­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յին ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, ըն­դա­ռա­ջե­լով UNESCOի ­Պա­րի ­Մի­ջազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի (CID — International Dance Council) հրա­ւէ­րին, Ուր­բաթ՝ 7 ­Յու­լի­սի ա­ռա­ւօ­տեան ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Փ­լա­քա­յի Մ­շա­կու­թա­յին ­Խոր­հուր­դի «­Պա­րի ­Տան» ե­ռա­յարկ շէն­քի Ա. յար­կի «Աէ՛­րի­տէս» սրա­հէն ներս (­Լի­սիու 11)։
­Սոյն հա­մա­գու­մա­րը կը վա­յե­լէր UNESCOի Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մշա­կոյ­թի եւ կրթա­կան նա­խա­րա­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ կազ­մա­կեր­պո­ւած էր՝ ­Պա­րի ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Խոր­հուր­դի 30ա­մեա­կին եւ խորհր­դա­ժո­ղով-հա­մա­գու­մար­նե­րու 50ա­մեա­կին ա­ռի­թով, «World Congress on Dance Research» ընդ­հա­նուր խո­րագ­րով, եւ ա­նոր կո­չո­ւած էին մաս­նակ­ցե­լու 50 եր­կիր­նե­րէ 500 ժո­ղո­վա­կան­ներ, պա­րու­սոյց­ներ, պա­րող­ներ, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ եւ 170 եր­կիր­նե­րէ խում­բեր ու պա­րա­յին դպրոց­ներ։
UNESCOն՝ ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան ­Գի­տու­թեան եւ Մ­շա­կոյ­թի ոչ կա­ռա­վա­րա­կան (NGO) կազ­մա­կեր­պու­թիւնն է, կեդ­րոն ու­նե­նա­լով ­Փա­րի­զը։ ­Նոյն օ­րո­ւան ե­րե­կո­յեան «­Տո­րա Սթ­րա­թու» բա­ցօ­թեայ թատ­րո­նի բե­մէն ե­լոյթ ու­նե­ցան ար­տա­սահ­մա­նեան խում­բեր։ Այս ե­լոյթ­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բի երկ­սեռ խում­բը պի­տի պա­րէ ­Սեպ­տեմ­բեր 11ին, կամ 25ին։ (Մեր հան­րու­թիւ­նը տե­ղեակ պի­տի պա­հո­ւի յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը)։
­Հա­մա­գու­մա­րին ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ­Կա­նո­նագ­րի ու Հ­րա­տա­րակ­չա­կան ­Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ ընկ. ­Վեր­ժին ­Տէր-­Յո­վա­կի­մեան, որ անգ­լե­րէն լե­զո­ւով եւ 20 վայր­կեան տե­ւո­ղու­թեամբ գե­ղե­ցիկ ներ­կա­յա­ցում մը ը­րաւ, խօ­սե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան, ե­րաժշ­տու­թեան, պա­րի, ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի կա­ռոյ­ցի ու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։ ­Ներ­կա­նե­րը հե­տաքրք­րու­թեամբ լսե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ցեա­լի (­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն), ան­կա­խու­թեան, Ս­փիւռ­քի եւ ­Հայ­րե­նի­քին մէջ հայ մշա­կոյ­թի ա­կա­դե­մա­կան բարձր ո­րա­կին մա­սին։
­Կը շնոր­հա­ւո­րենք ըն­կե­րու­հին իր լաւ պատ­րաս­տուած աշ­խա­տան­քին հա­մար։
­Հա­մա­գու­մա­րին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ