Ուր­բաթ, 9 Յու­նիս 2023-ի ա­ռա­ւօ­տուն, Յու­նա­հա­յոց հա­մայն­քա­պե­տե­րը՝ Գերշ. Տ. Գե­ղամ Ս. Արք. Խա­չե­րեան՝ Ա­ռաջ­նորդ Յու­նա­տա­նի թե­մին, Գերպ. Հ. Յով­սէփ Ծ. Վրդ. Պէ­զա­զեան՝ Յու­նաս­տա­նի հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի Ա­ռա­քե­լա­կան Կա­ռա­վա­րիչ, վեր. Վի­գէն Չո­լա­քեան՝ Յու­նաս­տա­նի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քա­պետ այ­ցե­լե­ցին Յու­նաս­տա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տուն, Խա­լանտ­րի-Ա­թէնք։
­Հո­գե­ւոր պե­տե­րը անդ­րա­դառ­նա­լով վեր­ջին ժա­մա­նակ­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի ու մա­նա­ւանդ Ար­ցա­խի եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ մե­ծա­պե­տա­կան շա­հաքրք­րու­թիւն­նե­րու ճամ­բով զար­գա­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, եւ մեկ­նե­լով Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Ս­փիւռք ե­ռա­միաս­նու­թեան թե­լադրող ազ­գա­յին գե­րա­գոյն շա­հե­րուն հե­տապդն­ման եւ ամ­րապնդ­ման հրա­մա­յա­կա­նէն, յայտ­նե­ցին, թէ այ­ցե­լու­թեան մտադ­րու­թիւնն է գլխա­ւո­րա­բար Ար­ցա­խի հա­յու­թեան յայտ­նել, որ թէեւ շրջա­փա­կո­ւած՝ բայց ոչ եր­բեք մե­կու­սա­ցած եւ Ս­փիւռ­քի հա­յու­թիւնն ալ իր կող­քին է եւ կը զօ­րակ­ցի ա­նոր մղած ճա­կա­տագ­րա­կան գո­յու­թե­նա­կան պայ­քա­րին։
­Շուրջ ժամ մը տե­ւած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ող­ջու­նե­լով հո­գե­ւոր պե­տե­րու այ­ցե­լու­թիւ­նը, դես­պա­նու­թիւ­նը ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կի ընդ­հա­նուր գնա­հա­տա­կան մը կա­տա­րեց, անդ­րա­դառ­նա­լով տի­րող պայ­ման­նե­րուն մէջ յա­ռաջ ըն­թա­ցող զա­գա­ցում­նե­րուն, ուր հա­մա­հայ­կա­կան մա­կար­դա­կի վրայ ա­նա­ռար­կե­լի հրա­մա­յա­կան է ցու­ցա­բե­րել բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նի ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւն, զգօ­նու­թիւն եւ մա­նա­ւանդ միաս­նա­կան ո­գիով գօ­տեպն­դո­ւած հա­ւա­քա­կան միա­կամ ներ­դաշ­նա­կո­ւած ծա­ռա­ցում։ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դին ու պե­տու­թեան կող­քին, Ս­փիւռ­քի հա­յու­թեան հա­մայնք­նե­րը, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր դիր­քէն եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն մեկ­նած, աշ­խա­տի տե­ղո­ւոյն պե­տա­կան թէ մի­ջազ­գա­յին շրջա­նակ­նե­րու մօտ, տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ խա­ղա­ղու­թիւն եւ հաշ­տու­թիւն գո­յաց­նե­լու բո­լոր բա­նակ­ցու­թեանց լա­ւա­տես տրա­մադրու­թիւն­նե­րուն մէջ տե­սա­նե­լի դարձ­նել, թէ այդ բո­լո­րը պէտք չէ ըլ­լան ի վնաս Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ինք­նո­րոշ­ման պատ­մա­կա­նօ­րէն փաս­տար­կո­ւած ար­դար ի­րա­ւուն­քին, ու մա­նա­ւանդ, որ Ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը այ­սօր ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թեան կո­րուս­տի ա­ռաջ կը գտնո­ւի։
Այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին¸ անհ­րա­ժեշտ նկա­տո­ւե­ցաւ մնա­յուն հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ ըլ­լա­լով, այս ուղ­ղու­թեամբ տա­րո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րը ե­ռա­միաս­նու­թեան մա­կար­դա­կի վրայ հա­մա­հունչ կեր­պով ա­ռաջ տա­նե­լու։

Դի­ւան Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի