­Քա­նի մը տա­րո­ւան ընրդ­մի­ջու­մէն ետք, որ ստի­պո­ղա­բար պար­տադ­րո­ւե­ցաւ հա­մա­վա­րա­կի տա­րա­ծու­մին պատ­ճա­ռով, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի կա­ռոյ­ցը դար­ձեալ ներ­կա­յա­ցաւ հան­րու­թեան առ­ջեւ, եր­գա­պա­րա­յին շքեղ հան­դի­սու­թեամբ եւ ժո­ղովր­դա­յին խրախ­ճան­քով մը, որ լա­ւա­գոյն տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը թո­ղուց հայ հան­րու­թեան։
­Հա­մազգ­գա­յի­նի պա­րի միա­ւո­րի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Շա­բաթ, 28 ­Յու­նուար 2023-ի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Վա­հան եւ ­Տի­րու­հի ­Տէր ­Յով­սէ­փեան» մար­զա­դաշ­տը ժա­մադ­րա­վայ­րը ե­ղաւ ա­ւե­լի քան 350 հայ­րե­նա­կից­նե­րու, ո­րոնք փու­թա­ցած էին ըմ­բոշխ­նե­լու հայ եր­գի ու պա­րի շարք մը, մաս­նակ­ցու­թեամբ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ե­րեք պա­րա­խում­բե­րուն եւ հայ եր­գիչ­նե­րու։ Ե­լոյ­թի նպա­տակն էր ա­պա­հո­վել անհ­րա­ժեշտ գու­մա­րը՝ վե­րա­նո­րո­գե­լու հա­մար պա­րա­խում­բի բո­լոր տա­րազ­նե­րիը, ո­րոնք պի­տի գոր­ծա­ծո­ւին ­Մա­յի­սի ե­լոյ­թին։
Խ­րախ­ճան­քէն ա­ռաջ, ար­դէն մեծ ե­ռու­զեր կը տի­րէր մար­զա­դաշ­տի մուտ­քին, ո­րով­հե­տեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի բա­րե­րար­նե­րու՝ «­Վա­հան եւ ­Տի­րու­հի ­Տէր ­Յով­սէ­փեան»նե­րու ա­նու­նով փակ մար­զա­դաշ­տի ա­նո­ւա­նա­տու­չու­թիւ­նը։ Ար­դէն, մեր թեր­թի 2 ­Փետ­րո­ւա­րի թի­ւով տո­ւինք ման­րա­մասն թղթակ­ցու­թիւ­նը այդ նշա­նա­կա­լից ե­լոյ­թին։
­Հա­մազ­գա­յի­նի կազ­մա­կեր­պած խրախ­ճան­քին ներ­կայ ե­ղան ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ­Նի­քէա­յի քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս Իոա­քի­մի­տիս, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Գո­քի­նիոյ «­Վա­րան­դեան» կո­մի­տէի կազ­մը, Հ.Կ.­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն­նե­րը եւ տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րը։ Ա­ւե­լի քան 350 հայ­րե­նա­կից­ներ ո­ղո­ղած էին վե­րա­նո­րո­գո­ւած մար­զա­դաշ­տը, ստեղ­ծե­լով հա­յա­բոյր գե­ղե­ցիկ մթնո­լորտ մը։
­Բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ընկ. Ան­դօ ­Շահ­պա­զեա­նի կող­մէ, որ յայտ­նեց ե­լոյ­թի նպա­տա­կը եւ շեշ­տեց նոր տա­րազ­նե­րու ա­պա­հով­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ նոր տես­քով եւ պա­րե­րով ներ­կա­յա­նալ հան­րու­թեան առ­ջեւ։ Ան հրա­ւի­րեց բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ներ­կայ ըլ­լա­լու ­Մա­յի­սի սկիզ­բը ծրագ­րո­ւած պա­րախմ­բա­յին հա­մոյ­թին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ա­յիա ­Փա­րաս­քե­ւիի գո­լե­ճի թա­տե­րաս­րա­հին մէջ։ ­Հան­դի­սա­վա­րը ներ­կա­յա­ցուց նաեւ օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րը եւ բո­լո­րին մաղ­թեց բա­րի վա­յե­լում։
­Յայտ­նու­թիւն մը ե­ղաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Մա­րա­լօ», «­Նա­նոր« եւ «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բե­րու ե­րե­ւու­մը դաշ­տին մէջ, մօտ 100 երկ­սեռ պա­տա­նի­նե­րու եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, ո­րոնք ի­րենց գլխա­ւոր պա­րու­սոյց Էտ­կար Է­կեա­նի եւ օգ­նա­կան Ան­նա ­Պօ­ղո­սեա­նի ար­հես­տա­վարժ ու­սու­ցու­թեան տակ, զմայ­լե­ցին ներ­կա­նե­րը եւ ան­սահ­ման խան­դա­վա­ռու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ խլե­ցին ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ։
Որ­քա՜ն խրա­խու­սիչ էր տես­նել «­Մա­րա­լօ»-ի փոք­րիկ­նե­րը, ո­րոնք նուրբ շար­ժում­նե­րով գե­ղեկ­ցօ­րէն հրամ­ցու­ցին ի­րենց պա­րե­րը, տա­լով ա­պա­գա­յի խոս­տում­նա­լից նա­խան­շա­նը՝ ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի խում­բե­րուն մէջ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար ի­րենց զբա­ղու­մը հայ պա­րով։
«­Նա­նոր» պա­րա­խում­բի պա­տա­նի­նե­րը ի յայտ բե­րին լաւ պատ­րաս­տո­ւած եւ ինք­նավս­տահ ներ­կա­յա­ցում մը. ա­նոնք այ­լեւս պատ­րաստ են ա­ռան­ձին ներ­կա­յա­ցում­նե­րով կամ հա­ւա­քա­բար ցոյց տալ ամ­բող­ջա­կան ծրա­գիր մը։ Տ­ղոց եւ աղ­ջիկ­նե­րու հա­մա­կար­գո­ւած շար­ժու­ձե­ւե­րը ցոյց տո­ւին, թէ անց­նող ա­միս­նե­րուն որ­քան հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք տա­րո­ւած է կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։
Ալ ինչ­պէս ար­տա­յայ­տո­ւիլ «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բին մա­սին, որ սոյն ձեռ­նար­կի նպա­տա­կին հա­մար հրա­ւի­րած էր նաեւ ան­ցեա­լի պա­րող­նե­րը, ո­րոնք ներ­կայ պա­րող­նե­րու կող­քին, կա­խար­դա­կան ներ­կա­յաց­ման մը հրճո­ւան­քը պատ­ճա­ռե­ցին ներ­կայ բազ­մու­թեան։ Տ­ղոց առ­նա­կան շար­ժում­նե­րով եւ աղ­ջիկ­նե­րու հե­զաճ­կուն շար­ժու­ձե­ւե­րով հայ պա­րի նմուշ­նե­րը բարձր ո­գե­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծե­ցին։ ­Խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը հա­սաւ իր գա­գաթ­նա­կէ­տին, երբ պա­րա­խում­բը կա­տա­րեց «­Բերդ» պա­րը, ուր ծա­ծա­նե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի դրօշ­նե­րը, մինչ ժո­ղո­վուր­դը ջերմ բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով իր զգա­ցում­նե­րը կ­՚ար­տա­յայ­տէր։ Այս բո­լո­րին հա­մար գնա­հա­տան­քի յա­տուկ խօսք կ­՚եր­թայ ընկ. էտ­կար Է­կեա­նին եւ ընկ. Ան­նա ­Պօ­ղո­սեա­նին, ո­րոնք տա­րի­նե­րու ի­րենց նո­ւի­րու­մով յա­ջո­ղած են լաւ պատ­րաս­տո­ւած պա­րա­խում­բեր պա­հել։
­Յայ­տա­գի­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան եր­գե­րով։ ­Բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ յու­նա­կան հե­ռա­տե­սի­լէն եր­գի մրցու­մի մաս­նակ­ցող երգ­չու­հի Ար­մի­նէ ­Բա­րի­կեան, որ եր­գիչ ու նո­ւա­գող ­Յով­սէփ ­Թո­փա­լեա­նի նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ հմա­յեց ներ­կա­նե­րը հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան եր­գա­ցան­կով մը։ Իս­կա­պէս, Ար­մի­նէի մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի էր, որ իր խո­րունկ ձայ­նով եւ ար­տա­յայտ­չա­կան ե­րան­գա­ւո­րու­մով գե­ղեց­կա­ցուց ե­լոյ­թի յայ­տա­գի­րը։ ­Յատկ­շա­նա­կան էր իր մե­նա­պա­րը ­Հա­մազ­գա­յի­նի եր­կու պա­րող­նե­րու՝ ընկ. ­Մա­րի ­Տան­կու­րեա­նի եւ ­Սու­լա ­Պար­տաք­ճեա­նի կող­քին, ո­րոնք հե­զա­սահ շար­ժում­նե­րու նրբու­թեան մէջ ստեղ­ծե­ցին գե­ղե­ցիկ պատ­կեր մը։
Ա­պա, եր­գիչ ­Յով­սէփ ­Թո­փա­լեան խան­դա­վառ եր­գա­ցան­կով մը ոտ­քի հա­նեց ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը եւ հրա­ւի­րեց պա­րել հայ­կա­կան շուրջ­պա­րեր, ուր մեծն ու փոք­րի­կը միաս­նա­բար ա­ւե­լի ջեր­մա­ցու­ցին մթնո­լոր­տը։
Ե­լոյ­թին հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած էր ճոխ ու յար­գի նո­ւէր­նե­րով վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն։ ­Նո­ւէր­նե­րը սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րո­ւած էին հայ­րե­նա­կից­նե­րու կող­մէ։
­Հա­մազ­գա­յի­նի կա­ռոյ­ցը կա­րո­ղա­ցաւ ո­գե­ւո­րու­թիւն պատ­ճա­ռող իր ե­լոյ­թով հա­մախմ­բել հայ­րե­նա­կից­նե­րու ստո­ւար թիւ մը։ ­Գո­վե­լի էր ե­րի­տա­սարդ տար­րի զօ­րա­շար­ժը ե­լոյ­թը կա­տա­րե­լա­պէս հրամց­նե­լու ճի­գին մէջ։ ­Թէ՛ յայ­տա­գի­րի ան­թե­րի ներ­կա­յա­ցու­մով, թէ՛ ալ ըն­դու­նե­լու­թեան ու սպա­սար­կու­թեան յա­ջող մա­տու­ցու­մով, ­Հա­մազ­գա­յի­նի վար­չա­կան միա­ւոր­նե­րը ու ա­նոնց շուրջ բո­լո­րո­ւած ե­րի­տա­սարդ խա­ւը յա­ջո­ղա­պէս կազ­մե­ցին խոս­տում­նա­լից ա­պա­գա­յի մը խո­րա­պատ­կե­րը։
­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։