Կիրակի՝ 29 Հոկտեմբեր 2017ին, յետ միջօրէի ժամը 4ին, Յունահայոց Թեմի Կրօնական Ժողովը լիակատար իր նիստը գումարեց «Զաւարեան» Կեդրոնին մէջ, նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի։
Ժողովը ծրագրային ընդհանուր աշխատանք մը կատարեց կրօնական ծիրէն ներս քրիստոնէական դաստիարակութեան, եկեղեցիներու դպրաց դասերու վերանայման, համացանցային ձեւով քարոզչական աշխատանքի, հոգեւոր լսարանի եւ այլ յարակից ծրագիրներու վերաբերեալ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վերոյիշեալ աշխատանքներու ծիրէն ներս լսեց հոգեւոր հովիւներու կարծիքներն ու առաջարկները եւ իր մեծ փորձառութեան հիման վրայ կատարեց անհրաժեշտ նշումները։
Ժողովի աւարտին կրօնական դասը որոշեց պատրաստել երկամեայ գործունէութեան ծրագիր մը, ներկայացնելու համար թեմի Երեսփոխանական ժողովին։
ԴԻՒԱՆ ՅՈՒՆԱՀԱՅՈՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ