CIDը (Conseil de la Danse-International Dance Council -Διεθνές Συμβούλιο Χορού- Պարի Միջազգային Խորհուրդ) աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ՝ Պարի-Պարարուեստի բոլոր սեռերու բարձրագոյն պաշտօնական կազմակերպութիւնն է: Ան ճանչցուած է UNESCOի, կառավարութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ միջազգային զանազան կառոյցներու կողմէ:
CIDը համաշխարհային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն մըն է՝ NGO, որ հիմնուեցաւ 1973ին, UNESCO հաստատութեան շէնքին մէջ, Փարիզ, ուր կը գտնուի իր պաշտօնական նստավայրը:
Հազարաւոր անդամներ հաշուող UNESCOի հաստատութեան մէջ կը գտնուին ազդեցիկ ու հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ, ուսումնարաններ, կաճառներ, պարային խումբեր, ինչպէս նաեւ 170 տարբեր երկիրներէ վարկ վայելող անձնաւորութիւններ:
UNESCOի ընդունուած ու գործածելի լեզուներն են անգլերէնն ու ֆրանսերէնը:
CIDը՝ հովանոց-կազմակերպութիւն մըն է՝ այն իմաստով, որ կը գործէ տարբեր մակարդակներու վրայ: Ան խստօրէն ոչ-շահաբեր, ոչ-առեւտրական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը գործէ բոլորովին անկախ՝ կառավարութիւններէ, գաղափարական համոզումներէ, կամ՝ տնտեսական հետապնդումներէ:
Այս լիովին կը ցոլացնէ Մ.Ա.Կ.ի եւ UNESCOի սկզբունքները, բաց է արուեստի բոլոր դաշտերուն առջեւ եւ անվերապահօրէն ու առանց որեւէ նախապաշարումի՝ քաղաքական համոզումներու, գաղափարական այլատեսակութեան, ընկերային դիրքի ու կեցուածքի, կրօնքի, ցեղի ու սեռի, կը գործէ ազգերու համահաւասարութեան ըմբռնումներուն ու հասկացողութեան արժէքներու բովով:
CIDի անդամ են աշխարհի աւելի քան 700 կառոյցներ՝ կազմակերպութիւններ, ուսումնարաններ, փառատօներ, կաճառներ, պատմագէտներ, քննադատներ եւ 150 տարբեր երկիրներէ ակադեմականներ ու փրոֆեսորներ, ինչպէս նաեւ պարարուեստի մասնագէտներ:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի բաժանմունքը, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան հետեւողական ջանքերու շնորհիւ, Յունիս 2017էն սկսեալ, պաշտօնապէս կÿանդամակցի միջազգային սոյն կազմակերպութեան:
Այս առիթով եւ կազմակերպութեան Յունաստանի բաժանմունքի տնօրէնութեան հետ համախորհուրդ, պատրաստուեցաւ հայերէն լեզուով եւ 13 ընդհանուր յօդուածներէ բաղկացած կանոնագրութիւն մը, որ ի զօրու կÿըլլայ աշխարհի 170 երկիրներու մէջ գործող եւ այս կազմակերպութեան անդամակցիլ փափաքող հայկական մշակութային կազմակերպութիւններու թէ միութիւններու համար:
Յունաստանի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութիւն
1 Յունիս 2017