­Նե­ցուկ կանգ­նե­լով հա­յոց բա­նա­կին, միա­նա­լով ազ­գա­յին կո­չին՝ «­Հա­մազ­գա­յին»ի Ատ­տի­կէի «­Սօս-­Վա­նի» վար­չու­թիւ­նը, ­Միու­թեան Շրջ. վար­չու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, կազ­մա­կեր­պեց դրա­մա­հա­ւաք՝ զե­տե­ղե­լով իր կրպա­կը ­Նէա Զ­միռ­նիի բազ­մա­մարդ կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ: Ուր­բաթ՝ 23 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, կէ­սօ­րէ ետք, տե­ղի ու­նե­ցաւ դրա­մա­հա­ւա­քի բա­ցու­մը, որ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ­Շա­բաթ եւ ­Կի­րա­կի օ­րե­րուն՝ մին­չեւ ուշ ե­րե­կո­յեան: ­Փայ­տա­շէն կո­կիկ կրպա­կը զար­դա­րո­ւած էր ­Հայաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ ­Յու­նաս­տա­նի դրօ­շակ­նե­րով, լո­զունգ­նե­րով՝ հա­յե­րէն, յու­նա­րէն, անգ­լե­րէն. «­Յաղ­թե­լու ենք», «StopTerrorism», «Hamazkayin with Artsakh», «Stop Erdoghan, Stop Aliyev»՝ Ար­ցա­խի պայ­քա­րին ըն­դա­ռաջ եւ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան դէմ: ­Հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը կը գրա­ւէին հայ­կա­կան ազ­գա­յին եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րը՝ հնչե­լով հրա­պա­րա­կի տա­րած­քին, ա­պա վար­չա­կան ըն­կեր­ներ բարձ­րա­խօ­սով կը ներ­կա­յաց­նէին թուրք եւ ա­զե­րի ո­սո­խի ծրագ­րած ցե­ղաս­պան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան լռու­թեան ներ­քոյ: ­Յու­նա­րէ­նով պատ­րաս­տո­ւած քա­րոզ­չա­կան թռու­ցիկ­ներ բաժ­նո­ւե­ցան ան­ցորդ­նե­րուն, որ ջա­նա­սի­րա­բար կը կա­տա­րէին հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան տա­րազ հա­գած մեր ե­րե­խա­նե­րը: ­Նաեւ՝ պաս­տա­ռին վրայ ցու­ցադ­րո­ւե­ցան պատ­կեր­ներ Ար­ցախ աշ­խար­հէն: Ե­րեք օ­րե­րու ըն­թաց­քին ալ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն ը­նող­նե­րուն կը տրա­մադ­րո­ւէին յու­շա­նո­ւէր­ներ, որ ժա­մա­նա­կին վար­չու­թիւ­նը ձեռք բե­րած էր ­Հա­յաս­տա­նէն: ­Յա­ռա­ջի­կա­յին, կը ծրագ­րո­ւի այլ հրա­պա­րակ­նե­րու վրայ եւս ի­րա­կա­նաց­նել դրա­մա­հա­ւաք՝ շա­րու­նա­կե­լով Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յոց ­Բա­նա­կի օ­ժան­դա­կու­թեան նո­ւի­րո­ւած սուրբ գոր­ծը:
Ըն­կեր­նե­րու պար­տա­ճա­նաչ եւ ո­գիով կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ՝ հա­ւա­քո­ւե­ցաւ պատ­կա­ռե­լի գու­մար մը՝ 1.150 եւ­րօ, եւ ողջ հա­սոյ­թը փո­խան­ցո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տան հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մին:
Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին:

#Յաղթելու ենք
«Համազգային»ի թղթակից