­Շա­բաթ, 10 ­Սեպ­տեմ­բեր 2022-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8:20-ին, ­Նէոս ­Գոզ­մոս շրջա­նի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի, «­Թագ­ւոր եւ ­Ռո­զա Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Ա­թէն­քի «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բի նո­րան­շա­նակ յանձ­նա­խում­բին նա­խա­ձեռ­նած, հան­դի­պում–­հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը, գո­հա­ցու­ցիչ թի­ւով ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րու ներ­կա­յու­թեան:
Ո­րոշ թի­ւով ան­դամ­–ան­դա­մու­հի­ներ նա­խա­պէս տե­ղե­կա­ցու­ցած էին յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն, որ թէեւ պի­տի շա­րու­նա­կեն մաս­նակ­ցիլ երգ­չա­խում­բի աշ­խա­տանք­նե­րուն, սա­կայն դժբախ­տա­բար այդ օ­րը, կամ­քէ բո­լո­րո­վին ան­կախ պատ­ճառ­նե­րով պի­տի չկա­րո­ղա­նա­յին ներ­կայ ըլ­լալ հան­դի­պու­մին:
­Յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լէ ետք, ըն­կեր ­Սեր­գօ ­Մի­նա­սեան ներ­կա­նե­րէն խնդրեց, որ վայր­կեա­նի մը յոտն­կայս լռու­թեամբ, յար­գո­ւի յի­շա­տա­կը մեզ­մէ առ յա­ւէտ բաժ­նո­ւած հա­մազ­գայ­նա­կան­նե­րուն եւ ի մաս­նա­ւո­րի, երգ­չա­խում­բի նախ­կին ան­դամ­–ան­դա­մու­հի­նե­րուն:
­Յա­ջոր­դա­բար սկսաւ գոր­ծադ­րո­ւիլ օ­րո­ւան յայ­տագի­րը:
Ըն­կեր ­Մի­նա­սեան նախ ներ­կա­յա­ցուց նո­րանշա­նակ յանձ­նա­խում­բին կազ­մը ու դի­ւա­նը, (ա­տե­նա­պետ՝ ըն­կեր Ա­սա­տուր Ե­զե­կիէ­լեան, քար­տու­ղար՝ ըն­կեր ­Սեր­գօ ­Մի­նա­սեան, գան­ձա­պահ՝ ըն­կե­րու­հի ­Ծո­վի­նար ­Մի­նա­սեան, խորհրդակ­ցա­կան ձայ­նով՝ ըն­կե­րու­հի­ներ ­Մա­րիամ ­Ջա­մար­դեան եւ Ա­նի ­Գէոր­գեան), յա­ջոր­դա­բար կարճ զե­կոյց մըն ալ տո­ւաւ, յանձ­նա­խում­բին մին­չեւ այ­սօր ի­րա­գոր­ծած աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին:
­Յա­ջոր­դա­բար ձայն տրո­ւե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ ըն­կե­րու­հի ­Վեր­ժին ­Կա­րա­պե­տեա­նին, ներ­կայ ան­դամ­–ան­դա­մու­հի­նե­րուն ուղ­ղե­լու հա­մար ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­վար­չու­թեան ող­ջոյ­նի խօս­քը:
Ըն­կե­րու­հի ­Կա­րա­պե­տեան նախ ներ­կա­յա­ցուց 1922-ի Իզ­մի­րի ջար­դէն մա­զա­պուրծ ա­զա­տած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ո­րոնց կար­գին նաեւ կարգ մը մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն ամ­փոփ պատ­մու­թիւ­նը, մաս­նա­ւո­րա­պէս նշե­լով, որ հա­կա­ռակ ­Յու­նաս­տա­նի հիւրըն­կալ ա­փե­րուն վրայ ի­րենց դի­մագ­րա­ւած, ապ­րուս­տի նախ­նա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, ի­րենք ա­մէն ջանք ու ճիգ թա­փե­ցին հիմ­նե­լու հա­մար հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ ու միու­թիւն­ներ, ո­րոնց կար­գին նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նը:
Ըն­կե­րու­հին վեր­ջա­ցուց իր ող­ջոյ­նի խօս­քը, յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով երգ­չա­խում­բի ա­պա­գայ բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րուն ու ծրագ­րում­նե­րուն:
­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ՝ ըն­կեր Ա­սա­տուր Ե­զե­կիէ­լեան խօսք առ­նե­լով, բա­ցատ­րեց երգ­չա­խում­բին մին­չեւ օրս դի­մագ­րա­ւած բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ա­մէ­նա­լուր­ջը ե­ղած է Քո­րո­նա հա­մա­վա­րա­կը, ո­րու հե­տե­ւան­քով երգ­չա­խում­բը դժբախ­տա­բար չէ կա­րո­ղա­ցած կա­նո­նա­ւո­րա­պէս գոր­ծել 2020 թո­ւա­կա­նէն, այ­սինքն մօ­տա­ւո­րա­պէս ե­րեք տա­րիէ ի վեր: ­Ներ­կա­յա­ցուց յանձ­նա­խում­բի ա­պա­գայ ծրագ­րում­նե­րը, խոր­քին մէջ վե­րա­կազ­մե­լու եւ վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լու հա­մար «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բը:
­Վեր­ջին խօսք առ­նո­ղը ե­ղաւ խմբա­վար, ըն­կեր՝ Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նը, որ ներ­կա­յա­ցուց իր մտա­ծում­նե­րը, երգ­չա­խում­բի ա­պա­գայ աշ­խա­տա­ձե­ւին ու ո­րոշ հայ­կա­կան ու օ­տար կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ:
­Մեր յար­գե­լի, տա­ղան­դա­ւոր ու մա­նա­ւանդ սի­րո­ւած խմբա­վա­րը, ան­գամ մը եւս պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց, ան­ցեա­լի նման պէտք ե­ղա­ծէն մէկ ա­ւե­լի ժա­մա­նակ տրա­մադ­րե­լու երգ­չախմ­բա­յին փոր­ձե­րուն, գե­ղե­ցիկ ու ներ­դաշ­նակ ամ­բող­ջու­թիւն մը մէջ­տեղ բե­րե­լու հա­մար:
­Յա­ջոր­դա­բար ըն­կեր նա­խա­գա­հը ձայն տո­ւաւ ներ­կայ ան­դամ­նե­րուն, յանձ­նա­խում­բին փո­խան­ցե­լու հա­մար ի­րենց անձ­նա­կան ա­ռա­ջարկ­նե­րը: Ե­ղան ո­րոշ հար­ցում­ներ, ո­րոնց տրո­ւե­ցան լու­սա­բա­նա­կան պա­տաս­խան­ներ:
­Հան­դի­պու­մին «պաշ­տօ­նա­կան» բա­ժի­նի ամ­բող­ջաց­ման, յա­ջոր­դեց հա­մեստ հիւ­րա­սի­րու­թիւն մը, պատ­րաս­տո­ւած երգ­չա­խում­բի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ:
­Հան­դի­պու­մը իր ա­ւար­տին հա­սաւ, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 10:30-ին:

Ս. Մ.