Եր­կու­շաբ­թի՝ 12 ­Փետ­րո­ւար 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին ­Հայ Կր­թա­կան ու Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան» պա­րի միա­ւո­րին գա­թա­յի կտրու­մը։
­Ներ­կայ էին «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը իր լրիւ կազ­մով, պա­րի միա­ւո­րի վար­չու­թիւ­նը, պա­րու­սոյց ընկ. Էտ­կար Է­ղեան, «­Նա­նոր» պա­րա­խում­բի պա­րու­սոյց ընկ. Ան­նա ­Պօ­ղո­սեան, պա­րա­խում­բի երկ­սեռ ան­դամ­ներ, ծնող­ներ։
Ե­րե­կո­յին բա­ցու­մը կա­տա­րեց միա­ւո­րի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ընկ. Անդ­րա­նիկ ­Շահ­պա­զեան, որ ամ­փոփ զե­կու­ցու­մով մը խօ­սե­ցաւ պա­րա­խում­բե­րու յա­ջորդ ա­միս­նե­րու ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին՝ ­Մա­յի­սեան 100ա­մեա­կի կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նար­կին պա­րա­խում­բե­րու մաս­նակ­ցու­թեան, Ապ­րիլ 29ին ­Ղա­լա­ցիի գոց մար­զա­դաշ­տին մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք գե­ղա­րո­ւես­տա­կան փա­ռա­տօ­նի մը, ­Մար­տի սկիզ­բը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ա­մեա­կի առ­թիւ հրա­պա­րա­կա­յին պա­րա­յին ե­լոյ­թի մը, Է­ղիո­յի մէջ ­Յու­լիս 13ին տե­ղի ու­նե­նա­լիք մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի մը, եւ տա­կա­ւին այլ ե­լոյթ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան՝ մին­չեւ ա­մառ։
Ըն­կեր ­Շահ­պա­զեան կտրեց կար­կան­դակ­նե­րը, որ բաշ­խո­ւե­ցան բո­լոր ներ­կա­նե­րուն։
Ա­պա՝ խօսք տրո­ւե­ցաւ պա­րա­խում­բե­րու ընդ­հա­նուր պա­տաս­խա­նա­տու պա­րու­սոյց Էտ­կար Է­ղեա­նին, որ խօ­սե­ցաւ պա­րա­խում­բե­րու ե­րեք տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու եր­կու ա­միս­նե­րէ սկսած փոր­ձե­րու մա­սին՝ փոք­րե­րու «­Մա­րա­լօ», միջ­նեկ­նե­րու՝ «­Նա­նոր» եւ ե­րէց­նե­րու՝ «­Նա­յի­րի»։
­Խօսք տրո­ւե­ցաւ նաեւ «­Նա­նոր» պա­րա­խում­բի պա­րու­սոյց ընկ. Ան­նա ­Պօ­ղո­սեա­նի, որ շնոր­հա­ւո­րեց պա­րա­խում­բե­րու աշ­խա­տան­քը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ա­պա­գայ ծրա­գիր­նե­րու հա­մար։
­Վեր­ջին խօ­սո­ղը ե­ղաւ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նը, որ նշեց, թէ 2018 թո­ւա­կա­նը բե­ղուն տա­րի մը պի­տի ըլ­լայ «­Հա­մազ­գա­յին»ի պա­րա­խում­բե­րուն հա­մար, ծրագ­րո­ւած ե­լոյթ­նե­րու հա­րուստ ու յա­ջոր­դա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռաւ։
­Միա­ւո­րի վար­չու­թիւ­նը կը ծրագ­րէ կրտսեր­նե­րու «­Մա­րա­լօ» բաժ­նի գա­թա­յի կտրու­մը՝ պա­րող­նե­րու, ծնող­նե­րու եւ ի­րենց պա­րու­սոյց ընկ. Ար­մի­նէ Մկրտ­չեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

«­Հա­մազ­գա­յին»ի Թղ­թա­կից