­Շա­բաթ 30 ­Սեպ­տեմ­բեր 2017-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9ին, ­Թե­մակալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ ու Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նի եւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Գ­րի­գոր ­Գուր­պանեա­նի, պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւաւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ  Տ. Ան­թի­մոս ­Մետ­րա­պո­լի­տին, Ե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի գրա­սե­նեա­կին մէջ։
­Մետ­րա­պո­լի­տը ջեր­մօ­րէն ըն­դու­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր եւ ա­ռա­ջին ա­ռի­թով շնոր­հա­ւո­րեց զինք նոր պաշ­տօ­նի ստանձ­ման առթիւ։ Ան գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ հայկա­կան գա­ղու­թի մա­սին ու կարգ մը անձ­նա­ւո­րու­թեանց հետ իր ան-մի­ջա­կան կա­պին մա­սին։
­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան իր կար­գին զե­կոյց մը տո­ւաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին կեան­քէն ներս աշ­խա­տանք-նե­րուն մա­սին։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն ներս իր հոգե­ւոր հո­վո­ւու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին մա­սին, ինչ­պէս նաեւ ­Լի­բանա­նի թե­մէն ներս Ա­ռաջ­նոր­դա­կան իր աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին։ Ան գնա­հա­տեց ­Մետ­րա­պո­լի­տի ցու­ցա­բե­րած հե­տաքրք­րու­թիւ­նը քա­ղա­քի հա­յու­թեան նկատ­մամբ։
Ա­պա կրօ­նա­կան հար­ցե­րու ծի­րէն ներս, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայրն ու ­Մետ­րա­պո­լի­տը շեշ­տե­ցին հայ եւ յոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ու ա­նոնց զա­ւակ­նե­րը մէկ ըն­տա­նի­քի նման ապ­րե­լու ներ­կայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։
­Մէկ ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին, Արք. ­Խա­չե­րեան Ան­թի­մոս ­Մետ­րա­պո­լի­տին նո­ւի­րեց խաչ­քար մը, բա­ցատ­րե­լով նաեւ ի­մաս­տը ա­նոր։ Իսկ ­Մետ­րա­պո­լի­տը իր կար­գին Սր­բա­զան ­Հօր նո­ւի­րեց կեր­պա­սի վրայ հիւ­սո­ւած խաչ մը։

ԹՂԹԱԿԻՑ