Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը ուրախութեամբ կ՚ուզէ տեղեկացնել Յունաստանի հայ համայնքին, թէ պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով հայ մը անդամ ընտրուեցաւ Յունական Սկաուտական Ֆետերասիոնի ընդհանուր ժողովին: Ընտրուած է՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի խմբապետական կազմի անդամ եւ Յունական Ֆետերասիոնի մօտ ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ նախորդ երկամեակի Շրջանային Խմբապետ եղբ. Պետրոս Միքայէլեան:
Վարչութիւնս կը շնորհաւորէ՝ եղբօր մաղթելով յաջողութիւն իր աշխատանքներուն մէջ:
Հ.Մ.Ը.Մ. Յունաստանի
Շրջանային Վարչութիւն