Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն

Ին՞չ դեր կա­տա­րած է ­Կայ­սե­րա­կան Գեր­մա­նիան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մէջ

1
1893

­Պեր­լի­նի ­Հեն­րիխ ­Պէո­լի ա­նո­ւան հիմ­նադ­րա­մի կեդ­րո­նէն ներս կա­յա­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մէջ ­Կայ­սե­րա­կան ­Գեր­մա­նիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թեան նո­ւի­րո­ւած գի­տա­կան յօ­դո­ւած­նե­րու հա­ւա­քա­ծո­ւի շնոր­հան­դէ­սը,- կը հա­ղոր­դէ News.am՝ վկա­յա­կո­չե­լով DWը:
Այս նիւ­թը ար­դիա­կան դար­ձած է, երբ ­Պուն­տես­թա­կը մէկ տա­րի ա­ռաջ ըն­դու­նեց բա­նա­ձեւ, ո­րով ա­ռա­ջին ան­գամ ու պե­տա­կան մա­կար­դա­կի վրայ ­Գեր­մա­նիա ճանչ­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Այդ բա­նա­ձե­ւը հա­ճե­լի չէր ­Թուր­քիոյ ու դար­ձած է գեր­մա­նա­կան-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կտրուկ սա­ռեց­ման պատ­ճառ­նե­րէն մէ­կը:

Ի՞նչ գի­տէին ­Պեր­լի­նի մէջ 1915ին

­Կը պար­զո­ւի, թէ ­Պեր­լի­նի մէջ 1915ին շատ բան գի­տէին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ հա­յե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րու ու աք­սո­րի մա­սին: ­Պատ­մա­բան Ք­րիս­թին Պ­շիխոլ­ցը ­Գեր­մա­նիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ար­խի­ւին մէջ գտած է ա­պա­ցոյց, որ կայ­սե­րա­կան ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ոչ միայն հո­յա­կապ տե­ղե­կա­ցո­ւած էր այդ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու մա­սին, այ­լեւ՝ կը հասկնար, որ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թե­նէն հա­յե­րու աք­սո­րի ռազ­մա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին Ե­րիտ­թուր­քե­րու վստա­հե­ցում­նե­րը ան­հիմն էին:
­Գեր­մա­նիան,- կը պատ­մէ Պ­շիխ­հոլց,- Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ ու­նէր հիւ­պա­տո­սա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մեծ ցանց, ո­րու աշ­խա­տա­կից­նե­րը ­Պեր­լի­նին կը զե­կու­ցէին հա­յե­րու դրու­թեան մա­սին: Ի դէպ՝ ոչ միայն Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն, այ­լեւ՝ ատ­կէ ա­ռաջ: Այն­պէս որ ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը գի­տէր, թէ ի՛նչ բարդ դրու­թեան մէջ էր հայ բնակ­չու­թիւ­նը ու որ­քան պայ­թիւ­նավ­տանգ էր ի­րա­վի­ճա­կը:
­Հա­ւա­քա­ծո­ւի շնոր­հան­դէ­սի ժա­մա­նակ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տա­զօ­տու­թեան գեր­մա­նա­կան կեդ­րո­նի ղե­կա­վար ­Ռոլֆ ­Հոս­ֆելդ մէջ­բե­րած էր զե­կոյց մը, զոր 1915ի ­Յու­լիս 7ին Կ.­Պո­լի­սէն ­Պեր­լին ու­ղար­կած էր ­Գեր­մա­նիոյ դես­պա­նը:
­Դի­ւա­նա­գէ­տը կը գրէր, որ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու նպա­տակն է հայ ցե­ղի ոչն­չա­ցու­մը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ: ­Նոյ­նա­տիպ գնա­հա­տա­կան­ներ կա­նո­նա­ւոր տրո­ւած են նաեւ հե­տա­գայ զե­կոյց­նե­րու մէջ:
­Գեր­մա­նա­ցի դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը, ա­նոր խօս­քով, բա­ւա­կան ճշգրիտ նկա­րագ­րած են այն, ինչ հե­տա­գա­յին կո­չո­ւե­ցաւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն: ­Նոյ­նիսկ ռազ­մա­տենչ ­Գեր­մա­նիոյ մէջ, ­Հոս­ֆել­դի խօս­քով, չէին հա­մա­րեր, որ այդ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը ռազ­մա­կան ի­մաստ ու­նին:

­Պեր­լի­նը ան­գործ չէ մնա­ցած

­Վե­րոն­շեալ բա­նա­ձե­ւին մէջ գեր­մա­նա­ցի խորհրդա­րա­նա­կան­նե­րը ոչ միայն 1915-1916 թո­ւա­կան­նե­րը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րած­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կո­չած են, այ­լեւ՝ նշած ա­տոր հա­մար ­Գեր­մա­նիոյ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, որ այն ժա­մա­նակ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան դաշ­նա­կիցն էր:
­Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը հա­մա­րած են, որ ­Պեր­լին ո­չինչ ձեռ­նար­կած է, հա­յե­րու աք­սորն ու սպա­նու­թիւն­նե­րը դադ­րեց­նե­լու հա­մար: ­Սա­կայն պատ­մա­բան­նե­րը պար­զած են, որ ա­տի­կա այդ­պէս չէ: ­Կամ ալ այդ­քան ալ այդ­պէս չէ:
Ք­րիս­թին Պ­շիխ­խոլց կ­՛ըն­դու­նի, որ ­Պեր­լին այդ ժա­մա­նակ կը հա­մա­րէր, թէ ­Գեր­մա­նիան ու Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը հա­մա­տեղ կը պայ­քա­րին ­Դաշ­նա­կից Ու­ժե­րու դէմ ու ա­տոր հա­մար ալ աշ­խոյժ չէր հա­կազ­դեր հա­յե­րու նկատ­մամբ բռնու­թիւն­նե­րուն: ­Բայ­ցե­ւայն­պէս, գեր­մա­նա­ցի դի­ւա­նա­գէտ­ներն ու զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րը ո­րոշ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կած էին:
Օ­րի­նակ՝ սպա­նե­րէն քա­նի մը հո­գի կրցած էին խո­չըն­դո­տել խումբ մը հա­յե­րու աք­սո­րը, իսկ ո­րոշ զի­նո­ւոր­ներ ա­նոնց օգ­նած են, գու­մար փո­խան­ցած, որ փախ­չին:
Ե­ղած են նաեւ սպա­նու­թիւն­նե­րը կան­խե­լու դի­ւա­նա­գի­տա­կան փոր­ձեր,- կը պատ­մէ ան,- գեր­մա­նա­ցի դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը ի­րենց վրդով­մուն­քը յայտ­նած են ի­րենց ազ­դա­րա­րող նա­մակ­նե­րով, բայց ա­պար­դիւն:
­Հա­յե­րու հե­տապն­դում­նե­րուն դէմ ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ու դես­պա­նա­տան բազ­մա­թիւ բո­ղոք­նե­րուն միայն մէկ պա­տաս­խան ստա­ցած են: 1915ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին,- կը պատ­մէ ­Ռոլֆ ­Հոս­ֆել­դը,- Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ­Գեր­մա­նիոյ պաշ­տօ­նա­պէս յայտ­նած էր իր ներ­քին գոր­ծե­րուն մի­ջամ­տե­լու ան­թոյ­լատ­րե­լիու­թեան մա­սին: «­Մի կար­ծէք, թէ 1915ին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը գեր­մա­նա­կան կի­սա­գա­ղու­թի պէս բան մը էր»,- կ­՛ը­սէ ­Հոս­ֆելդ:

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն ու Հո­լո­քոս­թը

Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ետք, ­Գեր­մա­նիոյ մէջ սկսան մոռ­նալ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, բայց յե­տոյ ա­տոր մա­սին յի­շե­ցին ուժ հա­ւա­քած «ազ­գա­յին ըն­կեր­վա­րա­կան»նե­րը (­Հիթ­լէ­րի կու­սակ­ցու­թիւ­նը — «Ա.Օ.»): Ի­րենց թեր­թե­րու ու ամ­սա­գիր­նե­րու է­ջե­րուն ա­նոնք սկսան ոչ թէ հեր­քել ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը, այլ զայն ներ­կա­յաց­նել որ­պէս ազ­գաբ­նակ­չու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից քա­ղա­քա­կա­նու­թեան թոյ­լատ­րե­լի մե­թոդ: Այս նիւ­թով յօ­դո­ւած մը գտած են նա­ցիա­կան ամ­սագ­րին մէջ, որ թո­ղար­կո­ւած էր դեռ 1923էն ալ ա­ռաջ:
«­Հիթ­լե­րի պատ­կե­րա­ցու­մով` ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գա­ղա­փա­րա­կիր Էն­վեր փա­շան մէկն էր, որ մաք­րած էր ազ­գը,- կը բա­ցատ­րէ ­Հոս­ֆել­դը,- Էթ­նիկ զտման ու ա­տոր բնո­րոշ բռնու­թիւն­նե­րու այդ գա­ղա­փա­րը սկիզ­բէն ե­ղած է «ազ­գա­յին-ըն­կեր­վա­րա­կան»նե­րու գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան մէկ մա­սը»: Ըստ պատ­մա­բա­նին` հա­յե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին ոչն­չա­ցու­մը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ ­Հիթ­լե­րը դրդած էր այն մտքին, որ նման մե­թո­դը կի­րա­ռե­լի է նաեւ ­Գեր­մա­նիոյ մէջ` հրեա­նե­րու նկատ­մամբ:

«Եռագոյն»