Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2023-ին, կէսօրուան ժամը 1-ին, Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեան եւ ատենադպիր պրն. Նազար Աւագեան, քաղաքավարական պաշտօնական այցելութիւն տուին Յունաստանի կրթութեան եւ կրօնից նորանշանակ նախարար պրն. Փիերաքաքիսին՝ նախարարութեան գրասենեակէն ներս։ Այցելութեան ներկայ եղաւ նախարարութեան կրօնից ընդհանուր քարտուղար պրն. Եորղոս Քալանծիս։
Առաջնորդ սրբազան Հայրը իր շնորհակալութիւնը յայտնելով հանդիպումին համար, Ազգային իշխանութեան շնորհաւորանքները փոխանցեց պրն. Նախարարին, մաղթելով յաջող կրթանպաստ գործունէութիւն, յուսալով որ կրթութեան նախարարութեան հետ լաւ յարաբերութիւնները իր օրով եւս պիտի շարունակուին եւ աւելի սերտանան։
Նոյն ձեւով, նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց պրն. Քալանծիսին, որուն հետ երկար տարիներու լաւ համագործակցութիւն եւ անվերապահ աջակցութիւն կայ ինչ կը վերաբերի հայ համայնքին, ի մասնաւորի հայկական ամէնօրեայ վարժարաններուն հետ առնչուած նախարարութեան բոլոր հարցերուն։
Պրն. Նախարարը իր ուրախութիւնը յայտնեց շնորհաւորական խօսքերուն եւ յաջողութեան մաղթանքներուն, յայտնելով որ ծանօթ է հայ համայնքին, այցելած է մեր վարժարանները եւ պատրաստ է լաւագոյնը տնօրինելու հայկական վարժարաններուն համար։
Հանդիպումը առիթ եղաւ անդրադառնալու մեր վարժարաններու հետ կապուած նիւթերու, որոնց մասին պրն. Թագւոր Յովակիմեան եւ պրն. Նազար Աւագեան մտքերու եւ գաղափարներու փոխանակում կատարեցին յառաջիկային կատարուելիք տնօրինումներուն գծով։
Աւարտին, առաջնորդ Սրբազան հայրը հրաւիրեց պրն. Նախարարը, որ դարձեալ այցելէ մեր վարժարանները, եւ ինչու չէ նաեւ հայկական ճաշերու տեսականիով սեղանակից ըլլայ։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ