Տարի մը եւս անցաւ, իր հետ տանելով յունահայութեան համար դժուար եւ կնճռոտ տասնամեակ մը։
Անցնող տասնամեակը, թէեւ հայութեան եւ Հայաստանին համար նշանակալից հանգրուան մը եղաւ իր պատմական, քաղաքական եւ ընկերային շրջադարձերով, որոնք իրենց դրոշմը ձգեցին հայութեան ընկալումներուն վրայ, այսուհանդերձ, յունահայ գաղութը դառն կերպով ճաշակեց Յունաստանի տնտեսական ճգնաժամի իրականութիւնը, որ խոցեց երկրի բնակիչները եւ անկէ անմասն չմնաց յունահայութիւնը, թէ՛ որպէս անհատ քաղաքացի, թէ՛ որպէս կազմակերպ հաւաքականութիւն։
Անոր դիմաց, կարելի չէ չմատնանշել, թէ ճգնաժամի ամէնէն տագնապալից օրերուն, գաղութի հայութիւնը մեծ ջանքեր թափեց մնալու համար միահամուռ եւ զօրավիգ կանգնելու համար հայրենիքի ու տեղական կարիքներուն, որոնք յատկանշուեցան հայկական վարժարաններու պետական պիւտճէի արմատական նուազումը դիմագրաւելու համար գաղութային հանգանակութիւններով, Արցախի քառօրեայ պատերազմէն ետք հայրենի բանակի կարիքներուն համար ժողովրդային գործնական լայն աջակցութեամբ, ազգային կառոյցներու դիմագրաւած տնտեսական տագնապին առաջքը առնելու համար կատարուած յոգնատանջ զոհողութիւններով, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ 100ամեակներու փառաւոր նշումներուն ժողովրդային աննախընթաց մասնակցութեամբ ու դեռ աւելին։
Տարին անցաւ իր հետ տանելով տասնամեակն ալ։
Վաղը, կը թեւակոխենք նոր տարի մը եւ նոր տասնամեակ մը։
Բնականաբար, կարելի չէ կանխատեսել պատմական, քաղաքական եւ ընկերային իրադարձութիւնները, որոնք պիտի պատահին յաջորդ տարիներուն։
Սակայն, գէթ յունահայ գաղութի վերակազմակերպման եւ հզօրացման համար, կարելի չէ ձեռնածալ մնալ եւ ձգել, որ կացութիւններն ու եղելութիւնները մեզ առաջնորդեն աննպատակ ուղիներու ընդմէջէն։
Թերթիս սիւնակներէն եւ պատասխանատու մարմիններուն կողմէ քանիցս կրկնուած մարտահրաւէրներու դիմագրաւումը կարելի չէ պատահականութեան թողուլ։
Աւելի քան յստակ են մեր առջեւ ցցուած ընդհանրական հարցերն ու դժուարութիւնները։
Յաճախ ըսուած ու գրուած է, որ յունահայութիւնը կարողացաւ հասնիլ իր գոյութեան 100ամեայ սեմին՝ շնորհիւ իր ամէնօրեայ վարժարաններուն, շնորհիւ իր ամէնօրեայ մամուլին, շնորհիւ ամէն օր մեղուափեթակի նման գործող ակումբներուն, իր հոգեւոր կանգուն հաստատութիւններուն, ամէնօրեայ միութենական տքնաջան աշխատանքին, հայախօսութիւնը տուներէն ներս ապրում դարձնելու համար «յոգնեցուցիչ» յորդորներուն, նուիրեալներու փաղանգին եւ վերջապէս՝ մեր գաղութին աւիշ ու աւիւն սրսկող նոր սերունդին։
Այս բոլորը կը նշենք, ո՛չ թէ գեղեցկացնելու համար համայնքային պատկերը։
Կը նշենք, որովհետեւ մեր գաղութի հիմնական ստորոգելիները, բաղադրիչ մասնիկները կարիքը ունին վերանորոգման, վերաթարմացման։
Յունահայութիւնը կարիքը ունի նոր տեսլականի մը, որուն նուաճումը եւ ամբողջացումը կը պահանջէ ուժերու վերանորոգ լարում, կը պահանջէ հայութեան խաւերու կեդրոնացում, կը պահանջէ՝ գէթ համազգային իտեալներուն եւ խնդիրներուն հանդէպ միասնականութեան ոգիի դրսեւորում, բաժանարար գիծերու վերացում, շրջահայեացութիւն եւ լայնամտութիւն։
Անգամ մը եւս պիտի շեշտենք, թէ յունահայ գաղութը իր ամբողջութեամբ, Աթէնքի մայր համայնքէն մինչեւ հիւսիսային եւ հարաւային մեր կազմակերպ հաւաքականութիւնները, պէտք է վերագտնէ հաւաքական մտածութիւն մշակելու իր անցեալի կարողութիւնը եւ ուժանականութիւնը։
Հաւաքական մտածողութիւն՝ Հայաստանն ու Արցախը մշտական վառ ապրում դարձնելու համար։
Հաւաքական մտածողութիւն՝ ազգային եւ համահայկական գերխնդիրներուն հանդէպ։
Հաւաքական մտածողութիւն՝ մեր մայրենի լեզուի ուսուցման եւ պահպանման համար, հայու սեփական ու կրթական օճախներէն ներս։
Հաւաքական մտածողութիւն՝ հայ նոր սերունդը ի մի հաւաքելու, կրթելու, դաստիարակելու եւ զարգացնելու համար։
Վերջապէս, հաւաքական մտածողութիւն՝ համայնքային գործելաոճը բաբելոնեան աշտարակի մը վերածուելու վտանգէն փրկելու համար։
Ահա, այս մարտահրաւէրներուն ընդմէջէն, կը դիմաւորենք 2020 թուականը, մեր աչքին առջեւ ունենալով նշանակալից պատմական հանգրուաններու շարք մը։
-Ազգովին պիտի նշենք Հայոց ցեղասպանութեան 105ամեակը, որ մեր գաղութը պէտք է գտնէ պատրաստ՝ անցեալի միասնականութեան ոգին վերականգնած տեսնելու սպասումով։
-Ազգովին պիտի նշենք Սեւրի Դաշնագիրի 100ամեակը, որ այլեւս Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի ամբողջացումէն ետք, հայ ժողովուրդի արդար հատուցման եւ բռնագրաւուած հողերու ու ժառանգութեան վերադարձի ազդանշանը պիտի հանդիսանայ։
-Հպարտութեամբ կը բոլորենք յունահայ գաղութի օրաթերթին՝ «Ազատ Օր»ի 75 երկար տարիներու ուղին, որ իր անխափան հրատարակութեամբ դարձաւ յունահայութեան ողնաշարը եւ կը շարունակէ կանգուն պահել իրերայաջորդ սերունդները։
-Վերջապէս, ազգովին պիտի պանծացնենք Հ.Յ.Դաշնակցութեան 130ամեայ երթը ու ծառայութիւնը, հայ ազատագրական պայքարի հերոսական օրերէն մինչեւ հայոց պետականութեան վերականգնումը, նաե՛ւ սփիւռքացած հայու՝ հայրենիքի տեսլականով ապրելու եւ սնանելու մեր կազմակերպութեան համազգային դերակատարութիւնը ու այսօր՝ հայրենի հողին վրայ հայ ժողովուրդին բարօրութեան եւ անվտանգութեան տեսլականներու իրագործումը։
Նոր տարի, նոր մարտահրաւէրներ, նորանոր նուաճումներու հորիզոններ։
Պիտի մնանք պատրաստ ու զգօն, պիտի մնանք կառչած՝ մեր համազգային իտեալներու իրականացման վսեմ առաջադրանքներուն։
Շնորհաւոր ըլլայ հայու Նոր Տարին։