Չորեքշաբթի, 25 Յունուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Նէոս Գոզմոս շրջանի «Արամ Մանուկեան» ակումբի, «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ «Համազգային»ի Աթէնքի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած, ամանորեայ գաթայի կտրում-բաշխումը, համեստ թիւով անդամ — անդամուհիներու ներկայութեան:
Յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ընկեր Սերգօ Մինասեան, նախ շնորհաւորեց Նոր Տարին, ապա մաղթեց, որ 2023-ը ըլլայ բերի տարի մը, մեր բոլորին անձնական ու ազգային նպատակակէտերուն իրականացման համար:
Յաջորդաբար հրաւիրեց Ֆիքսի հոգեւոր հովիւ, արժանապատիւ Տէր Նարեկ քահանայ Շահինեանը օրհնելու համար ամանորեայ գաթան: Արժանապատիւ քահանայ հայրը, օրհնելէ եւ խաչահատելէ ետք գաթան, իր սրտաբուխ բարեմաղթանքները փոխանցեց ներկայ ընկեր ընկերուհիներուն, մաղթելով, որ Նոր Տարին բոլորիս համար՝ առողջ, նպաստաւոր ու բարգաւաճ տարի մը ըլլայ:
«Համազգային»ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան երգչախումբի յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկերուհի Վերժին Կարապետեան վարչութեան բարեմաղթանքները փոխանցեց ներկաներուն տեղեկացնելով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, հովուապետական այցելութեամբ պիտի գտնուի Յունաստան եւ իրեն ի պատիւ տեղի ունենալիք հանդիսութեան, առաջարկուած է մասնակցութիւնը նաեւ «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբին:
Յաջորդաբար՝ Երգչախումբին յանձնախումբին կողմէ խօսք առնելով, ատենապետ ընկեր Ասատուր Եզեկիէլեան, իր կարգին բարեմաղթանքներ ընելէ ետք, ըսաւ՝ որ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Յունաստան այցելութիւնը, իսկապէս, որ յարմար առիթ մըն է «Յ. Փափազեան» երգչախումբին բեմ բարձրանալու, սակայն նկատի առնելով երգչախումբին ներկայ վիճակը, նման քայլ մը եթէ ոչ անկարելի, գէթ՝ չափազանց դժուար պիտի ըլլայ: Այսօրուան պատկերը յոռետես է եւ Քորոնա համավարակին հետեւանքով մօտաւորապէս երեք տարուան անգործութենէն ետք, հակառակ յանձնախումբին տարած բոլոր աշխատանքերուն, դժբախտաբար չէ յաջողուած առողջ ու ապագայ խոստացող երգեցիկ խումբ մը մէջտեղ բերել: Անդամներու բացակայութիւնը զգալի է, մանաւանդ տղոց պարագային: Ընկեր ատենապետը վերջացուց իր խօսքը, ներկայ ընկեր ընկերուհիներուն պարզելով յանձնախումբին մտածումները, խորքին մէջ վերակազմելու եւ վերաշխուժացնելու համար «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ խմբավար, ընկեր Մկրտիչ Գրիգորեան, որ իր կարգին բարեմաղթանքներ ընելէ ետք յիշեցուց, որ այսօրուան նման՝ ճիշդ երեք տարի առաջ տեղի ունեցած էր Կոմիտաս Վարդապետին ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած երգչախմբային բացառիկ համերգը: Դժբախտաբար սակայն՝ երգչախումբին ներկայ յուսահատական եւ վհատ պատկերը, որեւէ նմանութիւն չունի այդ օրերուն իր ունեցած կայտառ եւ խոստմնալից պատկերին հետ: Սիրելի ընկեր խմբավարը, ներկայացուց իր մտածումները, երգչախումբին ապագայ աշխատաձեւին վերաբերեալ, անգամ մը եւս յայտնելով իր պատրաստակամութիւնը, պէտք եղածէն մէկ աւելի ժամանակ տրամադրելու երգչախումբին, այդ նախապայմանով սակայն, որ իր տրամադրելիք այդ յաւելեալ ժամանակը, խոստմնալից արդիւնքի մը յանգի ու պատճառ դառնայ գեղեցիկ եւ ներդաշնակ ամբողջութիւն մը մէջտեղ բերելու:
«Համազգային»ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ.հի Յուլիա-նա Մանուկեան տեղեկացուց, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովուապետական այցելութեան ի պատիւ տեղի ունենալիք հանդիսութեան, դերեւս կարողանայ մասնակցիլ նաեւ «Համազգային»ի Թեսաղոնիկէի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբը, ինչպէս նաեւ Գոմոթինիի շրջանի՝ «Մշակութային Միութեան» անդամներու պարախումբը եւ երգչախումբը: Մինչ օրս կը քննուին մասնակցութեան կարելիութիւնները:
Յաջորդաբար ձայն տրուեցաւ անդամներուն, ներկայացնելու համար իրենց անձնական միտքերը եւ առաջարկները: Տեղի ունեցան կարծիքներու փոխանակումներ եւ շինիչ առաջարկներ:Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ, երեկոյեան ժամը 10:30-ին:
Ս. Մ.էն