Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Թաղային խորհուրդի ատենադպիր տիկ. Լուսի Հաննէեան ու գանձապահ պրն. Գարլօ Գույումճեան, ընդառաջելով Նիքէայի քաղաքապետարանի հրաւէրին Շաբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին ներկայ գտնուեցան «Օսիա Քսէնի» հրապարակը, ուր տեղւոյն յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ յունաց ազգային տօնի հոգեհանգստեան արարողութիւնը, օրուան պատգամի փոխանցումը, ապա դափնեպսակներու զետեղումը։
Տիկ. Լուսի Հաննէեան յանուն Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ զետեղեց դափնեպսակը։ Ետքը տեղի ունեցաւ աշակերտական ու սկաուտական տողանցքը, որուն մաս կազմեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի սկաուտական խումբը։
Աւարտին հոգեւոր հովիւն ու Թաղային խորհուրդի անդամները մեկնեցան «Զաւարեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ սկաուտներու դրօշակի արարողութիւնը։
Տ. Պարէտ Քահանայ, խօսք առնելով շնորհաւորեց ազգային տօնին առթիւ սկաուտական կազմի պատուաբեր մասնակցութիւնը եւ մաղթեց յաջողութիւն։
28 Հոկտեմբեր 2023
Թղթակից