Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ 21 Հոկտեմբեր 2019ի թուակիր հայրապետական գրութեամբ՝ 13 Հոկտեմբեր 2019ին Յունաստանի Հայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողովէն ընտրուած Ազգային վարչութեան նոր կազմի վաւերացումէն ետք, նորընտիր Ազգային վարչութիւնը, Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, 6 Նոյեմբեր 2019ին գումարած անդրանիկ նիստին կազմեց իր դիւանը հետեւեալ կերպով՝
Պօղոս Չոլաքեան՝ ատենապետ
Նազար Աւագեան՝ փոխ ատենապետ
Թագւոր Յովակիմեան՝ ատենադպիր
Ստեփան Փափազեան՝ փոխ ատենադպիր
Սերգօ Յարութիւնեան՝ խորհրդական
Վերա Պլէճեան ՝ խորհրդական
Զապէլ Այվազեան՝ խորհրդական
Դանիէլ Աբիկեան՝ խորհրդական
Արամ Պէքէրէճեան՝ խորհրդական
Գէորգ Պօղոսեան՝ խորհրդական
Էդգար Գալստեան՝ խորհրդական
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի