Մ. ­Քիւր­տօղ­լեան

Եր­կու օ­րեր ա­ռաջ մեր ա­կում­բի բա­կին մէջ բա­րե­կա­մի մը հետ կը զրու­ցէինք աս­կէ-ան­կէ: ­Խօ­սակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թիւ­նը յան­գե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խընտ­րա­կան մթնո­լոր­տին վրայ: Զ­րու­ցա­կիցս խոր մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց կազ­մո­ւող ընտ­րա­կան, այ­լեւ ան­ներ­դաշ­նակ դա­շինք­նե­րուն հա­մար կաս­կա­ծե­լով, թէ ա­նոնք Ազ­գա­ժո­ղով մուտք գոր­ծե­լէ ետք հա­ւա­նա­կան է, որ ի­րար­մէ բաժ­նո­ւին, կո­տո­րա­կո­ւին, ի­րա­րու հա­կա­դիր կե­ցո­ւածք­ներ որ­դեգ­րեն եւ Ազ­գա­ժո­ղո­վը վե­րա­ծեն խար­խա­փում­նե­րու եւ հա­կա­ռա­կու­թեանց բե­մա­հար­թա­կի: Ը­սաւ նաեւ, թէ ար­դեօք պի­տի փնտռո­ւի՞ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան, ո­րուն ան­դամ­նե­րուն «ա­յո»ն­ եւ «ոչ»ը կը ճշդո­ւէին վե­րե­րէն ե­կած հրա­հան­գով եւ օ­րէնք­նե­րը կը քո­ւար­կո­ւէին հե­զա­սահ՝ ա­ռանց ո­րե­ւէ ա­ռար­կու­թեան…: ­Յայտ­նօ­րէն բա­րե­կամս ան­հան­դարտ էր ու երկ­դի­մի մտա­ծում­նե­րու մէջ՝ նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան նկատ­մամբ:
­Փոր­ձե­ցի մեղ­մել բա­րե­կա­միս մտա­հո­գու­թիւ­նը՝ ա­նոր յի­շեց­նե­լով հնա­դա­րեան յոյն փի­լի­սո­փա­նե­րէն ­Հե­րակ­լի­տի հա­կադ­րու­թեանց փի­լի­սո­փա­յա­կան թէ­զը, ըստ ո­րուն, հա­կա­ռակ­նե­րու պայ­քարն է, որ պրկում կը ստեղ­ծէ եւ կեան­քը ա­ռաջ կը տա­նի: Ա­ռանց պրկու­մի տեղ­քայլ է, ճահ­ճա­ցում:
­Հա­կա­ռա­կու­թեանց մէջն է կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը, պայ­մա­նաւ սա­կայն, որ գո­յա­նայ հա­կա­ռակ­նե­րու միու­թիւ­նը: ­Մէջ­բե­րե­ցի օ­րի­նա­կը ա­ղե­ղին, ո­րուն ու­ժը եւ տո­ւած ար­դիւն­քը կը կա­յա­նան շնոր­հիւ այն բա­նին, որ ա­ղե­ղին եր­կու ծայ­րե­րը ի­րա­րու հա­կա­ռակ ու­ժե­րու մէջ պրկո­ւած ըլ­լա­լով՝ ա­նոնց մի­ջեւ կը պրկո­ւի նաեւ լա­րը եւ նե­տը կ’ար­ձա­կէ թի­րա­խին: Որ­քան պրկու­մը ու­ժեղ է, այն­քան նե­տին ըն­թաց­քը ան­շեղ կ­‘ըլ­լայ եւ հա­սո­ղու­թիւ­նը՝ հե­ռու: Ա­ւե­լորդ է ը­սե­լը, որ հա­կա­դիր ծայ­րե­րովն ու լա­րո­վը ա­ղե­ղը մէ’կ­ է, ամ­բող­ջա­կան միու­թի’ւն ­մըն է:
­Նոյն­պէս, Ազ­գա­ժո­ղո­վը մէկ ու ա­մբող­ջա­կան միու­թիւն մըն է, զայն բաղ­կաց­նող տար­րե­րուն հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րո­վը հան­դերձ:
Սկզբ­նա­կան շրջա­նի խար­խա­փում­նե՞ր՝ բնա­կան է որ ու­նե­նան: ­Սա­կայն քիչ անց՝ հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րը պի­տի գտնեն ի­րար­մով պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած ու­ժի պրկու­մը եւ ի­րենց «ար­ձա­կած» օ­րէնք­նե­րը պի­տի ուղ­ղո­ւին ճիշդ թի­րա­խին՝ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­մա­կար­գի ամ­րաց­ման, երկ­րի բար­գա­ւաճ­ման: ­Միայն թէ չա­ճա­պա­րենք: ­Համ­բե­րենք:
«Ի­րա­ւունք ու­նիս»,- ը­սաւ բա­րե­կամս եւ կար­ծես ինք­զին­քին կը խօ­սէր, ա­ւել­ցուց. «ե­րե­խան ալ խար­խա­փում­ներ կ­‘ու­նե­նայ մին­չեւ որ իր հա­ւա­սա­րակշռու­թիւ­նը գտնէ, եր­կու ոտ­քե­րուն վրայ կա­րե­նայ կե­նալ ու քա­լել, ա­ռաջ ըն­թա­նալ: ­Նո­րա­ծին է սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, ու­րեմն՝ այս օ­րե­րուն կազ­մո­ւող ընտ­րա­կան տա­րօ­րի­նակ դա­շինք­ներն ալ ե­րե­խա­յի սկզբնա­կան խար­խա­փում­նե­րուն ա­ռա­ջին փու­լը պի­տի հա­մա­րենք, ո­րուն պի­տի յա­ջոր­դեն նոր խար­խա­փում­ներ…»: Ա­պա, մտա­տան­ջու­թեան պատ­ճառ մը եւս դրսե­ւո­րե­լով, հար­ցում մը պոռթ­կաց. «իսկ մե­նաշ­նորհ­նե՞­րը, հայ­րե­նի­քը ինչ­պէ՞ս պի­տի ձեր­բա­զա­տի ա­նոնց­մէ»:
­Պա­տաս­խանս. «Ա­նոնք ալ շու­կա­յա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց մէջ ա­տեն մը եւս պի­տի պա­հեն ի­րենց տի­րա­կա­լու­թիւ­նը, բայց կաս­կած չկայ, որ շու­տով պի­տի զրկո­ւին պե­տա­կան-կա­ռա­վա­րա­կան ո­րո­շում­նե­րը տնօ­րի­նե­լու ի­րենց այժ­մու մե­նաշ­նոր­հէն: ­Թե­րեւս ար­դէն իսկ զրկուած են հի­մա…»:
Ա­պա, նա­խո­րո­շո­ւած հան­դի­պու­մի մը չու­շա­նա­լու եւ զրոյ­ցին վերջ տա­լու հա­մար շա­րու­նա­կե­ցի. «մի’ երկ­բա­յիր, մտա­տանջ կաս­կած­ներ մի’ ու­նե­նար: Ե­թէ ոչ հի­մա, բայց ո­րոշ ժա­մա­նակ մը վերջ ան­պայ­մա’ն հայ­րե­նի բնակ­չու­թիւ­նը շնոր­հա­կալ պի­տի ըլ­լայ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան, որ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն եւ մին­չեւ նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան հան­րա­քո­ւէն ան­դադ­րում հե­տապն­դեց, հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ու ան­յու­սա­հատ պայ­քա­րե­ցաւ խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գի հաս­տատ­ման հա­մար: ­Նոր սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ու խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գով օժ­տո­ւած մեր հայ­րե­նի­քը յաղ­թա­կան նոր էջ մը կը բա­նայ իր առ­ջեւ ու պատ­մու­թեան մէջ ՝ յու­սա­լից ա­պա­գա­յով…:
Վս­տա­հի’ր ը­սած­նե­րուս եւ ինք­զինքդ կաս­կած­նե­րով մի’ նա­խա­պա­շա­րեր, մի’ տան­ջեր: ­Չե՞ս տես­ներ, նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան ե­րէ­կի մո­լե­ռանդ հա­կա­ռա­կորդ­նե­րը ինչ­պի­սի աշ­խու­ժով այ­սօր գոր­ծի լծո­ւած են, յար­մա­րե­լու հա­մար ա­նոր հրա­հանգ­նե­րուն: Ար­դէն բա­րե­րար նշան­ներ չե՞ն, որ կազ­մո­ւող դա­շինք­նե­րու ճամ­բով, 80է ա­ւե­լի բազ­մաբ­նոյթ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու խայ­տաբ­ղէ­տու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ տե­ղի կու տայ եւ ա­նոր փո­խա­րէն թե­թե­ւօ­րէն, թէեւ պղտոր գոյ­նե­րով, բայց նկա­տե­լի կեր­պով կ’ու­րուագ­ծո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան դաշ­տի հե­տա­գայ հա­մա­պատ­կե­րը: Եր­կար սպա­սե­լու պէտք պի­տի չըլ­լայ, որ­պէսզի պղտո­րու­թիւ­նը չքա­նայ ու պատ­կե­րը յստա­կա­նայ: ­Լա­ւա­տես ըլ­լանք…»:

Ա­թէնք, 10 ­Փետր. 2017