Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմի Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամ տոքթ. Արթին Վարդանեան, ընդառաջելով Աթէնքի մարզպետարանի հրաւէրին Յունաստանի անկախութեան ազգային տօնի՝ 25 Մարտի տարեդարձին առթիւ, Կիրակի 25 Մարտ 2018ին առաւօտեան ժամը 10ին, ներկայ գտնուեցան Աթէնքի Յունաց Մայր Տաճարին մէջ Գոհաբանական աղօթքի արարողութեան, ապա զինուորական տողանցքին:
Եկեղեցւոյ մէջ եւ տողանցքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու տոքթ. Վարդանեան յանուն Յունահայ գաղութին շնորհաւորեցին ու բարեմաղթութեան իրենց խօսքերը փոխանցեցին Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Տ.Տ. Իէրոնիմոսին, մարզպետուհիին ինչպէս նաեւ պետական, զինուորական ու եկեղեցական ներկայ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի