Ուրբաթ, 3 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան Հ.Կ.Խ.-ի «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու Ծնողական միութեան պատուիրակութիւն մը, ընդառաջելով ստացուած հրաւէրին, ներկայ գտնուեցան Աթէնքի քաղաքապետարանի «Աթինա Իյիա» առողջապահական եւ մոլուցքներու կանխարգելման հաստատութեան ամանորեայ գաթայի կտրումի արարողութեան:
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Աթէնքի քաղաքապետարանի մշակութային կեդրոնի «Անտոնիս Թրիցիս» սրահին մէջ: Ներկայ էին եւ ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան առողջապահութեան նախարար պարոն Թանոս Փլեւրիս, Աթէնքի քաղաքապետ պարոն Գոսթաս Պաքոյաննիս, Օքանա հիմնարկութեան ատենապետ պարոն Աթանասիոս Թեոխարիս եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Օրուան նախագահն էր «Աթինա Իյիա»-ի ատենապետուհի՝ տիկին Ֆոթինի Լէոպիլլա:
Մեր վարժարանը սոյն հաստատութեան հետ համագործակցաբար, եւ ի մասնաւորի մասնագէտ հոգեբան տիկին Նաթասա Վլութողլուին հետ յատուկ ծրագիրներ կ’իրագործէ աշակերտութեան եւ ծնողներուն համար:
Տնօրէնութիւն եւ Ծնողական Միութիւն
Հ.Կ.Խ.-ի «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» Միջնակարգ Վարժարանի