Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, ինչ­պէս որ մա­մու­լով յայ­տա­րա­րած էր, ո­րո­շեց մաս­նակ­ցիլ հրդե­հէն տու­ժած քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն օգ­նու­թեան հաս­նե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն՝ անհ­րա­ժեշտ ի­րեր եւ ու­տես­տե­ղէն­ներ նո­ւի­րա­բե­րե­լով այս նպա­տա­կին:
­Հե­տե­ւա­բար՝ ­Վար­չու­թիւ­նը դար­ձեալ կա­պի մէջ մտաւ ­Մա­րա­թո­նա­յի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ պատ­կան մարմ­նին հետ, որ­պէս­զի յստա­կաց­նէ կա­րիք­նե­րը, ա­պա­հո­վէ զա­նոնք եւ ար­դիւ­նա­բեր ձե­ւով օգ­նու­թեան իր բա­ժի­նը կա­տա­րէ:
Ե­րեք­շաբ­թի՝ 31 ­Յու­լիս 2018ին, Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը այ­ցե­լեց ­Մա­րա­թո­նա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նը, ուր եւ յանձ­նեց իր օգ­նու­թիւ­նը, ինչ­պէս եւ՝ իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նող նա­մակ մը:

­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն
Ա­թէնք, 31 ­Յու­լիս 2018