Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ Հինգշաբթի` 10 Յունուար 2019ի առաւօտեան, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը` ընկերակցութեամբ Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղներու վարչական անդամներուն, այցելութիւններ տուաւ Հ.Կ.Խաչի Ազգային վարժարաններուն։
Ընկերուհիները հակիրճ ձեւով բացատրեցին Հ.Կ.Խաչի առաքելութիւնը, բարեմաղթութիւններ եւ յաջողութիւններ յայտնեցին աշակերտներուն՝ անոնց ուսման մէջ, մաղթելով՝ որ Հ.Կ.Խաչի եւ գաղութի ջանքերով հիմնուած այս վարժարանները շարունակեն հայ սերունդի դասաւանդումը հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի շուրջ։
Վերջաւորութեան, բոլոր աշակերտներուն բաժնուեցան անուշեղէններ։
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի
Շրջանային Վարչութիւն