Այսու ուրախութեամբ կը յայտնենք Յունաստանի թեմի մեր ժողովուրդին եւ ի մասնաւորի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ ծխական ժողովուրդին¸ թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինումով եւ Թեմակալ Առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի որոշումով¸ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ նշանակուած է հոգեշնորհ Տ. Եզրաս Աբեղայ Թէնէքէճեանը։
Այսուհետեւ¸ Մայր եկեղեցւոյ արարողութիւնները կանոնաւոր կերպով պիտի կատարուին։
Կը հրաւիրենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ ծխական ժողովուրդը¸ ինչպէս միշտ¸ նախանձախնդիր բարեպաշտութեամբ շարունակէ մասնակցիլ եկեղեցական արարողութեանց եւ քաջալերել հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան կողմէ յառաջ տարուելիք աշխատանքներն ու ծրագիրները։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի