17 ­Մա­յի­սին, «­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի ա­նո­ւան ­Մա­տե­նա­դա­րան»ի նիս­տե­րու դահ­լի­ճին մէջ, «­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թիւ­նը, իր 90ա­մեա­կի յո­բե­լի­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ, ­Մա­տե­նա­դա­րա­նին նո­ւի­րեց 14-20րդ ­դա­րե­րու 27 ար­ժէ­քա­ւոր ձե­ռա­գիր­ներ (­Ծի­սա­կան գիր­քեր, ­Ժո­ղո­վա­ծու­ներ, ­Յայս­մա­ւուրք, ­Սաղ­մո­սա­րան, ­Գան­ձա­րան, Ա­ւե­տա­րան եւ այլն):
Այս ձե­ռա­գիր­նե­րու կազ­մու­թեան, գիր­քե­րու ցան­կագր­ման եւ անհ­րա­ժեշտ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով օժտ­ման աշ­խա­տան­քը կա­տա­րած է պատ­մա­բան Ե­րո­ւանդ ­Փամ­պու­քեան։
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն ­Վա­հան ­Տէր-­Ղե­ւոն­դեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ նման քայ­լի մը կա­րե­ւո­րու­թեան՝ ար­ժէ­քա­ւոր ձե­ռա­գիր­նե­րը ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի պահ­պան­ման յանձ­նե­լու ա­ռու­մով՝ նշե­լով, որ ­Մա­տե­նա­դա­րա­նը վեր­ջին 15 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, նման ար­ժէ­քա­ւոր ձե­ռա­գիր­նե­րու այս տա­րո­ղու­թեամբ նո­ւի­րա­տո­ւութիւն չէր ստա­ցած: ­Վա­հան ­Տէր-­Ղե­ւոն­դեան այս ար­ժէք­նե­րու հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը նշա­նա­կա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն նկա­տեց՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան այս գնա­հա­տե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար։
«­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­նու­նով խօսք ա­ռաւ վար­չու­թեան ան­դամ ­Վի­գէն ­Թիւ­ֆէնք­ճեան, որ ը­սաւ, թէ դա­րեր շա­րու­նակ զի­րենք ստեղ­ծող­նե­րուն նման տա­րա­գիր կեանք ապ­րե­լէ ետք՝ ար­դէն իսկ ի­րենց վերջ­նա­կան կայ­քին կը հաս­նին «­Հա­մազ­գա­յին»ի գուր­գու­րան­քին տակ պա­հո­ւած հայ մտքի ու ա­րո­ւես­տի 27 ար­ժէ­քա­ւոր նմոյշ­ներ, ո­րոնք ու­նին վեց հա­րիւր տա­րո­ւան կեն­սագ­րու­թիւն, կու գան հայ մտքի ու հա­ւատ­քի տա­րաբ­նոյթ ա­կունք­նե­րէն եւ կը կազ­մեն մեր ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեան կա­րե­ւոր ժո­ղո­վա­ծու­նե­րէն մէ­կը։
Ա­պա ան անդ­րա­դար­ձաւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի էու­թեան՝ հաս­տա­տե­լով, որ միու­թիւ­նը հո­վա­նա­ւո­րող ու կեն­սա­ւո­րող միու­թիւն մը չէ, այլ ու­նի ա­ռա­քե­լու­թիւն ազ­գա­յին ար­ժէք­ներն ու մշա­կոյ­թի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը պահ­պա­նե­լու եւ զա­նոնք նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու։ «­Միա­ժա­մա­նակ, «­Հա­մազ­գա­յին»ը կը ձգտի այդ նոյն ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րէն իսկ բխող ո­գիին ար­տա­յայ­տու­թեան նո­րա­րար ե­ղա­նակ­ներ տա­լու, կը բա­նայ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան նոր հար­թակ­ներ եւ կը հա­ւա­տայ, որ այդ ու­ղի­նե­րով կ’ա­պա­հո­վո­ւի դա­րե­րէն ե­կող մեր ազ­գա­յին գան­ձե­րու վե­րապ­րու­մը»,- ը­սաւ ան։
­Վի­գէն ­Թիւ­ֆէնք­ճեան ա­պա խօ­սե­ցաւ ­Մա­տե­նա­դա­րա­նին մա­սին՝ իբ­րեւ ցու­ցան­մոյշ­նե­րու ամ­փոփ­ման եւ ներ­կա­յաց­ման կա­րե­ւոր վայր։ «­Մա­տե­նա­դա­րա­նը մեր մտա­ւո­րա­կան ար­գա­սի­քին լա­ւա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը կը մէկ­տե­ղէ, բայց նաեւ կը հան­դի­սա­նայ այն վայ­րը, ուր հա­յու­թեան ազ­գա­յին գան­ձա­րա­նը ո՛չ միայն կը պահ­պա­նո­ւի, այլ նաեւ կ­’ար­ժա­նա­նայ ու­սում­նա­սի­րա­կան հե­տա­զօտ­ման, ո­րո­նե­լու հա­մար հա­յու­թեան հա­ւա­քա­կան ան­ցեա­լէն մեր ժա­ռան­գած ի­մաս­տու­թեան եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան եզ­րե­րը»։
Իր խօս­քին վեր­ջին բա­ժի­նով՝ ­Վի­գէն ­Թիւ­ֆէնք­ճեան լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ մե­րօ­րեայ կեան­քին մէջ ար­հես­տա­գի­տու­թեան նո­րու­թիւն­նե­րու եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ե­ղա­նակ­նե­րու սրըն­թաց ա­ճը՝ դի­տել տա­լով, որ այս բո­լո­րը կը մղեն մեզ անդ­րա­դառ­նա­լու ­Մա­տե­նա­դա­րա­նին յանձ­նո­ւող այս 27 ձե­ռա­գիր­նե­րը ստեղ­ծող­նե­րուն ան­խախտ նո­ւի­րու­մին եւ հա­մո­զու­մին՝ ար­տադ­րե­լու գոր­ծեր, ո­րոնց շնոր­հիւ ա­նոնք ա­պա­հո­վե­ցին հայ ինք­նու­թեան բա­ղադ­րիչ տար­րե­րուն վե­րապ­րու­մը սե­րուն­դէ սե­րունդ եւ դա­րէ դար։
«­Նիւ­թա­պաշտ մեր ներ­կա­յին մէջ, ուր ան­ցո­ղիկ տե­սա­նե­լիու­թիւ­նը դար­ձած է յա­ջո­ղու­թեան ար­ժե­չափ, այս ձե­ռա­գիր­նե­րուն հե­ղի­նակ­նե­րը խթա­նող հա­մո­զում­նե­րը եւ հա­ւատ­քը ա­ռա­ւել եւս ընդգ­ծե­լի ե­րե­ւոյթ­նե­րու կը վե­րա­ծո­ւին, ե­թէ մենք կ’ու­զենք ան­ցեա­լը կամր­ջել մեր ներ­կա­յին, մեր պատ­մու­թիւ­նը մե­զի ը­նե­լու հա­նա­պա­զօ­րեայ ըն­կե­րա­կից, ա­նոնց­մով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու եւ կեր­տե­լու հա­մար մեր ազ­գաիյն ինք­նու­թեան յա­րա­տե­ւումն ու տո­կուն ա­պա­գան»,- եզ­րա­փա­կեց ան։
­Ձե­ռա­գիր­նե­րու հա­ւա­քա­ծո­յին մա­սին ձեռ­նար­կին մաս­նա­կից­նե­րուն ընդ­հա­նուր եւ ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի գլխա­ւոր ա­ւան­դա­պահ, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր ­Գէորգ ­Տէր-­Վար­դա­նեան: ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն ­Վա­հան ­Տէր-­Ղե­ւոն­դեան «­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան յանձ­նեց շնոր­հա­կա­լա­գիր եւ ­Կի­լի­կիոյ մէջ 1173 թո­ւա­կա­նին գրուած Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիի «­Մա­տեան ող­բեր­գու­թեան» ձե­ռա­գի­րին ար­ծա­թա­կազմ շքեղ նմա­նա­հա­նու­թիւ­նը: