Կի­րա­կի՝ 28 ­Հոկ­տեմ­բեր 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ­Նէոս ­Գոզ­մոս(­Ֆիքս)ի «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան եւ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ան­դամ պրն. ­Բիէր ­Պետ­րո­սեան ներ­կայ ե­ղան ­Ֆիք­սի ա­կում­բին մար­զա­դաշ­տին մէջ հա­ւա­քո­ւած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա­թէն­քի մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան ա­րի-ա­րե­նոյշ­նե­րու եւ թմբկա­հար­նե­րու խում­բին ա­ւան­դա­կան դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թեան,­Նէա Զ­միռ­նիի հրա­պա­րա­կին վրայ յու­նաց ազ­գա­յին տօ­նի պատ­մա­կան «Ոչ»ի 78րդ ­տա­րե­դար­ձին առ­թիւ ա­շա­կեր­տա­կան եւ սկաու­տա­կան տո­ղանց­քին մաս­նակ­ցե­լէ ետք, ներ­կա­յու­թեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան, տեղ­ւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա­թէն­քի վար­չու­թեան, Ս­կաու­տա­կան եւ Ծ­նո­ղա­կան ­Խոր­հուրդ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ծնող­նե­րու:
Ս­կաու­տա­կան ­Խոր­հուր­դի եւ Ս­կաուտ­նե­րու Ծ­նո­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի խօս­քե­րու ա­ւար­տին, խօսք տրո­ւե­ցաւ Տ. ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Հօր, որ օրհ­նեց եւ շնոր­հա­ւո­րեց տո­ղանց­քին մաս­նակ­ցող մեծ ու պզտիկ սկաուտ­նե­րը եւ յատ­կա­պէս գնա­հա­տեց նո­րա­կազմ թմբկա­հա­րու խում­բը, ի­րենց այս կա­րե­ւոր եւ հպար­տանք պատ­ճա­ռող աշ­խա­տան­քին առ­թիւ, մաղ­թե­լով ա­նոնց եւ ի­րենց ներ­կայ ծնող­նե­րուն ա­ռող­ջու­թիւն, ա­րիու­թիւն եւ բե­ղուն հա­յա­շունչ «­Բարձ­րա­ցիր, ­Բարձ­րա­ցուր» գոր­ծու­նէու­թիւն:

ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ