոր ատենապետն ու օգնականները, պարախումբի տղաքն ու աղջիկները մեղուաջան հետեւողականութեամբ կազմակերպեցին ձեռնարկ մը, որու միակ նպատակն է ընդհանուր ու առաւելագոյն հասոյթ ապահովել պարախումբի ընթացիկ տարուան Հոկտեմբերին կազմակերպուելիք տարեկան համերգին համար նոր տարազներ գնելու եւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող տարազներու իրենց պահեստը ճոխացնելու նպատակով:
Աշխատանքը՝ իր տեսական բաժնէն անկախ, կ՚արժեւորէ ակմբային մեր առօրեայ կեանքի գործնական մակարդակները՝ մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան նոր նուաճումներու հնարաւորութիւններու վերելքը ընձեռելով:
Երեկոյի յատկանշական ու խրախուսիչ պատկերը այն էր, որ հազուագիւտ պարագաներու — մանաւանդ վերջին տասնամեակին — երիտասարդութեան այսքան մեծ ու խանդավառ ներկայութիւն մը ապահոված ըլլանք մեր ակումբներէն ներս, մանաւանդ 70 պարողներու ներկայոթիւն, ինչ որ ստիպեց կազմակերպողները, տեղի չգոյութեան պատճառով, ակամայ մերժելու մասնակցիլ փափաքողներու տասնեակ մարդոց ցանկութիւնը:
Ինչ ալ ըլլայ՝ հայ երիտասարդութիւնը պէտք է պահպանել մեր գաղափարական դաստիարակութիւնը ներշնչող ակումներուն մէջ, որոնք մեր հայապահպանման անփոխարինելի տաքուկ օճախները կը հանդիսանան, որքան երէկ, նոյնքան մըն ալ այսօր ու վաղը:
Սիրտն ու միտքը լաւ կը ճանչնան խիղճի ճամբան:

Գեղարուեստական յայտագիր — ներկայութիւններ
Հայ մշակոյթին եւ հայ երիտասարդութեան կողքին գտնուելու առաջադրանքով՝ երեկոյին ներկայ գտնուեցան Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն, Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը, Յունաստանի «Համազգային»ի Շրջանային եւ Ատիկէի մասնաճիւղի վարչութիւնները լրիւ կազմով, «Զաւարեան» Կեդրոնի Խորհուրդը, համազգայնականներ ու հայ մշակոյթի բարեկամներ ու սիրահարներ:
Նշելի է, որ մօտ 300 ներկաներու թիւին կէսը համազգայնական անդամներ ու պարախումբերու մասնակից անդամներ էին:
Երեկոյին բացումը կատարեց պարի միաւորի ատենապետ ընկ. Անդրանիկ Շահպազեան, որ բարի գալուստի ու շնորհակալութեան խօսքերու զուգահեռ բացատրութիւններ տուաւ ելոյթի նպատակին՝ հետեւեղական ջանքով ի մի համախմբելու հայ երիտասարդութիւնը եւ հասոյթ ապահովելու հայկական աւանդական տարազներու գնման նպատակին համար:
Գործադրութեան դնելով օրուան նախապատրաստուած յայտագիրը՝ ան հրաւիրեց «Մարալօ», «Նանոր» եւ «Նայիրի» պարախումբերը, որոնք հայկական խանդավառ պարերու գեղեցիկ փունջ մը ներկայացուցին զիրենք գոհունակութեան ծափահարութիւններով դիմաւորող ներկաներուն:
Գեղարուեստական օրուան յայտագրի պատասխանատուութիւնը վստահուած էր «Համազգային»ի հաւատարիմ բարեկամ երաժիշտ, նուագող, երգող Յովսէփ Թոփալեանին, որ յաջորդաբար յաջողութեամբ վարեց յայտագիրը՝ նուագով, անհատական թէ հաւաքական երգերով ու երաժշտութեամբ, մշակութային խանդավառ ու որակաւոր շեշտ մը տալով երեկոյին:
Բեմ հրաւիրուեցաւ այս երեկոյին համար յատկապէս ներկայ գտնուելու ու նուագելու համար Թեսաղոնիկէէն ժամանած երաժիշտ պրն. Յակոբ Ղազարեան, որ իր քամանչայով հայկական ժողովրդային երաժշտութեան հայրենասիրական բոյր մը տարածեց սրահի մեր հայրենակիցներու կարօտակէզ հոգիներուն մէջ:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ «Համազգային»ի պարի միաւորի վարչական ու օգնական պարուսոյց ընկ. Ռոզինա Մարտիրոսեանի մեներգներով ու նուագով, ինչպէս նաեւ զուգերգներով երգչուհի Արմինէ Չիլինգարեանի ընկերակցութեամբ, որոնք իբրեւ երեկոյի անակնկալ՝ առաջին անգամ մեկնաբանեցին հայկական ու յունական «ռափ» երաժշտութիւն, տպաւորելով ներկաները:
Երգերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ իր մօրմէ հայ երգչուհի Մարգրիտ Խիոնիտի ու մեկնաբանեց իր յօրինած ու մօտերս հրապարակ ելլող նոր երգը:

Ճոխ նուէրներով վիճակահանութիւն
Վիճակահանութեան համար հրապարակ հանուած 1000 տոմսերը իսկոյն սպառեցան: Վարչութիւնը աշխատանք տարած էր 40 նուէրներ հրամցնելու, որոնց կարգին 2 թապլէթ, ոսկեղէններ, գոհարեղէններ, հագուստեղէն, կօշիկ, ակնոց, ուտեստեղէն, եւայլն, որոնց համար հրապարակաւ շնորհակալութեան խօսք արտայայտուեցաւ, իսկ նուիրատուներու տպագրուած ցանկ զետեղուած էր ներկաներու սեղաններուն վրայ, որոնք գեղեցիկ փոքրիկ ծաղկամաններով զարդարուած՝ նուիրուած էին տիկին Գոհար Ալեանաքեանի ճաշակով ու մատուցումով:
Նուէրներուն մաս կը կազմէր նաեւ քամանչիստ պրն. Յակոբ Ղազարեանի կողմէ մասնակցութիւն՝ Հայաստանէն ծանօթ երգչուհի Լիլիթ Յովհաննէսեանի համերգին՝ յառաջիկայ ամիսներուն Աթէնքի (Փառնիթայի կեդրոն) մէջ:
Օրուայ յատկանշական նուէրներուն մաս կը կազմէր մեր գաղութի օրաթերթի (որ այս տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 75ամեակը) խմբագրութեան կողմէ 2 տարեկան բաժանորդագրութիւններու նուէրները, այն ակնկալութեամբ, որ նա՛եւ տպագիր մամուլին առընթեր օրը-օրին հրատարակուող PDF տիպով ելեկտրոնային տարբերակ մը, որ ամէն առաւօտ ժամը 8ին կը հասնի մեր ընթերցողներուն ձեռքը:
Անհրաժեշտ է, որ յատկապէս մեր երիտասարդութիւնը անմիջապէս բաժանորդագրուի այս էջին, շատ գեղեցիկ ու գունազարդ տարբերակէն հաղորդուելու համար ազգային, հայրենական ու սփիւռքեան մեր իրականութենէն, բազմազան լրատուութենէն ու ազգային շունչով գրուած յօդուածագրութենէն հայրենական առօրեայ ու հեռանկարային մեր տեսլականներուն կապակցութեամբ:

Տարեդարձներ
Ընկերային երեւոյթները մաս կը կազմեն համայնքային ու մանաւանդ մեր միութենական կեանքին՝ սրտամօտիկութեան զգացումներ զօրացնելով միութեանս մեր անդամներու եւ իրենց ընտանեկան շրջանակին մէջ:
Այսպէս, օրուան 3 տարեդարձներ՝ Հրաչի, Քրիստինի եւ Երուանդի, առիթ տուին, որ վարչութեան ու ընտանեկան անդամներու կողմէ օրուան անուշեղէններ հրամցուին ներկայ ժողովուրդին, որ շնորհաւորեց տօնակատարողները ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի ու բարեմաղթանքներու տարափի մէջ:

Ճամբորդութիւն դէպի Հայաստան-Արցախ
«Համազգային»ի Ատիկէի մասնաճիւղի ատենապետ ընկ. Ժագ Տամատեան հայերէն եւ յունարէն լեզուներով զեկուցեց 9-21 Օգոստոս 2019ին միութեան կողմէ կազմակերպուած 12օրեայ զբօսապտոյտին մասին դէպի Հայաստան ու Արցախ: Սոյն զբօսապտոյտին կրնան մասնակցիլ նաեւ յոյն բարեկամներ, ինչպէս նաեւ «Համազգային»ի հայերէն լեզուի շաբաթական դասընթացքներուն մասնակցող յոյն ուսանողներ՝ տրուած ըլլալով, որ նախատեսուած է հայերէն եւ յունարէն լեզուներով թարգմանութիւն զբօսապտոյտի տեսարժան վայրերու ընթացքին:
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել վարչութեան անդամներուն: Համապատասխան յայտարարութիւններ կան «Ազատ Օր»ի ու միութեան դիմատետրին մէջ:

Համազգայնական պլուզներ
«Համազգային»ի պարի միաւորը այս խնճոյք-ճաշկերոյթին առիթով տպել տուած է պլուզներ, որուն վրայ կ՚երեւի նաեւ միութեան գունաւոր պէճը: Այդ օրը, բոլոր վարչականներն ու պարախումբին մասնակցողները տպաւորութիւն կը գործէին այդ պլուզներու համանման զգեստաւորումով, մանաւանդ երգի ու պարային ելոյթներու առիթով:

Եզրակացութիւն
«Համազգային»ի ու համազգայնականին մօտ ծաղկած՝ տեսլականի յարատեւման հորիզոնը աննահանջ իր հաստատ երթը կը շարունակէ իր զարգացման լաւատես յոյսով: Այս մղումը արմատացած է երիտասարդներու սրտին մէջ ինքնավստահութեան զգացումով ու համոզումով:
Մեր ժողովուրդը միշտ ալ պիտի կանգնի մեր երիտասարդութեան մօտ:
Ոյժ տանք հայոց լեզուին, հայկական արժէքներուն եւ ազգային մեր գաղափարախօսութեան:
Վարձքը կատար աշխատողներուն ու անոնց կողքին եղողներուն:

Համազգայինի թղթակից