Երկուշաբթի՝ 4 Սեպտեմբեր 2017ի երեկոյեան, օդային գծով Պէյրութէն Աթէնք ժամանեց Թեմիս նորընտիր Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան։
Աթէնքի Էլէֆթերիոս Վենիզելոս օդակայանի պաշտօնական ընդունելութեան սրահներէն մէկուն մէջ զինք դիմաւորեցին Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Տէր Նարեկ Քահանայ Շահինեան եւ Ազգային Վարչութիւնը լրիւ կազմով, Յարանուանութեանց պետերը եւ ներկայացուցիչները, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Հայ Կապոյտ Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչները։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր ժամանումը իր ներկայութեամբ պատուեց Յունաստանի Իէրոնիմոս Արքեպիսկոպոսի եւ Սուրբ Սինոտի ներկայացուցիչ Իղնաթիոս Եպիսկոպոսը։
Ծանօթացման հանդիպումէն ետք, բարի գալուստի մաղթանքներով խօսք առին Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, որ յաջորդաբար խօսքը փոխանցեց Կոմիտաս Արք. Օհանեանին, Յունաստանի Արքեպիսկոպոսի եւ Սուրբ Սինոտի ներկայացուցիչ Իղնաթիոս Եպիսկոպոսին, Հայ Աւետարանական Համայնքի հովուապետ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանին, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչ պրն. Արա Գիրազեանին եւ յանուն Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի եւ միութենական կառոյցներու՝ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեանին։
Ողջոյնի խօսքով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ երախտագիտական զգացումները յայտնեց իրեն վերապահուած պաշտօնական ընդունելութեան համար եւ վստահութիւն, որ գաղութի բոլոր գործօններու օժանդակութեամբ պիտի յաջողինք գաղութը աշխոյժ պահել։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ