­Կի­րա­կի, 23 ­Յու­նիս 2024-ի կա­նուխ ա­ռա­ւօ­տուն, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան (ներ­կա­յիս թե­միս Ա­ռաջ­նոր­դա­կան տե­ղա­պահ) մեկ­նե­ցաւ Կ­րե­տէ, յա­նուն ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մին ներ­կայ գտնո­ւե­լու Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. պա­տա­րա­գին։ Ան Կ­րե­տէի օ­դա­կա­յա­նէն ներս դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ տեղ­ւոյն ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին կող­մէ եւ ա­պա ուղ­ղո­ւե­ցաւ ե­կե­ղե­ցի։
Օ­րո­ւան պա­տա­րա­գիչն էր Կ. ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիարք Ն.Ա.Տ. ­Սա­հակ Արք. ­Մա­շա­լեան։ ­Պատ­րիարք հայ­րը միա­շա­բա­թեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կը գտնո­ւէր կղզի։ ­Ներ­կայ էին Կ­րե­տէի Տ. Էվ­կէ­նիոս ­Մետ­րապո­լի­տը, ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քա­պետ գե­րա­պայ­ծառ Տ. ­Յով­սէփ Ծ. Վրդ. ­Պէ­զա­զեան, Հ.Հ. դես­պա­նա­տան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ինչ­պէս նաեւ պե­տա­կան թէ քա­ղա­քա­պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ։ Ըն­դա­ռա­ջե­լով տեղ­ւոյն հո­գե­ւոր տե­սուչ՝ գերշ. Տ. Եզ­նիկ Արք. ­Պետրո­սեա­նի փա­փա­քին, Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան Ս. պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին սպա­սար­կեց Ս. խո­րանին։
Ս. պա­տա­րա­գէն ա­ռաջ, Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ յա­տուկ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Կ. ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիարք Ն.Ա.Տ. ­Սա­հակ Արք. ­Մա­շա­լեա­նին հետ։ Ան յա­նուն ­Յու­նաստա­նի հա­յոց ­Թե­մին բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ­Պատ­րիարք հօր եւ փո­խան­ցեց նաեւ իր բա­րե­մաղ­թութիւն­նե­րը։ Ա­պա ­Պատ­րիարք հայ­րը, հե­տաքրք­րո­ւե­ցաւ թե­միս հո­գե­ւոր կա­ռոյց­նե­րուն, հո­գե­ւոր կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին եւ զրոյ­ցի ա­ւար­տին, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց քա­հա­նայ հօր ներ­կա­յու­թեան։
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն։ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ ծա­նօ­թա­նա­լու եւ զրու­ցե­լու նաեւ Կ­րե­տէի Տ. Էվ­կէ­նիոս ­Մետ­րա­պո­լի­տին հետ։ Ա­պա ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ տիկ. ­Սան­տի Ա­ւե­տի­սեան, յա­տուկ յու­շա­նո­ւէ­րով պա­տո­ւեց ու շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց քա­հա­նայ հօր եւ այլ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րուն, ի­րենց ներ­կա­յու­թեան, քա­ջա­լե­րան­քին ու յար­գան­քին հա­մար։
­Պաշ­տօ­նա­կան ծրա­գիր­նե­րու ա­ւար­տին, Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ­Պատ­րիարք հօր օրհ­նու­թիւ­նը ստա­նա­լէ ետք, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կայա­ցու­ցի­չին հետ ուղ­ղո­ւե­ցաւ օ­դա­կա­յան եւ վե­րա­դար­ձաւ Ա­թէնք։

­Դի­ւան Ազգ. Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի