Փառք եւ գո­հու­թիւն Ա­մե­նա­կա­լին Աս­տու­ծոյ¸ որ ար­ժա­նա­ցուց մեզ յա­ջո­ղու­թեամբ իր ա­ւար­տին հասցնե­լու 11-17 ­Մար­տի օ­րե­րուն ըն­թաց­քին, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ­Հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մին, հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի միու­թեանց եւ կազ­մա­կեր­պու­թեանց։
Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը¸ ե­րի­տա­սար­դական կո­րո­վով եւ խան­դով, ան­գամ մը եւս ­Հո­վուա­պե­տի Ա­սան ի ձե­ռին, տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, Աս­տու­ծոյ ա­պա­ւի­նու­թեամբ կ’այ­ցե­լէ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ բո­լոր թե­մե­րը, Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը խրա­խու­սե­լու, յոր­դո­րե­լու եւ հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քի հրա­ւի­րե­լու, որ­պէս­զի վե­րա­կազ­մա­կեր­պո­ւե­լով վե­րաշ­խու­ժա­նայ թե­մա­կան կեան­քը ու նաեւ իւ­րա­քան­չիւր գա­ղու­թի ազ­գա­յին միու­թեանց, կազ­մա­կեր­պու­թեանց եւ մար­մին­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար վե­րա­կեն­սա­ւո­րո­ւի գա­ղու­թի հա­մայն կեան­քը ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։
­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի օրհ­նա­բեր եւ օրհ­նա­բաշխ այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մին հա­մար բա­ցա­ռիկ ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, ու­րա­խու­թեան եւ ցնծու­թեան զգա­ցում­նե­րով հա­մա­կե­լու բո­լո­րը եւ թե­մա­կան մեր կեան­քին վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման եւ վե­րաշ­խու­ժաց­ման յանձ­նա­ռու­թեանց մէջ նե­րար­կե­լու խան­դա­վա­ռու­թեան, խրա­խու­սան­քի ինչ­պէս նաեւ, ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ ա­ռա­ւել լա­ւա­տե­սու­թեամբ յա­ռաջ տա­նե­լու մեր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ի ծաղ­կումն ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մին, մաս­նա­ւո­րա­բար եւ առ հա­սա­րակ՝ ի նպաստ յու­նա­հայ գա­ղու­թի կեան­քի տա­րո­ւե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րուն։
­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մի Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­նու­նով, մեր շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք, ­Թե­միս Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեանց Ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վին, ­Խոր­հուրդ­նե­րուն, Թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն, ե­կե­ղե­ցա­սէր Տիկ­նանց մար­մին­նե­րուն, սար­կա­ւագ­նե­րուն, ի­րենց մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար։ ­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն «Ազատ Օ­ր»ի խմբագ­րու­թեան։
­Նոյն­պէս, գնա­հա­տան­քի եւ շնոր­հա­կա­լու­թեան մեր խօս­քը կ­’ուղ­ղենք ­«Հա­մազ­գա­յի­ն»ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն եւ ­Գո­մո­թի­նիի մշա­կու­թա­յին միու­թեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ ­Գո­մոթի­նիի ­Թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն, ­Վե­հա­փառի հայ­րա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան հրա­շա­լի ե­րե­կո­յին մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար։
­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն թե­միս նո­ւի­րա­տու ազ­գա­յինն­նե­րուն, ո­րոնց նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ կա­րե­լի ե­ղաւ ըստ ար­ժա­նո­ւոյն ըն­դու­նիլ եւ կազ­մա­կեր­պել ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի հովուա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը։
­Յա­նուն ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մի Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեանց, գա­ղու­թի միու­թեանց եւ կազ­մա­կեր­պու­թեանց եւ հա­մայն ժո­ղո­վուր­դին, ե­րախ­տա­գի­տու­թեան եւ շնոր­հա­կա­լու­թեան զգա­ցում­նե­րով քա­ջա­ռող­ջու­թեան, ա­րեւ­շա­տու­թեան եւ եր­կա­րա­մեայ գա­հա­կա­լու­թեան մեր սրտա­գին բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք ­Նո­րին Սր­բու­թեան։
­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը Ս. Ա­թոռ վե­րա­դար­ձին, թե­միս Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեան ուղ­ղեց հե­տե­ւեալ գրու­թիւ­նը։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

***

Ան­թի­լիաս, 21 ­Մարտ 2023

­Գե­րաշ­նորհ Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մին,
եւ նա­խա­գահ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան
Ա­թէնք

­Սի­րե­լի՛ Սր­բա­զան,
եւ յար­գե­լի՛ ժո­ղո­վա­կան­ներ,

­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մին տո­ւած ­Հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թե­նէն Ան­թի­լիաս վե­րա­դար­ձին, այ­սու գրով կ­’ու­զենք ­Մեր գնա­հա­տան­քը յայտ­նել ձե­զի, այ­ցե­լու­թեան ծրագ­րի բծախն­դիր կազ­մա­կերպ­ման ու ­Մեր ան­ձին նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րած սի­րա­լիր ու ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար:
Ու­րախ ենք, որ հա­կա­ռակ մէկ շաբ­թո­ւան վրայ եր­կա­րող խճո­ղո­ւած ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին, ա­ռի­թը ու­նե­ցանք այս այ­ցե­լու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տա­կը հան­դի­սա­ցող Ս­փիւռ­քի ­Տա­րո­ւան ու ա­նոր առն­չո­ւած թե­մի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն գծով խորհր­դակ­ցու­թիւն ու­նե­նա­լու թե­մա­կան իշ­խա­նու­թեան եւ մեր հա­մայն­քէն ներս գոր­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ: Ա­ռիթ ու­նե­ցանք նաեւ ընդ­հա­նուր քննար­կու­մի են­թար­կե­լու յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին հա­մար նկա­տի առ­նո­ւած ծրա­գիր­ներն ու աշ­խա­տանք­նե­րը: ­Մեր հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին ու­շագ­րաւ էր ձեր բո­լո­րին յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ շա­րու­նա­կե­լու թե­մին հա­մար յոյժ կա­րե­ւոր նկա­տո­ւող վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մի գոր­ծըն­թա­ցը: ­Հո­գե­կան խոր գո­հու­նա­կու­թիւն պատ­ճա­ռեց մե­զի թե­մէն ներս տի­րող միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գին: Այս ա­ռի­թով կը քա­ջա­լե­րենք ձեզ, որ նոյն ո­գիով, փո­խա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ ու ներ­դաշ­նակ գոր­ծակ­ցու­թեամբ ջա­նաք գործ­նա­կա­նաց­նել թե­մի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման առն­չո­ւած ձեր ծրա­գիր­նե­րը:
Արդ, ­Մեր սպա­սումն է, որ ա) թե­մի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մի գոր­ծըն­թա­ցը շա­րու­նա­կո­ւի հանգրուա­նա­յին կեր­պով, պար­բե­րա­կան հան­դի­պում­նե­րով ու ի­րա­պաշտ ո­րո­շում­ներ կա­յաց­նե­լով: բ) ­Կա­րե­ւո­րու­թեամբ նկա­տի ու­նե­նաք ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին հետ թե­մին սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ թե­մի նիւ­թա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը լիո­վին կա­տա­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:
Վս­տահ ենք, որ այս այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ­Մեր ու­նե­ցած բո­լոր հան­դի­պում­նե­րը՝ պաշ­տօ­նա­կան թէ ժո­ղովր­դա­յին, միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան թէ պե­տա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, ո­րոնք խո­րա­պէս տպա­ւո­րե­ցին ­Մեզ, ի­րենց դրա­կան անդ­րա­դար­ձը պի­տի ու­նե­նան նաեւ թե­մի վե­րաշ­խու­ժաց­ման ձգտող ձեր ծրա­գիր­նե­րուն վրայ:
Կ’ու­զենք յայտ­նել ­Ձե­զի, որ յա­տուկ նա­մակ­ներ գրած ենք ­Վար­չա­պե­տին եւ Ար­քե­պիս­կո­պո­սին:
Կ’ա­ղօ­թենք առ Ա­մե­նա­բա­րին Աս­տո­ւած, որ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին եւ իր գլխա­ւո­րած Ազգ. ­Վար­չու­թեան ու Ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն պար­գե­ւէ քա­ջա­ռող­ջու­թիւն եւ վե­րա­նո­րոգ կեն­սու­նա­կու­թիւն՝ ա­ռա­ւել նո­ւի­րու­մով ծա­ռա­յե­լու մեր սուրբ ե­կեղե­ցե­ւոյ եւ ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի մեր սի­րե­լի զա­ւակ­նե­րուն:
­Հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ եւ սի­րոյ ջերմ ող­ջու­նիւ,

Ա­ղօ­թա­րար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ