Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նը կը հա­ղոր­դէ, թէ Պ­սա­կա­ձեւ ժահ­րի վա­րակ­ման դէմ նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու կար­գին, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, դի­մում կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ատ­տի­կէի մարզ­պետ պրն. Եոր­ղոս ­Փա­թու­լի­սին, հա­կա­նե­խե­լու հա­մար Ատ­տի­կէի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, վար­ժա­րան­նե­րը եւ ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րը։
Ատ­տի­կէի մարզ­պե­տը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ըն­դա­ռա­ջե­լով կա­տա­րո­ւած դի­մու­մին, տրա­մադրեց հա­կա­նե­խու­մի մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնք ան­ցեալ շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին հա­կա­նե­խե­ցին հե­տե­ւեալ վայ­րե­րը.- Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղե­ցին եւ սրա­հը, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղե­ցին եւ սրա­հը, ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղե­ցին եւ սրա­հը, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի գրա­սե­նեակ­նե­րը, ­Գա­րէա­յի ազ­գա­պատ­կան սրա­հը, Հ.Կ.­Խա­չի «­Յա­կո­բեան», «­Զա­ւա­րեան» եւ «­Ճէ­նա­զեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րը եւ ման­կա­պար­տէզ­նե­րը, Ա­զատ Օ­րի եւ Հ.Կ.Խ.ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան գրա­սե­նեակ­նե­րը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան գրա­սե­նեա­կը, «Ա. ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բը, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նը եւ գոց մար­զա­դաշ­տը։
­Հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ կը նշո­ւի նաեւ, որ ըստ պե­տա­կան օ­րէն­քին, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ծե­րա­նո­ցի հա­կա­նե­խու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ վար­ձա­կա­լին կող­մէ։