Երեքշաբթի՝ 21 Մարտ 2017ին, կէսօրուան ժամը 2ին, Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցչութիւն մը հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանի եւ իր կողակիցին՝ տիկին Աննա Չարչօղլեանի հետ, Հ. Հ. դեսպանատան մէջ։ Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիները տեղեկութիւններ փոխանցեցին պրն. դեսպանին՝ Հայ Կապոյտ Խաչի ծրագիրներուն եւ գործունէութեան վերաբերեալ: Պրն. դեսպանը գոհունակութեամբ իր տպաւորութիւնները յայտնեց յունահայ գաղութի գործունէութեան նկատմամբ եւ ինք եւս կարգ մը տեղեկութիւններ տուաւ դեսպանատան նախաձեռնութիւններուն մասին: Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ զրոյց, ուր ջերմ ընկերային մթնոլորտի մէջ կարծիքներ փոխանակուեցան երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ: Երկու կողմերն ալ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին իրարու օգտակար հանդիսանալու եւ աջակցելու։ Վարչութեան ընկերուհիները յուշանուէր մը յանձնեցին պրն. դեսպանին ու իր տիկնոջ եւ յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով հանդիպումը իր աւարտին հասաւ։
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ Հ. Կ. ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ