Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2023-ին Հայ Կապոյտ Խաչի ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» նախակրթարանը եւ «Ճէնազեան» միջնակարգը այցելեց Յունաստանի Պետական եւ Թուային կառավարման նախարար Քիրիաքոս Փիէրաքաքիս։ Ան դիմաւորուեցաւ գաղութի կառոյցներուն կողմէ եւ մօտէն ծանօթացաւ մեր վարժարաններու կրթական կեանքին։
Որպէս շարունակութիւն իր կատարած այցելութեան, պ. նախարարը Հ.Կ.Խաչի ազգային երեք վարժարաններուն նուիրեց 10 համակարգիչ, որոնք պիտի գործածուին նախակրթարաններու եւ միջնակարգի կրթական ծրագիրներու աւելի արդիւնաւէտ կատարման համար։
Այս առիթով, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը եւ Ազգային վարչութեան Ուսումնական խորհուրդը իրենց խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ պ. Քիրիաքոս Փիէրաքաքիսիս, իր կատարած կարեւոր նուիրատուութեան համար, ի նպաստ մեր վարժարաններուն։
Հ.Կ.Խ. ՇՐՋ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
եւ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ