Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Չորեքշաբթի՝ 22 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, պաշտօնական փոխադարձ այցելութիւն մը տուաւ Յունաստանի Հայոց կաթողիկէ եկեղեցւոյ համայնքապետ Գերպ. Տ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պէզազեանին։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Արժ. Տ. Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան։
Գերապայծառի ջերմ ընդունելութենէն ետք, ներկաները զրուցեցին ընդհանրապէս գաղութային հոգեւոր աշխատանքներուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին։ Անդրադարձ եղաւ նաեւ, Միջին Արեւելքի հայկական եկեղեցիներուն ու գաղութներու տագնապներուն եւ արտագաղթին շուրջ։
Այցելութեան աւարտին, Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յանուն Յունաստանի Հայոց գաղութին, Գերապայծառին շնորհաւորեց ու փոխանցեց եղբայրական իր սրտագին բարեմաղթութիւնները։
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Աթէնք, 23 Դեկտեմբեր 2021