Ընդառաջելով Նիքիայի քաղաքապետարանի հրաւէրին, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան, Թաղային խորհուրդի ատենապետ պրն. Սերգօ Արապեան եւ գանձապահ պրն. Գարլօ Գույումճեան, Կիրակի՝ 28 Հոկտեմբեր 2018ին, առաւօտեան ժամը 11ին ներկայ գտնուեցան «Օսիա Քսէնի» հրապարակը, ուր 28 Հոկտեմբերի ազգային տօնին առթիւ տեղւոյն յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, օրուան պատգամի փոխանցում ապա դափնեպսակներու զետեղում։
Ըստ կարգի, պրն. Սերգօ Արապեան յանուն «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ զետեղեց դափնեպսակ մը։ Ետքը տեղի ունեցաւ աշակերտական ու սկաուտական տողանցքը, որուն մաս կազմեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի սկաուտական խումբը իր շեփորախումբով։
Աւարտին հոգեւոր հովիւն ու Թաղային խորհուրդի անդամները մեկնեցան «Զաւարեան» կեդրոն, որու դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ սկաուտներու դրօշակի արարողութիւնը։ Տ. Պարէտ Քահանայ, խօսք առնելով շնորհաւորեց ազգային տօնին առթիւ սկաուտական կազմի պատուաբեր մասնակցութիւնը։ Ան շեշտեց, թէ «Ս. Յակոբ» եկեղեցին ու ժողովուրդը միշտ ներկայ պիտի գտնուին ու քաջալեր հանդիսանան սկաուտական կեանքին ու գործունէութեան։
Դիւան Թաղային Խորհուրդի