Կիրակի՝ 25 Հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Նէոս Գոզմոսի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակը, եւ յաւարտ ս. պատարագի արարողութեան կատարուեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն:
Պատարագի եւ հոգեհանգստեան արարողութեանց հանդիսապետեց թեմիս Առաջնորդ՝ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ յաւուր պատշաճի տուաւ իր պատգամը: Սուրբ պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր Նարեկ քհնյ. Շահինեան, եւ երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը ղեկավարութեամբ Պետիկ սրկ. Պարսամեանի:
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ անդրադառնալով օրուայ տօնին եւ առիթին, նշեց որ Հայ եկեղեցին կը տօնախմբէ Գիւտ խաչի տօնը, որ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւն մըն է Քրիստոսի խաչելութեան խաչափայտի յայտնաբերման եւ Երուսաղէմի տաճարին մէջ զետեղման: Տօնին խորհուրդին ակնարկելով ըսաւ՝ «Խաչի խորհուրդներէն մին կը հանդիսանայ զոհողութեան, զոհաբերման իմաստը: Քրիստոնէական ըմբռնումը զոհաբերումը կը հասկնայ կեանքի ընծայում աւելի կարեւոր նպատակի համար, անձնազոհութիւն` աւելի սուրբ եւ վսեմ նպատակի համար, ինչպէս Քրիստոս պատարագուեցաւ խաչին վրայ համայն մարդկութեան փրկութեան համար: Զոհաբերումը անհատին կողմէ կ՚ըլլայ ընդհանուրին փրկութեան համար»:
Խաչի տօնին խորհուրդին ընդմէջէն դիտելով Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակի յիշատակումը, Սրբազանը ըսաւ՝ «Հաճնոյ հերոսամարտը հարիւր տարիներ առաջ ցեղասպան թուրքին դէմ գոյամարտ մղող հայոց հերոսական շատ մը ինքնապաշտպանութիւններէն մէկն է, որ ութամսեայ դիմադրութենէ յետոյ, աւարտեցաւ Հաճընի բնակչութեան ոչնչացումով: Հերոսամարտը տխուր վախճան ունեցաւ, ոչ անոր համար որ հաճընցիներուն քաջութիւն կը պակսէր, այլ՝ հայը անգամ մը եւս անհաւասար ուժերու գուպարի մէջ բռնուած էր եւ անգամ մը եւս մեծ պետութեանց խաբուսիկ եւ խարդախ վերաբերմուրքին զոհ գացած էր: Բոլոր հերոսամարտերու քաջերու վերապրող սերունդները ուր որ ալ հասան եւ նոր կայք ու գաղութ կազմակերպեցին, ամէն տարի նշեցին հերոսամարտերու ամեակը, այդպիսով հաղորուելու եւ ոգեւորուելու իրենց քաջարի նախնեաց հերոսութիւնններով ու յատկապէս հայրենի հողի պաշտպանութեան ու հայրենասիրութեան զգացումով:
Տասնամեակներու ընթացքին սակայն, նոր սերունդներու մօտ կամաց կամաց սկսան հերոսամարտերու ոգեկոչումները եւ անկէ բխող ոգին ու ոգեւորող մթնոլորտը խամրիլ եւ դառնալ ձեւական հանդիսութիւն: Հանդիսութեան ձեւական բնոյթ ստանալուն հետ, հայրենասիրութեան ապրումը եւ զգացումն էր որ կը խամրէր, բան մը որ խիստ անհրաժեշտ բաղկացուցիչ տարր մըն է սփիւռքի տարածքին հասակ առնող իւրաքանչիւր նոր սերունդի ազգային դաստիարակութեան մէջ: Հերոսամարտերը անցեալին պատահած դէպքեր են, բայց անոնցմէ յառաջ եկած միտքն ու խորհուրդը մէկ է՝ հայրենասիրութեան զգացում եւ հայրենանուէր կեանք, ըլլայ ռազմաճակատի վրայ կամ խաղաղ կեանքի հայապահպանման գոյամարտին մէջ:
«Այսօր Հայաստան աշխարհը ու յատկապէս արցախահայութիւնը գոյութեան եւ ազատութեան հայրենական մեծ պատերազմ կը մղէ: Հարիւր տարիներ յետոյ նոյն պատկերը կը կրկնուի: Ուժերու անհաւասար պատերազմ, տետեսական շահերէ մեկնած մեծ պետութեանց մեղսակից եւ անպարկեշտ դիրքորոշում եւ հայ քաջերու նոր ու հիասքանչ սխրագործութիւններ: Ամբողջ աշխարհը, թէեւ դիտողի դիրքի մէջ, զարմանքով եւ հիացմունքով կ՚արտայատուի հայերու քաջարի դիմադրութեան մասին ընդդէմ զինուորական աւելի շատ կարելիութիւններ ունեցող թշնամիի:
Հայոց բանակին քաջագործութեանց հիմքը հայրենի հողին տէր կանգնելու հայրենասիրական զգացումն է: Այսօր նոր Սարդարապատ մըն է որ կը մղուի. զոհերը բաւական են, սակայն հաշուի առնելով ամբողջ արցախահայութեան ընդհանուր գումարը եւ անոնց ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը, պատերազմի դաշտին վրայ ինկած իւրաքանչիւր նահատակ, ամբողջ հայ ազգին փրկութեան զոհասեղանին վրայ մատուցուած զոհեր են:» Խօսքը ուղղելով հերոս հայ զինուորի ծնողներուն, Առաջնորդ Սրբազանը աւելցուց ըսելով, «Այսօր Արցախի հայրենի հողը ոգի ի բռին պաշտպանող ռազմաճակատի առաջին գիծի վրայ կեցած հայոց բանակի քաջարի զինուորներուն ետին պաշտպանութեան հզօր գօտին այդ հերոսներուն հերոսածին մայրերն ու հայրերն են՝ ամրօրէն թիկունք կանգնած հայ զինուորին: Միայն հայ մայրն է որ իր զաւակին երգած է ու այսօր կ՚երգէ, քսան տարի կերակրեցի մինչ հասակդ այդ առիր, բարձր հասակիդ մայրդ մեռնի, դուն ալ քու ազգիդ համար: Միայն հայ մայրն է, որ ճնշելով իր մայրական գորովը, իր զաւակը հայրենի պաշտպանութեան եւ փրկութեան զոհաբերման կ՚ուղարկէ: Հերոսածին թանկագին հայ մայրեր, ձեր զաւակներուն դիեցուցած արդար կաթին մատաղ, մայրական կաթին հետ ձեր զաւակներուն մէջ հայրենասիրական ոգի սնուցած էք: Թանկագին հայ հայրեր, ձեր հերոս ու քաջարի զաւակներուն Հայրենիքի սիրոյն առնական հպարտ եւ խրոխտ զգացումն էք ներշնչել, ձեր հոգուն մատաղ: Հայրենիք կ՚ունենան այդ ազգերը, որոնք հայրենասէր զաւակներ ունին:
Այսօր յատկապէս Արցախի մէջ եւ ընդհանրապէս ամբողջ հայաշխարհին մէջ, բոլորս ալ զինուորագրուած ենք հայրենական մեծ պատերազմին՝ վասն փրկութեան ու անսասանութեան ազգիս հայոց: Ռազմաճակատի վրայ թէ այլուր, մեզմէ պահանջուածը հայրենասիրութիւն է, եւ Աստուծոյ ապաւէնով եւ օգնականութեամբ, հայրենասիրութիւնն է մեր յաղթանակին գրաւականը: Այսօր, հայրենասիրական վառ ապրումներով համայն աշխարհի հայութիւնը, մէկ սիրտ մէկ հոգի դարձած է հայոց բանակ»:
ԹՂԹԱԿԻՑ