­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 15 ­Մարտ 2017ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, ըն­դա­ռա­ջե­լով «Ա­թէնք ­Քա­ղա­քի ­Վու­րու-Էվ­թաք­սիա ­Թան­գա­րան»ի տնօ­րէ­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րին, յա­նուն ­Յու­նա­հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Փո­խա­նորդ ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեա­նի՝ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի (­Ֆիքս) Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան եւ ­Յու­նա­հա­յոց Ազգ. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նադ­պիր պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան «Ա­թէնք ­Քա­ղա­քի ­Վու­րու-Էվ­թաք­սիա ­Թան­գա­րան»ին մէջ, ե­րեք տար­բեր կրօն­նե­րու (Ք­րիս­տո­նեայ-Հ­րեայ-Իս­լամ) պատ­կա­նող պոլ­սաբ­նակ հինգ նկա­րիչ­նե­րու՝ ­Պերճ Ա­րա­պեա­նի («Ա­կօս» թեր­թի գոր­ծա­կից), Մկր­տիչ Ար­ծի­ւեա­նի («­Փա­րոս» թեր­թի գոր­ծա­կից), ­Նի­քո­լաոս ­Մա­կի­նա­սի, Ալ­պէր­թօ ­Մո­տիա­նո­յի, Է­մի­նէ Ուլ­քե­րի­մի կրօ­նա­կան «Ուր­բաթ-­Շա­բաթ-­Կի­րա­կի» ա­նու­նով նկար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հան­դի­սու­թեան:

Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Գե­րա­գոյն ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Նի­քո­լաոս ­Սա­քէ­լա­րիու, ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար պրն. Իոան­նիս Ա­մա­նա­թի­տիս, Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի յու­նաց Ա­ռաջ­նորդ Իէ­րո­նի­մոս Բ. Ար­քե­պիս­կո­պո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Վար­դա­պե­տը, հայ եւ հրեայ հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, դի­ւա­նա­գէտ­ներ, կրօ­նա­կան, պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, թղթա­կից­ներ եւ հոծ մշա­կու­թա­սէր ա­թէ­նա­ցի­ներ:

Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց ­Թան­գա­րա­նին տնօ­րէ­նը՝ պրն. Կ. ­Վո­յեա­ծիս, ա­պա՝ յա­ջոր­դա­բար խօսք ա­րին պրն. ­Բան­տե­լէի­մո­նաս ­Վին­կաս, ցու­ցադ­րող նկա­րիչ­նե­րուն ա­նու­նով պրն. ­Նի­քո­լաոս ­Մա­կի­նաս եւ ­Յու­նաս­տա­նի արտ. գործ. փոխ-նա­խա­րար՝ պրն. Իոան­նիս Ա­մա­նա­թի­տիս:

Յա­ջոր­դեց ցու­ցա­հան­դէ­սին այ­ցե­լու­թիւ­նը, ուր հա­յազ­գի եր­կու նկա­րիչ­նե­րը ի­րենց գե­ղե­ցիկ եւ խորհր­դա­ւոր նկա­րա­հա­նում­նե­րով լա­ւա­գոյնս ներ­կա­յա­ցու­ցած էին ­Պոլ­սոյ ­Հա­յաս­տա­նեայց ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ կա­տա­րուած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն յատ­կան­շա­կան պատ­կեր­ներ:

Ա­ւար­տին՝ ­Նա­րեկ ­Քա­հա­նայ ­Հայ­րը եւ պրն. Թ. ­Յո­վա­կի­մեան, յա­նուն ­Թե­միս ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Փո­խա­նորդ Սր­բա­զան հօր եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թին, շնոր­հա­ւո­րե­ցին ներ­կայ ա­րո­ւես­տա­գէտ նկա­րիչ­նե­րը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին ­Թան­գա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան՝ հրա­ւէ­րին հա­մար:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ