­Շա­բաթ, 4 ­Մա­յիս 2019ի ե­րե­կո­յեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնո­ւող «­Հա­յաս­տան» սրա­հէն ներս գու­մա­րո­ւե­ցաւ «­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ան­դա­մա­կան ընդհ. ժո­ղո­վը, ուր ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան վար­չու­թեան նա­խորդ եր­կու տա­րո­ւան նիւ­թա-բա­րո­յա­կան տե­ղե­կա­գիրն ու միու­թեան յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­ներն ու գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը։
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի՝ ընկ. ­Տի­րու­հի ­Ղա­լի­լէա-­Գալ­ֆա­յեան, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լո­րին եւ իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք յա­ջող­ցու­ցին այ­սօ­րո­ւան ան­դա­մա­կան ընդհ. ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ա­պա կա­տա­րո­ւե­ցաւ դի­ւա­նի ընտ­րու­թիւն, որ­պէս նա­խա­գահ ու­նե­նա­լով ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան եւ որ­պէս քար­տու­ղար՝ Ընկ. ­Գոռ ­Վի­րա­բեան։
­Միու­թեանս եր­կա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան զե­կոյ­ցը ըն­թեր­ցեց շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեանն ու նիւ­թա­կան զե­կոյ­ցը՝ ընկ. ­Տիգ­րան ­Սարգ­սեա­նը։
­Բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տե­լով հան­դերձ տե­ղե­կա­գի­րի եւ նիւ­թա­կա­նի զե­կոյց­նե­րը, տե­ղի ու­նե­ցան տե­ղե­կա­գի­րի եւ նիւ­թա­կա­նի քննար­կում եւ զա­նա­զան տե­սա­կի ա­ռա­ջարկ­ներ ու չնա­խա­տե­սո­ւած հար­ցեր քննար­կո­ւե­ցան ներ­կա­նե­րուն կող­մէ։
­Տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։
Ա­պա, տե­ղի ու­նե­ցան հա­շո­ւեքն­նիչ եւ քո­ւէա­խոյզ յանձ­նա­խում­բե­րու ընտ­րու­թիւն՝ կազ­մո­ւած հե­տե­ւեալ ըն­կեր­նե­րէ.-
­Հա­շո­ւեքն­նիչ յանձ­նա­խումբ.- ընկ. ­Մա­նի­շակ ­Գաս­պա­րեան, ընկ. ­Տիգ­րան Պ­լէ­ճեան եւ ընկ. ­Կա­րա­պետ ­Նա­տեան։
­Քո­ւէա­խոյզ յանձ­նա­խումբ.- Ընկ. ­Ռու­զա­նա ­Զա­քա­րեան, ընկ. ­Ռու­բէն ­Ֆա­լա­տեան եւ ընկ. Ար­սէն ­Գալ­ֆա­յեան։
Ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ նոր վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւն, ուր ընտ­րո­ւե­ցան հե­տե­ւեալ ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րը, ո­րոնք 16 ­Մա­յիս 2019ի ի­րենց անդ­րա­նիկ ժո­ղո­վի գու­մար­ման ըն­թաց­քին դի­ւան կազ­մե­ցին հե­տե­ւեալ անձ­նա­կազ­մով.-
1) Ընկ. ­Տի­րու­հի ­Ղա­լի­լէա-­Գալ­ֆա­յեան՝ ա­տե­նա­պե­տու­հի
2) Ընկ. ­Մար­տիկ ­Մար­տի­կեան՝ փոխ-ա­տե­նա­պետ
3) Ընկ. ­Տիգ­րան ­Սարգ­սեան՝ գան­ձա­պահ
4) Ընկ. ­Մե­լին ­Գա­րաօղ­լա­նեան՝ խորհր­դա­կան
5) Ընկ. ­Ռո­զա ­Թեր­զեան՝ խորհր­դա­կան
6) Ընկ. ­Լի­լիթ ­Շահ­զա­տէ­յեան՝ խորհր­դա­կան
7) Ընկ. ­Նա­տիա ­Պէք­թա­շեան՝ խորհր­դա­կան
8) Ընկ. ­Գոռ ­Վի­րա­բեան՝ խորհր­դա­կան
9) Ընկ. Ա­նա­հիտ ­Գա­րաօղ­լա­նեան՝ խորհր­դա­կան
­Վար­չու­թիւ­նը խորհր­դա­կա­ցա­կան ձայ­նով իր կազ­մին մէջ ըն­դու­նեց Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեա­նը, որ պի­տի վա­րէ վար­չու­թեան ա­տե­նադպ­րու­թեան պաշ­տօ­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ ընկ. ­Մարգ­րիտ ­Տէօք­մէք­ճեա­նը։