Շա­բաթ, 28 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023­-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30-ին, Նէոս Գոզմոս-Նէա Զմիռնիի շրջանէն ներս, ­յու­նաց ազ­գա­յին տօ­նին առիթով, Այ. Ֆոթինի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Գոհաբանական մաղթանք, ապա դափնեպսակներու զետեղում եւ տողանցք, Նէա Զմիռնիի կեդրոնական ճամբուն վրայ:
Նէա Զմիռնիի «Էսթիա» հրա­պա­րա­կին վրայ յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ դափնեպսակներու զետեղումը, ուր յա­նուն Նէոս Գոզմոսի եւ Նէա Զմիռնիի յունահայ համայնքին՝ դափնեպսա­կ զետեղեց Արմէն Բախանեան։
Ապա տեղի ու­նե­ցաւ ա­շա­կեր­տա­կան ու սկաու­տա­կան տո­ղանց­ք, ո­րուն մաս կազ­մեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆիքսի մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան խում­բը։

28 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023
Թղթակից