Կիրակի՝ 25 Մարտ 2018ի առաւօտեան, Նէոս Գոզմոս (Ֆիքս)ի «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Կարպիս Պեքէրէճեան եւ անդամ պրն. Բիէր Պութրոսեան ներկայ եղան Նէա Զմիռնիի յունաց «Այիա Ֆոթինի» մայր եկեղեցին եւ մասնակից դարձան Յունաստանի Անկախութեան «Մարտ 25»ի ազգային տօնի առթիւ կատարուող Գոհաբանական արարողութեան, նախագահութեամբ՝ Նէա Զմիռնիի յունաց մետրոպոլիտ Սիմէոն Եպիսկոպոսին եւ ներկայութեամբ՝ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Սթավրոս Ծուլաքիսի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ-անդամուհիներուն։
Եկեղեցական արարողութիւնէն ետք պրն. քաղաքապետի գլխաւորութեամբ եւ դրօշակակիրներու եւ քաղաքապետարանի նուագախումբի առաջնորդութեամբ՝ պաշտօնական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի քաղաքապետարանի «Էսթիա» հրապարակը: «Անծանօթ Զինուորի» յուշարձանին առջեւ հոգեհանգստեան արարողութիւնէն ետք, յանուն քաղաքի պետական, քաղաքական, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական կառոյցներուն, տեղի ունեցաւ դափնեպսակի զետեղմում, ձեռամբ՝ պրն. քաղաքապետին: Յաջորդեց աշակերտական եւ սկաուտական տողանցք, որուն մասնակից եղան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի մասնաճիւղի սկաուտական խումբերը։
Աւարտին, պատուրակութիւնը յանուն շրջանի հայութեան հոգեւոր եւ ազգային կառոյցներուն, շնորհաւորեց Սիմէոն Սրբազան Հայրը, քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամ-անդամուհիները, իրենց հոգեւոր եւ ազգային տօնին առիթով:
Ծանօթ.- Վերոյիշեալ տօնին առթիւ, Խորհուրդը փոխան դափնեպսակի նուիրատուութիւն կատարեց «Նէա Զմիռնի»ի քաղաքապետարանի «Էթնիքի Սթէղի» բարեսիրական հաստատութեան:
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ «Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ» ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ